Հրաշագործ մանուկին նորագոյն առաքելութիւնը

Հրաշագործ մանուկին նորագոյն առաքելութիւնը

Ս. Մահսէրէճեան

4 Յունուար 2023

Երկնքի թագաւորութեան դիւանատունէն ամանորի օրերուն «սպրդում» մը տեղի ունեցած է (թէեւ Սնոտըն, Ասանժ եւ նմաններ տակաւին երկրի վրայ են): Ըստ գերգաղտնի տեղեկագիրի մը, ամենաբարին Աստուած մտերմիկ զրոյց մը ունեցած է իր Միածինին հետ, խօսած են աշխարհի այս կամ այն շրջանը պատուհասող պատերազմներուն եւ բնական աղէտներուն մասին, ցաւած են մարդկութեան տառապանքներուն, անհարկի զոհերուն եւ բնական ու մարդակերտ պատուհասները շահագործողներուն մասին: Տեղեկագիրին բազմաթիւ բաժինները զանց կ’ենենք, որպէսզի այս սիւնակը չերկարի, հատորիկի մը չվերածուի, ու կը բաւականանանք մեզ՝ հայերս շահագրգռող էջերով, որոնց ամփոփումը հետեւեալն է (նման բացայայտում ընողս վստահաբար արժանի է աշխարհի մէջ 250 տարի բերդարգելութեան վճիռի, սակայն այդ պատիժը ամբողջացնելէ առաջ իսկ, կրնայ նետուիլ դժոխք խորոված դառնայ):

            Երկնաւոր Հայրը նկատած է, որ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգը կը պատրաստուի տօնելու հայկական Ս. Ծնունդը, քովը կանչած է Որդին եւ ըսած. «Տղա՛ս, իմ պատուիրաններուս մի՛շտ հաւատարմութիւն յայտնած այս Փոքր Ածուն վերջին տարիներուն դարձեալ ահաւոր տառապանքներու ենթակայ կը մնայ: Կը մտածեմ քեզ դարձեալ մարմնաւորել եւ Հայաստան ղրկել, որպէսզի ձեւ մը գտնես անոնց տառապանքները մեղմացնելու եւ երկիրն ու ժողովուրդը փրկելու: Նկատած եմ, որ հայերուն մէջ մեծցած է կոյրերու եւ խուլերու թիւը, եւ սա իրենց հասած պատուհասներուն դէմ կանխամիջոցներու որդեգրումը արգելակող կարեւոր պատճառ է: Ուրեմն, առաջին գործդ ըլլայ բանալ այդ խուլ ու կոյր զանգուածին աչքերն ու ականջները, որպէսզի վերստին սորվին իրենք իրենց օգնելու եւ բարեկամներու հետ դրական գործակցութիւնը վերականգնելու ձեւերը»:

            Յիսուս տխուր-տխուր նայած է Հօրը աչքերուն, գլուխը շարժած է յուսահատական եւ պատասխանած է, թէ Ան զինք անկարելի առաքելութեան մը կը մղէ (գործածեր է օտարերէն՝ Mission impossible եզրոյթը): Բարի ժպիտով մը՝ Հայրը բացատրած է, թէ Իր ձեռակերտներուն կատարելագոյնին՝ մարդուն համա՛ր իսկ անկարելի բան չկայ, ալ ո՜ւր մնած՝ Միածինին համար, որ 2023 տարի առաջ աշխարհ մտած էր եւ 33 տարիներու կարճ ժամանակի մէջ, յաջողութեամբ լինելութեան հասցուցած՝ իր առաքելութիւնը, ուրախութիւն ապրած էր մարդոց հետ, տառապած էր մարդոց համար, վարդապետած էր եւ սորվեցուցած՝ չարը բարիէն, վատը լաւէն, ճիշդը սխալէն զանազանելու ձեւերը, ի վերջոյ խաչը ելած էր մեղապարտներու մեղքերուն քաւութեան համար: Այդ օրերուն, կեանքը շատ աւելի դժուար էր, մինչդեռ հիմա, արդի արհեստագիտութիւնը կրնայ մեծապէս դիւրացնել փրկութեան գործը: Ան կրկնած է, թէ ամէնէն կարեւորը՝ կոյրերն ու խուլերը բժշկելն է, անկէ ետք, մարդիկ ունակութիւնը կը վերագտնեն ճիշդն ու սխալը, սուտն ու իրաւը իրարմէ զանազանելու եւ բռնելու փրկութեան՝ դէպի յարութիւն տանող ճամբան:

            Միածինը դարձեալ տարակուսանքով նայած է Հօրը աչքերուն եւ տուած է որոշ լուսաբանութիւններ ու առարկութիւններ, որոնք պահ մը շփոթի մատնած են նոյնինքն Անսասանելին: Յիսուս նախ բացատրած է, որ հայ գրող մը մօտաւորապէս 80 տարի առաջ զԻնք երկիր հրաւիրած էր եւ Իր ապրած փորձառութիւններուն մասին գրած էր թատերական գործ մը, նիւթ ունենալով Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, արձանագրած էր, որ մարդկութեան նկարագիրն ու հաւատքը այնքա՜ն մը այլափոխուած էին, որ մարդիկ չէին հաւատացած իրենց տեսածին, մինչեւ իսկ ծաղրանքի առարկայ դարձուցած էին զինք: Աստուած յիշեցուցած է, որ երկիր Իր առաջին այցելութեան ալ նման բաներ պատահած էին, սակայն Ան չէր վհատած եւ մահը գրկելու գնով ջանացած էր մարդը փրկել:

            Յիսուսի տարակուսանքը չէ փարատած են մօտաւորապէս հետեւեալը ըսած է Հօր. «Հա՛յր իմ, դուն՝ որ ամենակարող ես, ամենիմաց եւ ամենատեղ, եկո՛ւր, այս անգամ իսկապէս ինձմէ հեռացուր այս դառն բաժակը: Կը յանձնարարես, որ երթամ եւ մարդոց աչքերը բանամ, խուլերուն լսողութիւն պարգեւեմ, սակայն կարծես թէ կ’անտեսես կարեւոր իրականութիւն մը: Հայերու մէջ հիմա կոյրեր ու խուլեր չկան, այլ կան կամաւորապէս, գիտակցաբար թէ անգիտութեամբ խուլ-կոյր խաղացողներ: Գիտեմ, որ համակարգիչիդ մէջ արձանագրած ես ու պահ դրած՝ բոլոր այն չարիքները, որոնք հասան եւ կը շարունակեն հասնիլ հայերուն, յատկապէս անոնց գլխաւոր թշնամիին՝ Թուրքին կողմէ, որ իր շատ մը չարիքները կը կատարէ ազերիներուն ձեռքով, երբեմն ալ կը դիմէ ճանչցուած ու դատապարտուած ահաբեկիչներու: Հայաստանի բարեկամութիւն խաղացող երկիրներ եւ ուժեր կը տեսնեն այս բոլորը, սակայն խօսքի ծովեր կը հոսեցնեն հայերու յոյսերու աւազանին: Կան բազմաթիւ հայեր, որոնք  գիտեն այս բոլորը, կը տեսնեն՝ որ բարի նպատակներով եւ խոստումներով իշխանութեան հասած խումբը կ’ընէ իր յաւակնութիւններուն եւ խոստումներուն ճիշդ հակառակը, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ տգիտութեամբ դարձած է գլխաւոր թշնամիին գործակատարը: Սուտերով եւ պատրանքներով գերի բռնած է ո՛չ միայն Հայաստանի հայութեան մէկ մասը, այլ նաեւ գերութեան ուռկանը նետած է սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր ջուրերուն մէջ, առատօրէն կը հնձէ յուշակորոյսները: Դառն իրականութիւնները տեսնողները՝ ընդդիմադիրներ, պատմագէտներ, քաղաքականութենէ եւ աշխարհի լեզուէն քիչ թէ շատ հասկցողներ ահաւասիկ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բազմապատկած են ահազանգերուն տեսիպէլները, սակայն իշխանութեան կոյր հետեւորդները նոյնքան ալ կը լողան խլութեան ծովերուն մէջ: Ինչպէ՞ս կարելի է բուժել բաց աչքով ու ականջով կոյրերն ու խուլերը: Ահա հո՛ս է որ առաքելութիւնս կը դառնայ անկարելի:

«Մարդիկ կրկին ու կրկին կ’ահազանգեն, որ թուրքն ու ազերին վերստին ճամբայ հանած են հայն ու Հայաստանը բնաջնջելու ծրագիրը, սակայն իշխանութեան կողքին խմբուածներ չեն ուզեր տեսնել այս իրականութիւնը, աչք-ականջ փակած են ո՛չ միայն ահաւոր վտանգին մասին ամէն օր խօսողներուն դիմաց, այլ մինչեւ իսկ՝ թուրք եւ ազերի իշխանաւորներու բացայայտ սպառնալիքներուն, չեն ուզեր տեսնել այդ սպառնալիքներուն քայլ առ քայլ իրականացումը: Թշնամիները զէնքով խլեցին Արցախի մէկ մասը, հայ իշխանաւորներու բանաւոր խոստումներով տիրացան աւելի լայն տարածքներու, ոգի ի բռին կ’աշխատին անհետացնել հայութեան հետքերը: Առաջին այդ «հերոսութենէն» ետք, նաեւ քանի մը ամիս առաջ, դարձեալ հայ իշխանաւորներէ ստացած խոստումներով՝ ձեռք բերին Արցախը Հայաստանին կապող նրբանցքը: Կոյրերն ու խուլերը մնացին անդարմանելի, տարուելով իշխանաւորներու «այլընտրանքային ուղիներ» որոնելու բայց չմարմնաւորուող խոստումներով: Անկէ առաջ եւ անկէ ետք, նոյնինքն Հայաստանէն տարածքներու գրաւումն իսկ չբացաւ աչքերն ու ականջները, ու մարդիկը կը կրկնեն թէ ժողովուրդին մեծ մասին քուէով ընտրուած իշխանութիւնը ճիշդ կ’ընէ, իրենք իրենց հարց չեն տար, թէ արդեօք Արցախի ինքնիշխանութիւնը ամրագրել, խաղաղութեան դարաշրջանի բացումը խոստացող իշխանութիւնը դեռ որքա՞ն պէտք է ստէ, լարախաղացութիւններ ընէ, արդեօք ամբողջ Հայաստա՞նն ալ նուէր տայ թշնամիին, որպէսզի ըսեն՝ ա՛լ կը բաւէ, որոշեն՝ որ պիտի պատռեն ստախօսներուն եւ զիջումներու մրցանիշ հատատողներուն դիմակները, զանոնք պիտի հեռացնեն շոգեկառքը խորխորատէ խորխորատ եւ մի՛շտ նոր կործանումներու տանող ղեկէն: Զո՞րն ասեմ, զո՞րն յիշեմ… Դուն այս բոլորը ինձմէ աւելի՛ լաւ գիտես: Ես ինչպէ՞ս կրնամ բուժել մարդիկ, որոնք բաց աչքերով եւ բաց ականջներով կը յամառին կոյր ու խուլ մնալ: Ես իսկական կոյրեր եւ խուլեր բուժեցի, ամէնէն անսաելի ոճրագործ-աւազակներուն համար ըսի՝ Հայր, ներէ, զի չեն գիտեր ի՞նչ կը խօսին-կ’ընեն, սակայն գիտութեան ամէնէն արդի միջոցներն անգամ զիս անկարող պիտի թողուն միտքով կոյր եւ խուլ մնալ վճռածներու դիմաց: Դուն իսկ վստահաբար պիտի չուզես ներել հայրենիքը անէացումի տանողներուն»:

Անսպառ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն մարմնաւորող Երկնաւոր Հայրը դարձեալ բարի ժպիտով մը նայած է Որդւոյն աչքերուն եւ բացատրած. «Լսէ՛, որդի՛ս, շատ լաւ կը հասկնամ Քեզ անյուսութեան տանող պատճառները, ահաւոր իրականութիւնները: Կը հասկնամ, թէ Դուն ալ ինծի չափ կը տառապիս հայերու այն վիճակին պատճառով, որ կամաւոր ինքակորուստի կը տանի զիրենք: Սակայն մի՛ մոռնար, որ իրենց գլխաւոր ապաւէնը Մենք ենք: Մարդոց աչքերն ու ականջները բանալու կողքին, առաքելութեանդ մաս պիտի կազմէ վերաբանալ հայերուն նա՛եւ յիշողութեան՝ ազգային յիշողութեան ու արժանապատիւ իրագործումներ կատարած ըլլալու յուշամատեանը, փոշին սրբել այդ մատեանի էջերէն եւ ցոյց տալ, որ Ես ու Դուն իրենց կ’օգնենք միայն այն ատեն, երբ իրենք սկսին օգնելու իրենք իրենց, յետոյ միայն ապաւինելու բարեկամին ու դաշնակիցին, շարժելու այսօրուան աշխարհին եւ մանաւանդ Հայաստանը պաշարող երկրամասին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներոըւն կշռոյթին համաձայն: Գիտեմ, թէ ի՛նչ ըսել կ’ուզես «անկարելի առաքելութիւն», «այս բաժակը հեռացուր» ըսելով: Հայաստան աշխարհ երթալով՝ դուն ամէն բանէ առաջ քու գործնական օրինակովդ ցոյց պիտի տաս, թէ անկարելի բան չկայ, երբ աչքերն ու ականջները, միտքերն ու կարողականութիւնները բանին հայավարի՛ կշռոյթով»:

Զրոյցը այսպիսի ելեւէջերով շարունակուած է որոշ ատեն մը եւս, ի վերջոյ, Որդին յանձն առած է անգամ մը եւս մանկանալ (ինչպէս կ’ընէ ամէն տարի՝ քանի մը անգամ, տարբեր յարանուանութիւններու հաշւոյն), եւ 6 Յունուար 2023-ին ծնիլ Հայաստան Աշխարհին մէջ, հայութեան ներշնչելու Փոքր Ածուն վերստին ոտքը կանգնեցնելու, ուռճացնելու յոյսն ու կամքը:

Եւ այս գիտակցութեամբ է որ վաղը մեր աչքերը պիտի սեւեռենք Արցախին, Արարատին եւ պատմական Հայաստանի ամբողջ տարածքին:

Share