Յարութ Սասունեան
www.TheCaliforniaCourier.com
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 6 նոյեմբերին ելոյթ ունեցաւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համաշխարհային հայկական խորհրդաժողովին։
2024 թուականին նմանօրինակ ժողովի մը ընթացքին ունեցած իր ելոյթով Փաշինեան վիրաւորեց բոլորը՝ յայտարարելով, թէ իր եւ իր լսարանին առջեւ ծառացած «ամէնէն մեծ խնդիրը» հայրենասիրութիւնն է։ Ան նաեւ հանդէս եկաւ այն անհեթեթ պնդումով, որ՝ հայ ժողովուրդին մէջ հայրենասիրութիւնը սերմանած են օտար ուժերը։ Աւելի՛ն. ան յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը խորհրդային քարոզչութեան գործիք եղած է։ Բացի ատկէ, Փաշինեան նախատեց սփիւռքահայ լսարանը՝ քննադատելով եւ մերժելով Հայաստան ղրկուած անոնց մարդասիրական օգնութիւնը։
Այս տարուան խորհրդաժողովին Փաշինեան դարձեալ ի զուր վատնեց ժամանակը թէ՛ իր, թէ՛ հարիւրաւոր հայրենասէր սփիւռքահայերու, որոնք ձգած էին իրենց տունն ու աշխատանքը եւ հազարաւոր տոլարներ ծախսած օդանաւային տոմսերու, պանդոկներու եւ ուտելիքի վրայ՝ հայրենիք այցելելու համար։
Փաշինեան ոչ մէկ նոր բան ըսաւ, այլ կրկնեց «Իրական Հայաստան»-ի մասին իր քարոզչութիւնը, որ իսկութեան մէջ իր «կեղծ Հայաստանն» է։
Փաշինեանի մեծագոյն սխալը այն էր, որ ան 27 վայրկեան խօսեցաւ առանց գրաւոր բնագիրի՝ պարզապէս ըսելով այդ պահուն միտքը եկածը։ Իր ըսածներուն մեծ մասը ոեւէ աղերս չունէր սփիւռքի կամ ընդհանրապէս այլ նիւթի մը հետ։
Ան սկսաւ ըսելով՝ իբր թէ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը չեն, ինչ որ պահ մը ապշեցուց խորհրդարանի մասնակիցները։ Այնուհետեւ ան բացատրեց այն, ինչ որ գիտէ իւրաքանչիւր հայ․ Հայաստան առաջին պետութիւնն է, որ ընդունած է քրիստոնէութիւնը։ Ասկէ զատ, ան արժեզրկեց Հայաստանի կողմէ քրիստոնէութեան ընդունման պատմական նշանակութիւնը՝ պնդելով, որ հայերը զայն ընդունած են լոկ թագաւորին հրամանով։
Իր ելոյթին ընթացքին Փաշինեան բազմիցս բացատրեց հայրենիքի եւ պետութեան միջեւ եղած տարբերութիւնը։ Հայերուն մեծ մասը գիտէ, որ անոնց միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ։ Թէեւ ճիշդ է, որ անցեալին հայ ժողովուրդը ունեցած է շատ աւելի մեծ պետութիւն, եւ յոյսով ենք, որ ապագային դարձեալ պիտի ունենայ, այսուհանդերձ, այն, ինչ որ ունինք այսօր ե՛ւ մեր հայրենիքն է, ե՛ւ մեր պետութիւնը։ Անոնք նոյն բանն են։
Փաշինեան նոյնիսկ հարցադրում կատարեց, թէ՝ արդեօք հայ ժողովուրդը գոյութիւն ունեցա՞ծ է քրիստոնէութեան ընդունումէն առաջ։ Ուրախ եմ, որ ան գոնէ չյայտարարեց, թէ մինչեւ 2018 թուականին իր իշխանութեան գալը ո՛չ հայեր կային, ո՛չ ալ Հայաստան։
Առանց որեւէ ակնյայտ պատճառի՝ Փաշինեան այնուհետեւ երկարաշունչ մեկնաբանութիւններ ըրաւ հայ գիւղացիներուն մասին, որոնք չեն ուզեր վարորդական իրաւունքի վկայական կամ պետական համարանիշ ձեռք բերել, ինչպէս նաեւ ինքնաշարժներու թեքնիք քննութիւն կատարել։ Այս հարցերէն ոչ մէկը կը վերաբերի սփիւռքահայերուն, որոնք Հայաստան ժամանած էին բոլորովին այլ նպատակով։
Այնուհետեւ Փաշինեան անմտօրէն պնդեց, որ Հայաստանի սահմանները թոյլ չեն տար, որ դրացի Ազրպէյճանն ու Թուրքիան ոտնձգութիւն կատարեն Հայաստանի տարածքին նկատմամբ։ Ան, ըստ երեւոյթին, յոյս ունէր, որ ներկաները պիտի չյիշեն, թէ ազրպէյճանական բանակը 2021-2022 թուականներէն ի վեր բռնագրաւած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի որոշ հատուածները եւ կը շարունակէ մնալ հոն։
Իր ելոյթի աւարտին Փաշինեան կեղծ յայտարարութիւն ըրաւ, թէ՝ Հայաստան սփիւռքահայերուն կ՛առաջարկէ «սէր եւ յարգանք»։ Իրականութեան մէջ պատկերը հակառակն է․ Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքահայերէն ոմանց կ՛արգիլէ այցելել հայրենիք՝ զանոնք ներառելով «սեւ ցանկ»-ին մէջ միայն այն պատճառով, որ վերջիններս տարակարծութիւններ ունեցած են Հայաստանի իշխանութիւններուն, ի մասնաւորի Փաշինեանին հետ։ Վերջերս գրած ոդիսականս տխուր պատմութիւնն էր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի հանդիսացող հայուհիի մը, որ ձերբակալուած էր Երեւանի օդակայանը՝ Փաշինեանի հասցէին ըրած քննադատական մեկնաբանութեան պատճառով։ Այդ մեկնաբանութիւնը ան հրապարակած էր Դիմատետրի իր էջին վրայ տարի մը առաջ՝ Միացեալ Նահանգներ գտնուած ատեն։
Կանգ պիտի չառնեմ Փաշինեանի կողմէ տասնեակ քաղաքական ընդդիմադիրներու ձերբակալութիւններուն, ինչպէս նաեւ առանց դատավարութեան անոնց կալուածներուն ու գործառնութիւններուն բռնագրաւման փաստերուն վրայ։ Սակայն ոչ ոք կը համարձակի մեղադրանք առաջադրել եւ ձերբակալել Փաշինեանը՝ Հայաստանի օրէնքներու բազմաթիւ խախտումներուն, որոնց կարգին իր հայ ընդդիմադիրները «սատկացնելու» սպառնալիքներուն համար։
Փաշինեան մնայուն կերպով կը պարծենայ, թէ ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն բերած է Հայաստան։ Ցաւօք, ան երկիրը վերածած է բռնապետութեան եւ կանգնած է հայրենիքի մնացեալ հատուածը կործանելու եզրին։
Փաշինեան նաեւ գովաբանեց ինքզինք՝ Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը ստեղծելուն համար։ Սակայն, ան չի գիտակցիր, որ ինքն ու այդ կառոյցի իր նշանակած ղեկավարը՝ Զարեհ Սինանեանը, այրած են Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած բոլոր կամուրջները։
Այնուհետեւ Փաշինեան 22 վայրկեան յատկացուց սփիւռքի լսարանի հարցումներուն պատասխանելու։ Առաջին հարցում ուղղողը իր դժգոհութիւնը յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ վերջերս տեղի ունեցած ծեծկռտուքին վերաբերեալ։ Զարմանալիօրէն, Փաշինեան անտեսեց քննադատութիւնը՝ աւելցնելով, որ ծեծկռտուքը ժողովրդավարութեան նշան է։ Ան կեղծօրէն յայտարարեց, թէ նման ծեծկռտուքներ երբեք չեն ըլլար բռնապետական վարչակարգերու մէջ, այլ միայն ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Հայաստանի։ Ան հաւանաբար չէ տեսած Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցող դաժան բռնցքամարտերու կրկնուող նողկալի տեսարանները, երբ ոչ ոք Թուրքիան պիտի կոչէ ժողովրդավարական պետութիւն։ Փաշինեան դարձեալ հակասեց ինքնիրեն՝ ըսելով, թէ չ՛ողջուներ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքը, թէեւ միայն շաբաթ մը առաջ գովաբանած էր իր կուսակիցները ծեծկռտուքին մասնակցելնուն համար։
Փաշինեան յստակօրէն կարիք ունի իր ելոյթներ գրող փորձառու մասնագէտի, ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներու պարագան է, որ պիտի օգնէ իրեն խուսափելու նման անհեթեթ յայտարարութիւններէ։ Բարեբախտաբար, այս անգամ իր ելոյթը երկար չտեւեց, ինչպէս երկու տարի առաջ։
Հակառակ Փաշինեանի ելոյթին թերութիւններուն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպման համար կառավարութեան կատարած հսկայական ծախսերուն, որոնք կազմած են շուրջ 814 հազար տոլար, վստահ եմ, որ աշխարհի տարբեր ծայրերէն ժամանած հարիւրաւոր հայեր մեծապէս ուրախ էին հայրենիք այցելելու իրենց ընձեռուած կարելիութեան համար։
