«Սփիւռք» խորհրդաժողովը քննարկելու է հայեցի դաստիարակութեան հարցերը 

«Սփիւռք» խորհրդաժողովը քննարկելու է հայեցի դաստիարակութեան հարցերը 

Լոս Անճելըսի մէջ կայանալիք «Սփիւռք» Խորհրդաժողովին քննուելիք բազմաթիւ նիւթերէն մէկը սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ հայեցի դաստիարակութեան յարափոփոխ վիճակը պիտի ըլլայ։ Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, հայկական վարժարանները հայ համայնքային կեանքի հիմնական սիւններէն մէկը եղած են՝ սերունդէ սերունդ փոխանցելով հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ պատմական գիտակցութիւնը։

Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն հիմնած առաջին վարժարաններէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող ամէնօրեայ դպրոցներու ցանցը, վճռորոշ դեր խաղցած է հայրենիքէն դուրս ազգային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, ժողովրդագրական փոփոխուող իրողութիւնները, գաղթի ու տեղաշարժի նոր պատկերը եւ կրթական ակնկալիքներու վերափոխումը նոր մարտահրաւէրներ ստեղծած են հայկական վարժարաններուն համար։

ՀՅԴ-ի համար այս հարցերը սոսկ կրթական չեն, այլ՝ ազգային եւ ռազմավարական։ Իբրեւ հայ համայնքային կեանքին մէջ երկարամեայ ներգրաւուածութիւն ունեցող քաղաքական կազմակերպութիւն, ՀՅԴ-ն հայեցի դաստիարակութիւնը որպէս սփիւռքի շարունակականութեան, քաղաքացիական գիտակցութեան եւ հաւաքական ինքնակազմակերպման հիմնական յենասիւններէն մէկը կը նկատէ։ Վարժարանները պարզապէս գիտելիք չեն փոխանցեր. անոնք կը հայ լեզուն կը պահպանեն, կ’օգնեն ինքնութեան կազմաւորման, պատմական յիշողութիւնը կ՛ապահովեն, նոր սերունդները իմաստալից կերպով համայնքային կեանքի մասնակցելու կը նպաստեն: Հետեւաբար, հայեցի դաստիարակութեան ապագային անդրադառնալը անբաժանելի է ինքնին սփիւռքի ապագայ հզօրութեան, դիմադրողականութեան եւ ուղղութեան նուիրուած խոհրդաղութիւններէն։ Խորհրդաժողովը նաեւ տարբեր սփիւռքահայ համայնքներու հայկական վարժարաններուն միջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան կարելիութիւնները պիտի քննարկէ ։

Այս առթիւ մանկավարժներ եւ ուսումնական ոլորտի ղեկավարներ պիտի համախմբուին՝ խորհրդածելու վերոնշեալ զարգացումներուն շուրջ եւ իրենց հաստատութիւններու փորձառութիւնները փոխանակելու։ Հրաւիրեալ մասնակիցներուն շարքին են Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Լորի Աբրաքեանն ու Լոս Անճելըսի Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս Վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Սիւզի Օհանեանը։ Երկու հաստատութիւններն ալ երկար տարիներէ ի վեր իրենց համայնքներու հայեցի դաստիարակութեան ամուր յենարանները եղած են ։ Քննարկումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ գործող կրթական եւ համայնքային գործիչներ Սանան Շիրինեանն ու Միկանուշ Մելքոնեան-Աճեմեանը։

Անոնց մասնակցութիւնը կը վկայէ հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու կարեւորութեան մասին՝ որպէս լեզուի պահպանման, մշակոյթի փոխանցման եւ համայնքային կազմաւորման կեդրոններ։ Միեւնոյն ժամանակ, հայեցի դաստիարակութիւնը այսօր սահմանափակուած չէ միայն աւանդական ամէնօրեայ դպրոցներու միջավայրով։

Խորհրդաժողովին նաեւ նորարար կրթական միջավայրերու մէջ աշխատող գործիչներու տեսակէտները պիտի հնչեն։ Thomas Edison Charter School-ի Արմինէ Ալեքսան Փափազեանը հայերէն լեզուի immersion ծրագիրներու մասին պիտի զեկուցէ, ուր հարիւրաւոր հայ-ամերիկացի աշակերտներ կը հետեւին երկլեզու դասընթացքներու, որոնք աւելի ընդարձակ հանրակրթական համակարգերու ծիրին մէջ կը ներառեն հայերէնի ուսուցումը։

Դոկտ. Լալէ Բագրատունեան պիտի քննէ արագընթաց, ընկերային ցանցերով ղեկավարվող եւ արհեստական բանականութեամբ ձեւաւորուող այս աշխարհին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդութեան քաղաքականացուածութեան՝ կամ անոր բացակայութեան, բարդ երեւոյթը։

Խորհրդաժողովի քննարկումները պիտի չսահմանափակուին միայն կրթական հաստատութիւններու  ուսումնասիրութեամբ։ Հայեցի դաստիարակութեան վերաբերող նիստերն ու աշխատանքային խումբերը պիտի արծարծեն նաեւ այս ոլորտին առջեւ ծառացած աւելի ընդարձակ հարցեր՝ ներառեալ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութիւնը, մանկավարժական նոր մօտեցումներու մշակումը եւ արդիական դասաւանդման մեթոտաբանութիւններու ներառումը հայերէնի ուսուցման մէջ։

Այս զրոյցները կը ցոլացնեն մէկ ընդհանուր գիտակցութիւն՝ թէ սփիւռքի մէջ հայեցի դաստիարակութեան պահպանումն ու զարգացումը կը պահանջեն ոչ միայն առանձին դպրոցներու կողմէ ցուցաբերուած զոհողութիւն, այլ՝ աւելի մեծ համակարգում հաստատութիւններու եւ համայնքներու միջեւ։ Կազմակերպիչները յոյս ունին, որ այս խորհրդաժողովը սկիզբը պիտի հանդիսանայ աւելի լայն եւ շարունակական խօսակցութեան մը։

Այս քննարկումներէն բխող յոյսերէն մէկն ալ տարբեր շրջաններու հայկական դպրոցներու եւ մանկավարժներու միջեւ հորիզոնական գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնն է։ Փորձառութիւններու, ուսումնական նիւթերու եւ մանկավարժական նորարարութիւններու փոխանակումով, հայեցի դաստիարակութիւն ջամբող ցանցերը կրնան աւելի լաւ օգտագործել փոխադարձ ներուժը եւ գալիք տարիներուն խթանել աւելի մեծ համագործակցութիւն ։

Մինչ սփիւռքահայ համայնքները կը շարունակեն զարգանալ եւ փոխուիլ, հայեցի դաստիարակութեան հաստատութիւնները պիտի մնան հիմնական ազդակ՝  ճշդելու թէ ապագայ սերունդները ինչպէս պիտի կապուին իրենց ժառանգութեան, լեզուին եւ հաւաքական ինքնութեան հետ։

«Սփիւռք» Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ՝ Մարտ ամսուան կիսուն, եւ պիտի համախմբէ մանկավարժներ, գիտնականներ ու համայնքային ղեկավարներ՝ տարբեր սփիւռքահայ համայնքներէ։ Այս հաւաքի նպատակն է խրախուսել խորքային խորհրդածութիւն մը հայկական սփիւռքի փոփոխուող դերին շուրջ եւ երկխօսութիւն ստեղծել տարբեր հաստատութիւններու ու համայնքներու միջեւ։ Խորհրդաժողովի յաջորդող շաբաթներուն, շարք մը մասնակիցներու կողմէ ակնկալուած է վերլուծական յօդուածներու եւ գրութիւններու հրապարակում որոնք արծարծուած նիւթերուն կ՛անդրադառնան։

Մարտ 12, 2026

Խորհրդաժողովի Յանձնախումբ

Share