Լոյս տեսաւ «Արցախեան Բանակցութիւնները» երկհատորեակը

Լոյս տեսաւ «Արցախեան Բանակցութիւնները» երկհատորեակը

Օրերս Երեւանի մէջ հրատարակուեցաւ Արցախեան հիմնահարցի բանակցութիւններու գործընթացը պարփակող «Արցախեան բանակցութիւնները» երկհատորեակը, որուն հեղինակն է ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեանը։

ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Խաչատրեան

Երկհատորեակին մէջ վերլուծութեան ենթարկուած են Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման շուրջ ընթացած քաղաքական բանակցութիւնները՝ անոնց պատմութիւնը, ընդունուած որոշումները, ինչպէս նաեւ ներկայացուած կարգաւորման տարբեր առաջարկները։ Աշխատութիւնը կ՝ընդգրկէ նաեւ համեմատական ակնարկներ այլ միջազգային հակամարտութիւններու կարգաւորման փորձերէն, ինչպէս նաեւ դէպքեր ու իրադարձութիւններ, որոնք, թէեւ անմիջականօրէն բանակցային գործընթացին մաս չեն կազմած, սակայն էական ազդեցութիւն ունեցած են անոր ընթացքին վրայ։

Աշխատութեան առաջին հատորին մէջ ներկայացուած է Արցախեան շարժման ձեւաւորման ու Արցախի Հանրապետութեան կայացման փուլը, Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման նախնական տարբերակները, ԵԱՀԿ-ի՝ որպէս բանակցային հիմնական հարթակի ձեւաւորումը, ՄԱԿ ԱԽ բանաձեւերը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ՔԻ Վեսթում քննարկուած տարբերակը։

Երկրորդ հատորը կ՚ընդգրկէ 2002 – 2020 թթ. բանակցային գործընթացը։ Մանրամասն անդրադարձ կատարուած է Հիմնարար (Մատրիտեան) սկզբունքներուն, նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն, Կազանի փաստաթուղթի, «Լաւրովի փլան»-ի շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններու տապալման։

Share