Ըստ Պաքուի «Հայաստանի մէջ շուտով պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան որդեգրման գործընթացը»

Ըստ Պաքուի «Հայաստանի մէջ շուտով պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան որդեգրման գործընթացը»

Թրքական «Հապեր Կլոպըլ» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ ըսաւ. «Մենք ազդակներ կը ստանանք, որ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ պիտի սկսի նոր սահմանադրութեան ընդունման գործընթացը»:

Ան աւելցուց, որ հաւանական է Հայաստանի մէջ հանրաքուէի կազմակերպումը: «Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ` Ազրպէյճանի հասցէին տեղ գտած պահանջներու ջնջումէն ետք, մենք խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան որեւէ խոչընդոտ այլեւս պիտի չտեսնենք», ըսաւ ան:

Ազրպէյճանի նախագահի օգնականը նաեւ նշած է, որ շրջանին մէջ արդէն իսկ հաստատուած է խաղաղութիւն:

Պաքուն յստակ նախապայման առաջադրած է, որ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ստորագրուի միայն Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան եւ անկէ Անկախութեան հռչակագիրին յղումի հեռացման պարագային: Ազրպէյճանի տարբեր աստիճանի պաշտօնատարներ բազմիցս յայտարարեցին, որ հռչակագիրին մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներ կը տեսնեն: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ կողմնակից է այս փոփոխութեան` հռչակագիրը նկատելով տագնապայարոյց եւ պնդելով, որ անկէ ձերբազատիլը կը բխի ինքնին Հայաստանի շահերէն:

Հայաստանի դիմաց ցցուող մարտահրաւէրներուն եւ սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերող իշխանութեան ծրագիրներուն մասին 4 օգոստոսին խօսեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան` շեշտելով, որ պէտք է ըլլալ միասնական` պարտադրուող օրակարգերը մերժելու համար:

«Աշնանը Հայաստանի համար սպասւում են ծանր զարգացումներ: Սահմանագծման-սահմանազատման անուան տակ իրենք պատրաստւում են Հայաստանից նոր տարածքներ յանձնել եւ, երբ հարցնում ենք, չեն ժխտում: Պատրաստւում են, չունենալով համապատասխան քուէ, փոխել սահմանադրութիւնը», նշեց ան:

«Մեր երկրի առջեւ շատ աւելի լուրջ, շատ աւելի կարեւոր, շատ աւելի հրատապ եւ առաջնային օրակարգեր կան: Մեծ հաշուով` Հայկ Կոնջորեանը կը լինի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, թէ ուրիշ մի քանիսը, խոշոր հաշուով` ընդհանրապէս տարբերութիւն չկայ: Մեր երկրի առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները հետեւեալն են` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններ, սահմանագծում եւ սահմանազատում: Յստակ հարցադրում եմ արել. կարո՞ղ էք երաշխաւորել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքից նոր զիջումներ չէք անելու, յստակօրէն Տիգրանաշէնը չէք յանձնելու: Մարդիկ չեն ժխտել: Աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, մեր տնտեսութիւնը, որը կարճ ժամանակ յետոյ կանգնելու է ծանր ու բարդ խնդիրների առջեւ. սրանք են մեր երկրի կարեւոր եւ առաջնային օրակարգերը: Բայց ակնյայտ գործընթաց է տեղի ունենում այս հիմնական, գլխաւոր, քաղաքական ու խորքային հարցերից շեղելու` ապօրինի գոյք, անձնական, չգիտեմ` քո ախպերը, քո քոյրը, քո հերը, քո մերը… Բայց շատ աւելի համընդհանուր խնդիրներ կան, որոնց վրայ պէտք է կեդրոնանալ», շեշտեց Սաղաթէլեան:

Share