Մելգոնեան վարժարանի հարիւրամեակը նշուեցաւ պոլսոյ մէջ

Մելգոնեան վարժարանի հարիւրամեակը նշուեցաւ պոլսոյ մէջ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, Պոլսահայ Մելգոնեանցիներու նախաձեռնութեամբ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 30 Հոկտեմբեր 2026, Ուրբաթ իրիկուն, տեղի ունեցաւ համերգ մը։

Ներկաներու շարքին էին Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիէն Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Տամատեան, Սարգիս Գույումճեան, Գէորգ Չնարեան, Կորիւն Ֆէնէրճեան աւագ քահանաներն ու Արժ. Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանելի գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Թաղային Խորհուրդի անդամներ։

Հանդիսավարն էր Գարոլին Մամիկոնեան։ Յանուն Մելգոնեանի սաներուն շնորհակալական խօսք արտասանեց վարժարանի շրջանաւարտներէն Տիգրան Ալթուն։

Հանդէս եկաւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Մելգոնեան Վարժարանի նախկին սաներէն Յակոբ Մամիկոնեանի, Ռոպէր Տօղանայի դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Երգերը նուիրուած էին Մելգոնեանի անմոռանալի երաժշտութեան ուսուցիչներուն՝ Բարսեղ Կանաչեանին, Վահան Պէտէլեանին եւ Սեպուհ Աբգարեանին։

Աւարտին Նորին Ամենապատութեան ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան Յակոբ Մամիկոնեանին, Ռոպէր Տօղանային, Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի վարչութեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին, Տ. Յարութիւն Վրդ.ին, Շնորհիկ Ալթունին եւ Ովսաննա Քալենտէրին։

Վերջին յուշանուէրը յանձնուեցաւ Պատրիարք Հօր՝ հանդիսութեան հովանաւորելուն, ներկայութեամբ այս գիշերը պատուելուն եւ նախագահելուն համար։

Հուսկ բանքին մէջ մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Յակոբ Մամիկոնեանն ու իր աշակերտները։ Ան յատկապէս անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ թէեւ վարիչ Մամիկոնեան Մելգոնեանի մէջ ընդամէնը երկու տարի ուսանած է, սակայն Սեպուհ Աբգարեանէն ստացած կրթութիւնը մինչեւ այսօր կը շարունակէ ուղղորդել զինք եւ ներշնչել ուրիշ երիտասարդներու սիրտերուն դպչելու։

Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Պոլսահայ Մելգոնեանցիներուն՝ այս տօնախմբութիւնը նախաձեռնելուն համար։ Ան ընդգծեց, որ տարիներ առաջ փակուած վարժարանին ոգին եւ հիմնադրութեան նպատակը այս համերգին ընդմէջէն անգամ մը եւս վերակենդանացան։ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեաններու տեսլականը այսօր եւս պատգամ ունի բոլորիս՝ պահպանել հայեցի կրթութիւնը եւ զայն փոխանցել գալիք սերունդներուն։ Շնորհակալութեան արժանացաւ նաեւ Տ. Յարութիւն Վրդ.ը՝ կազմակերպչական աշխատանքներուն առաջնորդելուն համար։

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Երեւան դարձած» երգով։

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 1 Նոյեմբեր 2026, Կիրակի առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ Կիպրոսի երբեմնի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հարիւրամեակին:

Ս. Պատարագը մատոյց Պէյօղլուի քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Շանթ Մարտիկ Էսմէրի։ Արարողութեանց մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ասողիկ Դպրաց Դասը։ Ներկայ էր Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Պատրիարք Հայրը քարոզեց՝ անդրադառնալով նուիրումի գաղափարին։ Անդրադառնալով Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներու տեսլականին՝ յիշեցուց, որ շուրջ դար մը առաջ մեծ յոյսերով հիմնադրուած է Մելգոնեան Վարժարանը՝ վայելելով նաեւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան հովանաւորութիւնը։ Պայմաններու բերումով վարժարանին հոգածութեան պատասխանատուութիւնը յետագային յանձնուած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որուն հովանաւորութեամբ եւ ղեկավարութեամբ տասնամեակներ շարունակ վարժարանը դարձած է կրթական կարեւոր օճախ մը։ Սակայն դարուս սկիզբը որոշում կայացուած է վարժարանը փակելու, ինչ որ հայ աշխարհի մէջ լուրջ բանավէճերու առիթ տուած է։ Պատմութիւնը, սակայն, կը շարունակուի, եւ հարկ է իմաստութեամբ արժեւորել մեր հնարաւորութիւնները, որպէսզի կրթական մեր հաստատութիւնները առաւելագոյնս ծառայեն իրենց հիմնադրութեան նպատակին եւ շարունակեն կենսունակ պահել հիմնադիր բարերարներուն կտակը։

Պատրիարք Հայրը գովեց Մելգոնեանի քաղաքիս սաներուն յոբելենական նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ անոնք արդէն իսկ յաջողած են վարժարանին հարիւրամեակին առթիւ վերարժեւորել անոր հիմնադրութեան, զարգացման եւ փակման պատմութիւնը՝ նկատի ունենալով նաեւ այս բոլոր հանգրուանները։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց նաեւ, որ Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 27րդ տարեդարձին առթիւ պիտի կատարուի Հայրապետական Մաղթանք։

Ապա մեր Հոգեւոր Պետը ներկայացուց երեք նուիրեալներ Մարթէն Չուլհաճը եւ Թադէոս Շանթ Քարափէքմէզ ուրարակիրները, որոնց կիսասարկաւագութեան աստիճանը շնորհեց իրենց ու յանձնեց աստիճանի խորհրդանշանները՝ պարապ սկիհը, պատարագիչի զգեստները եւ բազկուրարը։ Խարտավիլակն էր Տ. Յարութիւն Վրդ.։

Պատրիարք Հայրը նաեւ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Սերճան Դպ. Կազէրօղլուին։

Ս. Պատարագի աւարտին, նախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան տարեդարձին առթիւ, կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։

Հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Մելգոնեան Վարժարանի բարերարներ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրները, տնօրէնները, կրթական մշակները, սաները եւ սատարողները, ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Լեւոն Էրասլանը, որուն յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Իսքէնտէրունի մէջ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Նարեկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։

Share