Երէկ` կիրակի, 10 մայիսին, ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-րդ տարելիցին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, ապա Շուշիի ազատագրման եւ Վիգէն Զաքարեանի նահատակութեան 34-ամեակին առիթով ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի Վիգէն Զաքարեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Էմիրզէյեան, այնուհետեւ կատարուեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն` նահատակ Վիգէն Զաքարեանի կեանքը ներկայացնող, օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արազ Էլէյճեան, Մեղրի Սալպաշեան ասմունքեց Յակոբ Յակոբեանի «Ինչպիսի հերոս ընկերներ մեռան» բանաստեղծութիւնը, իսկ աւարտին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կատարուեցաւ յուշանուէրի յանձնում նահատակ Վիգէն Զաքարեանի քրոջ` Հուրի Զաքարեանին:
Ձեռնարկին փակումը կատարուեցաւ «Պետրոս Սեմերճեանի յիշատակին» երգով:

