Ազգային երեք կուսակցութիւններու յայտարարութիւն

Ազգային երեք կուսակցութիւններու յայտարարութիւն

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024-ի երեկոյեան, ՌԱԿ-ի Ալթատինայի գրասենեակին մէջ, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները ունեցան շուրջ երկժամեայ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Արցախահայութեան տարագիր իրավիճակը եւ մեր տեղական ազգային կեանքը յուզող հարցեր: Իւրաքանչիւր կուսակցութեան պատուիրակութիւն կը գլխաուորուէր իր ատենապետով կամ ներկայացուցիչով, ՍԴՀԿ-էն Վազգէն Խոտանեան, ՀՅԴ-էն՝ Աւետիս Քէշիշեան, ՌԱԿ-էն՝ Թամար Փոլատեան-Փերոն:

Արցախի դիմագրաւած յետ-44 օրեայ պատերազմի և անոր յաջորդած Սեպտեմբեր 2023-ի հայաթափման արդած իրավիճակը, ու զանոնք դիմագրաւելու քաղաքական, ընկերային, ու մարդասիրական աշխատանքներու հրամայականութիւնը անգամ մը եւս շեշտադրուեցաւ: Համադրուած ուժերով Արցախահայութեան ազգային իրաւունքներու վերատիրացումին սատարելը: Շեշտը դրուեցաւ մեր ազգային դատը առանց ընկրկումի հետապնդելու, ինչպէս նաեւ մեր պետականութիւնն ու անկախութիւնը առաւելագոյն ուժերու լարումով և նպատակասլաց աշխատանքով շարունակելուն վրայ։ Ցեղասպան Թուրքիոյ և անոր գործընկեր Ազրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութիւնը կը մնայ առկայ նաե՛ւ այսօր: Պարտինք Արցախայութեան ի նպաստ մեր անմիջական զօրակցութիւնը յայտնել՝ ճգնաժամը բարձրացնելով տեղական, նահանգային եւ դաշնակացային մակարդակներու վրայ: Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ նախորդ տարիներուն հաստատուած աւանդութեամբ ու միացեալ ճիգերով նոր թափ տալ գաղութային կառոյցներու (AGC, UACLA), կազմակերպելու 2024 թուականի ապրիլեան ոգեկոչումները: Կը նախատեսուին նաեւ երեք կուսակցութեանց համատեղ ճիգերով ազգային այլ օրակարգեր տանիլ առաջ:

Հայ ազգն ու հայրենիքը գոյութենական պայքարի մէջ են: Բոլորի՛ս ճիտին պարտքն է միասնական շարքերով ծառայել հայրենիքին ու հայութեան: Արդ, մեր կոչն է բոլորիդ համախմբուիլ մեր ազգային ու միութենական կառոյցներուն շուրջ, գերադասել ազգայինն ու մեր իրաւունքները, և բերել ձեր մասնակցութիւնը ազգի անվտանգութեան և բարօրութեան օգտին:

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Share