Վարչապետի գրասենեակի հաղորդմամբ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունել է Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին։
«Արքեպիսկոպոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա–ի անունից վարչապետ Փաշինեանին է նուիրել Արամ Ա–ի գահակալութեան 30–ամեակի առիթով հրատարակուած հատորը։ Արքեպիսկոպոսը վարչապետ Փաշինեանին է փոխանցել նաեւ Արամ Ա կաթողիկոսի ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն է յայտնել հատորը նուիրելու համար եւ նշել, որ իր համար մեծ պատիւ է ընդունել այն։ Նիկոլ Փաշինեանը խնդրել է նաեւ իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցել Արամ Ա Կաթողիկոսին։
Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը նշել է, որ արդիւնաւետ կերպով համագործակցում են նաեւ Մատենադարանի տնօրինութեան հետ եւ ողջունել ՀՀ Կառաւարութեան կողմից Սարգիս Շնորհալու «Մեկնութիւն եօթ Կաթողիկէ թղթոց» աստուածաբանական եւ ձեռագրագիտական բացառիկ արժէք ունեցող աշխատութիւնը Մատենադարանին ընծայաբերելու փաստը։ Արքեպիսկոպոսի խօսքով՝ Կառաւարութեան նման քայլը բարձր է գնահատել նաեւ Արամ Ա Վեհափառը։
Զրուցակիցները մտքեր են փոխանակել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեան, Մերձաւոր Արեւելքում տեղի ունեցող իրադարձութիւնների համատեքստում, Լիբանանում եւ Սիրիայում հայ համայնքների հետ կապուած իրավիճակի շուրջ»։
ՅԱՆՈՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ՝ ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025֊ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Մաշտոցեան Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանի հետ, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ «Կիլիկիա» Մատենադարանի եւ Հայաստանի մշակութային կեդրոններու հետ գործակցութեան տարբեր մակարդակները եւ այդ ծիրէն ներս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Մաշտոցեան Մատենադարանի գործակցութեան ներկայ հանգրուանը: Այս առիթով, սրբազան հայրը պարոն վարչապետին փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 30 ամեակին նուիրուած յատուկ քաթալոկը։ Պարոն վարչապետը այս առթիւ իր շնորհակալութիւնն ու շնորհաւորութիւնը յայտնեց Հայրապետին։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ անդրադարձ կատարելու պետութիւն֊եկեղեցի յարաբերութեան։ Շահան սրբազան, յանուն Արամ Ա. Կաթողիկոսին, իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայ կացութեան գծով եւ շեշտեց եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Միաժամանակ ան արծարծեց հոգեւորականներու ձերբակալութեան հարցը եւ այդ գծով անհրաժեշտ լուծումներ որոնելու հրամայականը։
Նշենք, որ Շահան արքեպիսկոպոս Երեւանի մէջ մշակութային ծրագիրով կարգ մը հանդիպումներ ունեցաւ եւ Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան ու գահակալութեան նուիրուած յատուկ նկարազարդ քաթալոկը յանձնեց Հայաստանի նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարին ու Խորհրդարանի նախագահին (անոնց քարտուղարութեանց ճամբով), ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերուն պիտի փոխանցէ՝ երկրի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին եւ նախկին նախագահներ Ռոպէր Քոչարեանին եւ Սերժ Սարգիսեանին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏԻՒ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ամիսներ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային կերպով դատապարտած էր հոգեւորականներու ձերբակալութիւնը եւ նոյնիսկ միջնորդներու ճամբով առաջարկած էր դադրեցնել այս ոչ֊ընդունելի երեւոյթը։ Նորին Սրբութիւնը այժմ հովուապետական այցելութեան մէջ ըլլալով եւ մօտէն իմանալով շարունակուող ձերբակալութիւնները, դարձեալ կը դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը։ Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը պարտականութիւն տուած է այժմ մշակութային առաքելութեամբ Հայաստան գտնուող Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին, որ իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցէ քաղաքական ու պետական պատասխանատուներուն եւ նոյնիսկ վարչապետին։ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը այն է, թէ կարելի փութով պետութիւն֊եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ, եւ մեր ազգին ու Հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ մեր ազգի երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր։
