Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը՝ Երեւանի մէջ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը՝ Երեւանի մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, այսօր, երեկոյեան ժամը 7.30-ին (Երեւանի ժամով) մայրաքաղաք Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ պաշտօնական բացումը կը կատարուի համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն, որոնց կը մասնակցին աւելի քան 900 մարզիկ-մարզիկուհիներ եւ յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» մարզախաղերու 200 պատանիներ։

Մարզախաղերը արդէն իսկ ընթացք առին Հինգշաբթի օր եւ շարունակուեցան երէկ։ Խաղերը կը կատարուին հետեւեալ մարզադաշտերուն մէջ.- «Տինամօ» (ֆութսալ), «Ողիմպիական աւան» (պասքեթպոլ կրտսերներ եւ աղջիկներ), Շէնգաւիթի մարզական դպրոց (վոլիպոլ եւ փինկ-փոնկ), «Միկա» (ֆութպոլ եւ պասքեթպոլ տղաք), Արտաշատի դաշտ (աթլէթ), Վահագնի կոլֆի ակումբ (թենիս), «Դաւիթ Համբարձումեանի մարզական համալիր» (լող) եւ Երեւանի ճատրակի դպրոց (ճատրակ)։ «Հրաշք»ի մարզախաղերը կը կատարուին Երեւանի եւ Սպիտակի մէջ։

Յայտնենք, որ պաշտօնական բացման հանդիսութեան պիտի նախորդէ մարզախաղերու մասնակիցներու տողանցք՝ Երեւանի Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Մարզախաղերու ջահը միաժամանակ պիտի բոցավառի հայութեան համար նուիրական երեք վայրէ՝ Ս. էջմիածինէն, Ծիծեռնակաբերդէն եւ Եռաբլուրէն։ Երեք ջահերը պիտի միանան Եռաբլուրի մօտ, ապա փոխանցավազքով, մարզիկներու ձեռամբ գլխաւոր ջահը պիտի հասնի հրապարակ, ուր պիտի արտասանուին պաշտօնական խօսքեր եւ կատարուի բացման մեծաշուք հանդիսութիւն։

Տողանցքը եւ բացման հանդիսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի սփռուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմատետրի էջով։

Ինչ կը վերաբերի մարզախաղերուն, ցարդ արձանագրուած են հետեւեալ արդիւնքները.-

Առաջին օր, Հինգշաբթի, 24 Յուլիսին.-

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Արեւմտեան Մ.Ն. (2) — Արցախ 100-93

Արեւմտեան Մ.Ն. (1) — Աւստրալիա (1) 93-78

Արեւմտեան Մ.Ն. (2) — Արեւելեան Մ.Ն.(1) 69-82

Աւստրալիա (2) — Լիբանան 95-51

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Արցախ — Աւստրալիա (1) 64-33

Արեւելեան Մ.Ն.-  Լիբանան 28-60

Արեւմտեան Մ.Ն. — Աւստրալիա 2 57-55

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐ

Արեւմտեան Մ.Ն. (2) — Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. 137-39

Լիբանան — Արցախ 96-34

ՖՈՒԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Արեւելեան Մ.Ն .- Մարսէյ 5-0

Արեւմտեան Մ.Ն .- Աւստրալիա 3-2

ՖՈՒԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

Լիբանան — Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. 6-0

ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ

Աւստրալիա — Քուէյթ 3-3

Սթոքհոլմ — Հարաւային Ամերիկա 5-6

ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Աւստրալիա (3) — Աւստրալիա (2) 1-1

Հարաւային Ամերիկա — Աւստրալիա (1) 6-1

ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Արեւմտեան Մ.Ն. — Հարաւային Ամերիկա 3-0

Արցախ (1) — Արցախ (2) 3-0

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Արեւելեան ՄՆ (2) – Աւստրալիա (1) 75-87
Արցախ – Արեւմտեան ՄՆ (1)  36-95
Քանատա(2) – Արեւելեան ՄՆ (1) 48-98
Գահիրէ – Արեւմտեան ՄՆ (2) 58-81
Լիբանան – Քանատա 59-104

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

Լիբանան – Արեւմտեան ՄՆ (1) 48-91
Արցախ – Արեւմտեան ՄՆ (2) 31-119

ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Արցախ – Լիբանան 67-51
Արեւելեան ՄՆ – Աւստրալիա (1) 35-44
Աւստրալիա (2) – Գահիրէ 76-43

ՖՈՒԹՊՈԼ ՏՂԱՔ

Արեւելեան ՄՆ – ՀՄԸՄ Ֆրանս 4-0
Երուսաղէմ – Աւստրալիա 3-0

ՖՈՒԹՊՈԼ ԿՐՏՍԵՐ ՏՂԱՔ

Քանատա – Լիբանան 2-1

ՖՈՒԹՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Հարաւային Ամերիկա – Աւստրալիա (3) 5-0

ՖՈՒԹՍԱԼ ՏՂԱՔ

Աւստրալիա – Արեւմտեան ՄՆ 2-0
Հարաւային Ամերիկա – Լիբանան 2-0

ՖՈՒԹՍԱԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Աւստրալիա(1) – Աւստրալիա (2) 1-0

ՎՈԼԻՊՈԼ ԱՂՋԻԿՆԵՐ

Արցախ(2) – Արեւելեան ՄՆ 0-3
Արցախ(1) – Արեւմտեան ՄՆ 3-0

Share