Արամ Ա․ Վեհափառին նախագահութեամբ միջ-կուսակցական խորհրդակցութիւններ

Արամ Ա․ Վեհափառին նախագահութեամբ միջ-կուսակցական խորհրդակցութիւններ



Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով եւ նախագահութեամբ, Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2026-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան Մայրավանքի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։

Խորհրդակցութեան կը մասնակցէին կուսակցութիւններուն համահայկական եւ լիբանանեան մարմիններու ներկայացուցիչները։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան եւ Վանիկ Տաքէսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Բագրատունի եւ Ալպէր Պալապանեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութենէն՝ տոքթ․ Աւետիս Տաքէսեան եւ Յարութ Երկանեան։ Նիստին ներկայ էր նաեւ Կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ վերլուծեց Միջին Արեւելքի պատերազմին բռնկման, զարգացման եւ առաջադրուած նպատակներուն հանգամանքները։ Ապա, ան զեկուցեց պատերազմական պայմաններու մէջ յայտնուած ինչպէս Իրանի այնպէս ալ արաբական երկիրներու մէջ գործող Կաթողիկոսութեան թեմերուն պարզած վիճակը եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ փոխանցելով տեղեկութիւններ հրթիռակոծումներու պատճառով ստեղծուած կացութեան եւ յատկապէս իրանահայ կառոյցներու կրած նիւթական վնասներու մասին։

Share