Շնորհաւորական ու երախտագիտութեան նամակ՝ Կորսիկայի խորհրդարանի նախագահ տիկին Մարի-Անթուանէթ Մօփերթուիին

Շնորհաւորական ու երախտագիտութեան նամակ՝ Կորսիկայի խորհրդարանի նախագահ տիկին Մարի-Անթուանէթ Մօփերթուիին

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Ձեզ, ինչպէս նաեւ Կորսիկայի խորհրդարանի բոլոր անդամները՝ Արցախին, հայ ժողովուրդին եւ Ադրբեջանի մէջ ապօրինաբար ու կամայականօրէն պահւող հայ քաղաքական բանտարկեալներուն զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւը միաձայնութեամբ կողմ քւէարկելու առիթով։

Կը խնդրենք, որ մեր խորին շնորհակալութիւնը փոխանցէք իւրաքանչիւր պատգամաւորի, ինչպէս նաեւ՝ Կորսիկացի ժողովուրդին, որուն ներկայացուցիչները փաստօրէն անգամ մը եւս կապացուցեն հաստատակամ յանձնառութիւն՝ արդարութեան, մարդկային արժանապատւութեան եւ մարդու իրաւունքներու համամարդկային արժէքներուն հանդէպ։

Այս բանաձեւով Կորսիկայի խորհրդարանը կը հաստատէ, որ քաջատեղեակ է հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան, անոր դարաւոր արմատներուն Արցախի մէջ եւ դարերու ընթացքին անոր կրած փորձութիւններուն։ Ձեր այս դիրքորոշումը կը վկայէ միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդներու ազատութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութեան նկատմամբ ձեր հաստատ կամքը։

Բաքւի հայ քաղաքական բանտարկեալներու անմիջական ազատ արձակումը պահանջելով, Արցախահայութեան սեփական հայրենիք վերադարձի իրաւունքը վերահաստատելով՝ ապահովութեան եւ միջազգային երաշխիքներու պայմաններուն ներքեւ, ինչպէս նաեւ եւրոպական հիմնարկներուն վճռական քայլերու դիմելու կոչ ուղղելով, դուք կը փոխանցէք արդարութեան եւ խաղաղութեան բացառիկ պատգամ մը:

Մեր ակնկալութիւնն է, որ այս օրինակելի նախաձեռնութիւնը ներշնչէ շրջանային, ազգային թէ միջազգային այլ խորհրդարաններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու՝ հետեւելու Կորսիկական յանդուգն քայլին, որպէսզի միջազգային իրաւունքի սկզբունքները լիովին յարգւին եւ հայ ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքները գործնապէս պաշտպանւին։

Կորսիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական սերտ բարեկամութեան եւ համերաշխութեան կապերը այս բանաձեւով կը ստանան նոր, առաւել արժանապատիւ որակ: Այս յանձնառութիւնը յաւերժ պիտի մնայ բազմաթիւ հայերու յիշողութեան մէջ՝ Ֆրանսիայի, Հայաստանի եւ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։

Ընդունեցէ՛ք, տիկին Նախագահ, պատւարժան տիկնայք եւ պարոնայք խորհրդականներ, մեր խորին երախտագիտութեան, բարձրագոյն յարգանքի եւ խորին ակնածանքի հաւաստիքը։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

3 օգոստոս 2026 թ.

Փարիզ

Share