ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն կ՛ընդունի Ազգային Հանդիպումի պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 20 օգոստոս 2026-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի: Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ազգային հանդիպումի` քաղաքական ուժերու եւ ազգային դէմքերու հետ ունեցած տեսակցութիւններու ծիրին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, ներկայ քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները հետաքրքրող շարք մը հարցեր:

Ազգային հանդիպումի պատուիրակութիւնը ՀՅԴ-ի պատասխանատուներուն ներկայացուց նաեւ այն ծրագիրը, որուն վրայ կ՛աշխատի, եւ այս ուղղութեամբ իր գործադրած ջանքերը: Ան կոչ ուղղեց կուսակցութեան ղեկավարութեան` մասնակցելու այն հանդիպումին, զոր Ազգային հանդիպումը կը ծրագրէ կազմակերպել Պէյրութի մէջ` նպատակ ունենալով ընդլայնել լիբանանեան տարբեր ուժերու եւ անձնաւորութիւններու միջեւ խորհրդակցութեան եւ հաղորդակցութեան շրջանակը:

Share