Մայիս 31, 2025 — ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ՝ Տարօն Սէր Խաչատուրեանի ամբողջական խօսքը Օրէնճ Քաունթիի մէջ տեղի ունեցած Հ.Յ.Դ. Արևմտեան Ամէրիկայի շարքերու մուտքի երդման արարողութեանը:
Դաշնակցութեան մե՛ծ ընտանիքին միացած նորագիր ընկերուհիներ, ընկերներ,
Այսօր ձեր կեանքի կարեւորագոյն որոշումներէն մէկն է որ կ’առնէք, դառնալով շարքային Դաշնակցական: Թերեւս հոգուով ու միտքով դուք արդէն իսկ էիք դաշնակցական, բայց ո՛չ շարքային: Այսօր, այդ երկընտրանքին առջեւ, գոհացնելով դաշնակցական ըլլալու կանոնագրային հինգ պայմանները, դուք ՀՅԴ-ի երդումը առնելով դառձաք շարքային Դաշնակցականներ: Այդ երդումով դուք կը սկսիք նոր կեանք մը, ուր այլեւս լոկ մարդ չէք, այլ եղած էք «Դաշնակցական մարդ»: Այսպէ՛ս, անհրաժեշտ պայմանները, այսինքն necessary conditions-ը գոհացնելով, ըլլալով բարոյականի տէր և 18 տարիքը բոլորած անհատներ, ընդունելով ՀՅԴ Ծրագիրն ու Կանոնագիրը, ենթարկուելով անոր որոշումներուն, մաս կազմելով ձեր բնակած շրջանի կոմիտէութեանց, վճառելով սակ, անշուշտ նաեւ կամովին դիմելով ՀՅԴ-ի անդամակցութեան, ունենալով 2 երաշխաւորներ և հետեւելով համապասխան դաստիարակչական դասնթացքներուն, անհրաժեշտ պայմանները գոհացուցած էք դուք: Սակայն, հիմա՛ է որ կը սկսի դաշնակցական մարդու իրական գործը, և դուք այս ձեւով ձեր երդումը բաւարարելու գործի՛ն է որ կը կը ձեռնարկէք:
Դաշնակցական մարդ կը նշանակէ ամէն օր ապրիլ ու ծառայել հայ ժողովուրդի արդար իղձերու իրականացման համար: Կը նշանակէ կիրարկել, և տարածել դաշնակցական գործն ու խօսքը հանրութեան մօտ: Դաշնակցական մարդ կ’ենթադրէ ըլլալ ձեր նուիրումին մէջ անսահման, ձեր կամքին մէջ աննկուն, ըլլալ անխոնջ ձեր աշխատանքին մէջ, և ձեր գործունէութեան մէջ պարկեշտ ու ընկերասիրութեան մէջ օրինակելի: Միա՛յն արժէ մարդ կարդայ Ռուբէնի Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակներու հատորները, որպէսզի անդրադառնայ թէ ի՞նչպիսի կազմակերպութեան մըն է որ կ’առնչուիք, ինչպիսի՞ վիթխարի և մնայոն կերպով ինքզինք այժմէականացնող և թարմացնող, ու իր արմատներուն և ակունքներուն մի՛շտ հաւատարիմ մնացած կաղնիի մը նոր ճիւղերն է որ կը խոստանաք դառնալ:
Սիրելի նորագիր նուիրեալներ Դաշնակցութեան ազգանուէր գործին՝ մեր մէջ կայ Դաշնակցականի յատկանիշը, որ որոշած է որքան որ ալ դժուար ըլլան իբր դաշնակցական մնալն ու գործելը, ու մեր ազգի արդար բայց դժուար դատը յառաջ տանիլը, չընկրկիլ ու Դաշնակցութեան ընդմէջէն յարատեւելով ծառայել հայութեան: Բնական է, որ ըլլալով ինքնուրոյն անհատականութիւններ, մենք նաեւ կրնանք ունենալ ցանկացած նիւթի շուրջ տեսակէտներու, համոզումներու մեծ տարբերութիւններ: Այս մէկը նաեւ կրնայ օգտակար ըլլալ մեր կազմակերպութեան՝ բազմազանութեան կիրարումով աւելի լաւ ու որակեալ որոշումներու յանգելու համար: Սակայն, անգամ մը որ Դաշնակցական Ժողովի կամ Մարմնի մը որոշումը առնուի, այլեւս բոլորս պարտինք աշխատիլ առնուած կամ տրուած որոշումին իրականացման ուղղութեամբ: Երբ տարատեսակ համոզումներն ու տեսակէտները քննարկուելէ ետք կը յղկուին ու կը վերածուին Դաշնակցութեան որոշումին ու տեսակէտին – և Դաշնակցութեան կամքին – ապա բոլորս կ’ենթարկուինք անոր և ամէն ջանք կը թափենք իրականացնելու զանոնք: Այսպէս՝ որպէս դաշնակցական անհատ, մեր ինքնուրունութիւնը պահելով հանդերձ, մեր անձը կը փոխարինենք մեր հաւաքականով, մէկ խօսքով «ես»ը կը փոխարինենք «մենք»ով, նո՛յնիսկ ներկայիս ընդհանրացած անհատապաշտ ու համաշխարհայնացուած միջավայրերէն ներս:
Ահա՛ այս կարգապահութիւնն է, բազմազանութեամբ սկսած վերջաբանի միասնութիւնն է, և Դաշնակցական որոշումը գործի վերածե՛լն է որոնք մեզի ապահոված են մեր 135 տարիներու վրայ երկարող արդիւնաւէտ գոյատեւումը: Դաշնակցական ժողովներու ատեն ազատ ենք մինչեւ վերջ մեր միտքերը արտայայտելու և կարծիքներով կիսուելու մէջ, իսկ երբ հարցը կը վերաբերի կուսակցութեան ծրագրին, կանոնագրին ու որոշումներուն, ապա բոլորս անմնացորդ կարգապահութեամբ է որ կ’ենթարկուինք զանոնց: Դաշնակցութեան հաւաքական կամքին դէմ ոչ կարգապահ կեցուածքը ո՛չ միայն մեր կանոններուն դէմ է, այլ կը տկարացնէ մեր հաւաքական գործը: Շատերու կողմէ նախանձելի թուացող մեր կարգապահութիւ՛նն է որ նաեւ կը նպաստէ մեր կուսակցութեան հեղինակութեան ու դիմադրականութեան ուռճացման: Փայփայեցէ՛ք այդ գաղափարական ու կարգապահ կեցուածքը, որոնք մեր կուսակցութիւնը կը վերածեն քաղաքական բանակի, աւելի մեծ քան զինք բաղկացնող անդամներուն գումարումը: Այսպիսի՛ն է որ կը յուշեն մեր գրաւոր ու անգիր օրէնքները, այդպէս է եղած ցարդ՝ մեր կտրած ճանապարհն ու պատմութիւնը, և այսպէս է որ կը թելադրէ մեր կուսակցական հարուստ մշակոյթը:
Այսօր տօնախմբութեան օր է սիրելիներ, հսկայ աւանդ ունեցող, մարտահրաւէրներ յաղթահարող Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ-ի մեր այս մեծ ընտանիքէն ներս. բազմատասնեակ տարիներու ճանապարհ ունեցող, ներկայիս վերամիաւորուած ու իր սպիները դարմանող, Դաշնակցականավայել մէ՛կ ու միակ ոգիով գոտեպնդուած այս շրջանին համար: Մեր ներկուսակցական երբեմնի փոթոռկոտ օրերը միանգամ ընդմիշտ մեր ետին ձգելով, մեկ բռունցքով՝ ձեռք ձեռքի, վերալիցքաւորուած այս 42 նորագիրներու թարմ աւիշով, կ’ընթանանք դէպի նոր փարձունքներ սփիւռքի այս հայահոծ շրջանէն ներս, ի ծառայութիւն մեր հաւաքականին, ի սպասարկութիւ՛ն և առաջնորդութիւն մեր տեղական համայնքին ու տարապեալ ազգին, ի սէր մեր արիւնագամ բայց մի՛շտ խռոխտ ու կանգուն հայրենիքին:
ՀՅԴ Բիւրոյի և աշխարհացրիւ աւելի քան 15,000 ընկերներու անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի, և յաջողութիւն ձեր նոր ու վեհ կոչումին: