Պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսին տակ

Պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսին տակ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը գտնւի հիմնական երկու ջրբաժանի առջեւ: Առաջինը կը վերաբերի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, երկրորդը՝ ԵԱՏՄ-Եւրոպական Միութիւն ընտրանքին: Առաջինը՝ հանրաքւէով որոշելի: Երկրորդին համար Մոսկւայէն կը պահանջւի հանրաքւէ կազմակերպել:

Սահմանադրութիւն փոխելու համար պարզ է, որ գործող իշխանութիւնը անհրաժեշտ քւէները չունի Ազգային ժողովին մէջ: Ըստ վարչապետին, կը քննարկւին բոլոր միջոցները փոփոխութեան հանրաքւէն իրականացնելու համար: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ըստ տրւող պարզաբանումներուն, Ադրբեջանի պահանջը չէ. իբրեւ թէ անոնք հաստատած են, որ Սահմանադրութիւնը Հայաստանի ներքին խնդիրն է: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Բաքւի դիրքորոշումն է, սակայն ոչ պահանջը: Այս բառախաղերը անշուշտ համոզիչ չեն: Ըստ էութեան, Բաքուն նախապայման դրած է խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ: Որ ի դէպ, միակ նախապայմանը չէ:

Փորձ կը կատարւի համոզելու, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը գործող իշխանութիւններու քաղաքականութեան առանցքային ելակէտային խնդիր է: Վարչապետին բառերով՝ պետականութեան յարատեւութիւնը ապահովող անշրջանցելի քայլ: Ասկէ կը հասկցւի, որ եթէ ժողովուրդը մերժէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, ապա կասեցւած կըլլայ մեր պետականութեան յարատեւութեան ընթացքը: Ուստի, սահմանադրութեան փոփոխութեան դէմ քւէարկողները կը դառնան հակապետականներ եւ այսպէս շարունակ, նախկին վերագրումներով եւ մեղադրանքներով կը սպասւի ընտրարշաւային մշակոյթի նոր դրսեւորումներու շարք մը:

Ըստ յայտարարութիւններուն, չէ բացառւած, որ տեղի ունենան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ: Կայ սակայն այլ տարբերակ:

Ըստ Սահմանադրութեան յօդւած 204-ի.

Քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացւած օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ հանրաքւէն

1.- Եթէ Ազգային ժողովը մերժում է Սահմանադրութեան 109-րդ յօդւածի 6-րդ մասով սահմանւած կարգով ներկայացւած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումից յետոյ՝ 60 օրւան ընթացքում, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեանը ընտրական իրաւունք ունեցող եւս երեք հարիւր հազար քաղաքացու միանալու դէպքում նախագիծը դրւում է հանրաքւէի, եթէ Սահմանադրական դատարանը նախագիծը ճանաչում է Սահմանադրութեանը համապատասխանող:

Պարզ չէ տակաւին, թէ, ո՛ր ընտրանքին կը դիմէ ի վերջոյ իշխանութիւնը: Այս բոլորը ժամանակ կենթադրեն անշուշտ. խաղաղութեան պայմանագիրին ուղղութեամբ մինչ այդ կրնան բազմանալ Բաքւի նախապայմանները: Հիմա արդէն Բաքուն կը պահանջէ ամբողջական տեղեկանք անհետ կորսւած իր զինւորներուն մասին: Այս ամբողջականը ժամանակի երկարաձգումի համազօր պահանջ է:

Ի տարբերութիւն առաջին ջրբաժանին երկրորդը, ըստ Մոսկւայի յայտարարութիւններուն, շատ սպասելու դիրքին մէջ չէ: Բայց մինչ այդ նայինք Սահմանադրութեան համապատասխան յօդւածին:

Յօդւած 205. Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան հարցերով հանրաքւէները

Վերպետական միջազգային կազմակերպութիւններին Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի փոփոխութեանը վերաբերող հարցերը լուծւում են հանրաքւէների միջոցով:

Այս բաժինը կրնայ հարցական ստեղծել, թէ օրինակ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը պէ՞տք է հանրաքւէով իր համաձայնութիւնը տայ: Իրաւականօրէն այդպէս չէ սակայն: Սահմանադրութիւնը կըսէ վերպետական միութեան անդամակցութեան եւ տարածքի փոփոխութեան պարագային: «Եւ»-ին տեղ եթէ «կամ» ըլլար այդ պարագային հանրաքւէն անհրաժեշտ կըլլար: «Եւ»-ը այստեղ կը պայմանաւորէ, որ երկու առաջադրանքը համատեղ ըլլալու պարագային է, որ հանրաքւէն անհրաժեշտ կըլլայ: Այլապէս, Երեւանը որոշեց ԵԱՏՄ-ին անդամակցիլ առանց հանրաքւէի: Գործադիրի որոշումով եւ օրէնսդիրի վաւերացումով: Մոսկուայի կողմէ ԵԱՏՄ-Եւրոպական Միութիւն ընտրելու համար հանրաքւէ պահանջելը՝ ամէնէն բարձր մակարդակով, իրաւական հիմք չունի. խնդիրը քաղաքական է եւ ճնշումի միջոց պարզապէս:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարեւոր ընտրանքներու առջեւ կանգնած է: Քաղաքականօրէն կայ առնչութիւն երկու ընտրանքներուն միջեւ: Այս երկրորդի պարագային սակայն, ճնշումի եւ նոյնիսկ պահանջւած ժամկէտի նեղութեան մէջ կրնայ պատահիլ միակողմանի որոշումը կամ Երեւանի արտաքսումը ԵԱՏՄ-էն: ԵԱՏՄ-էն դուրս եւ Եւրոպական Միութենէն տակաւին շատ հեռու գտնւող Երեւանին ընտրանք որոշելու կարելիութիւնը չի մնար: Ընտրանք պարտադրելու հարցը կը դրւի տնտեսական հսկայական առաւելութիւններէ զրկելով մեր երկիրը, առանց երկրորդին կարելիութիւնները ապահոված ըլլալու:

Վերադառնանք առաջին ջրբաժանին եւ ըսենք, որ բացի քաղաքացիական ստորագրահաւաքէն, հանրաքւէին անհրաժեշտ քւէներ ապահովելու սահմանադրական պայմանական թիւը բաւական մեծ է (հանրաքւէի մասնակիցներու կէսէն աւելին, բայց ոչ պակաս, քան հանրաքւէներուն մասնակցելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն մէկ քառորդը): Բայց ատիկա պարտադիր է, նոյնիսկ եթէ հանրաքւէն որոշւի Ազգային ժողովով:

Սահմանադրական այս արգելքներն ու խոչընդոտները սկզբունքով Երեւանը պէտք էր օգտագործէր արտաքին ճնշումներուն եւ այս պարագային Ադրբեջանէն փոխանցւող պահանջներուն չենթարկւելու համար: Այդպէս չէ իրականութիւնը: Երեւանը իր քաղաքականութեան վերածած է Բաքւին պահանջածները՝ պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսին տակ: Այս շրջածիրին մէջ ալ չի բացառւիր, որ իշխանութիւնները ձեռնարկեն արտահերթ ընտրութիւններու: Անոնք խորհրդարանի կազմութեան օրէն իսկ արդէն կը խօսին օտար պետութեան հիպրիտային յարձակումներու շնորհիւ խորհրդարան հասած ընդդիմութեան մասին:

Պետականութեան յարատեւութեան կարգախօսը պէտք է ընկալել այս բոլոր կեղծ օրակարգերով եւ ժողովուրդը պետականամէտ-հակապետական նոր բաժանարար գիծերու յառաջացման փորձերով:

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Share