Այցելութիւն Հ.Յ.Դ. հիմնադիր՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի շիրիմին

Այցելութիւն Հ.Յ.Դ. հիմնադիր՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի շիրիմին

ՍՈՖԻԱ․- Կիրակի, 21 Սեպտեմբերին, Հ․Յ․Դ․ Պուլկարիոյ կառոյցի անդամներն ու համակիրները՝ Փլովտիւէն (Ֆելիպէ), Վառնայէն, Ռուսէէն եւ Սոֆիայէն հաւաքուեցան Սոֆիայի կեդրոնական գերեզմանատունը՝ նշելու Հ․Յ․Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ անոր երիտասարդ ընկեր Վռամշապուհ Քէնտիրեանի մահուան 120-ամեակը։

1905 թուականի Մարտ 5-ին, Սուլթան Ապտուլ Համիտին դէմ մահափորձի պատրաստութեան ընթացքին, ռումբ պատրաստելու ժամանակ պատահած պայթումին հետեւանքով, անոնք նահատակուած էին։

Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի հոգեւորականներ Տէր Հրաչ քհնյ. Մուրատեանն ու Տէր Տիրայր քհնյ. Հատաւեան կատարեցին հոգեհանգստեան կարգ, որու աւարտին ներկաները աղօթեցին։

«Սա ոչ միայն Պուլկարիոյ մէջ ապրող դաշնակցականներուն համար սրբազան վայր մըն է, այլեւ՝ աշխարհի վրայ ցրուած բոլոր կուսակցականներուն համար»,– իր խօսքին մէջ ըսաւ Տէր Հրաչ քհնյ. Մուրատեան, ընդգծելով․ «Քանզի իր գաղափարներով Քրիստափոր Միքայէլեան դարձաւ այն սերմը, որ արմատ նետեց ու պտուղ տուաւ։ Եւ այսօր՝ 120 տարի անց, այս սերմը կը շարունակէ պտուղ տալ։ Ձեր ներկայութիւնը հոս՝ այս իրականութեան վկայութիւնն է, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան աշխոյժ գործունէութիւնը ամբողջ աշխարհին մէջ՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։ Սա կը վկայէ, որ Քրիստափոր Միքայէլեանն ու իր համախոհները՝ կուսակցութեան համահիմնադիրները, դարձան Ազատութեան գաղափարի ջահակիրներ»։

«Անոնք, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին իրենց ժողովուրդի ազատութեան համար, յաւերժ իրենց անունները գրեցին մեր պատմութեան մէջ», – իր կարգին ըսաւ Տէր Տիրայր քհնյ. Հատաւեան։

Ան նաեւ ընդգծեց․ «Վստահ եմ, որ նոյնիսկ 100 տարի ետք, յաջորդ սերունդները պիտի շարունակեն յարգանքի տուրք մատուցել մեր ազգային հերոսներուն։ Այն երկիրներուն մէջ, ուր հայերը զրկուեցան իրենց դպրոցներէն, մենք մեծցած ենք մեր դաշնակցական եղբայրներու օրինակով։ Անոնք եղան մեր ոգեշնչման աղբիւրը՝ ապրելու ու աշխատելու իբրեւ արժանավայել հայեր»։

Իր խօսքին մէջ Հ․Յ․Դ․ Պուլկարիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի համանախագահ Վարդանուշ Թոփաքպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն հայերուն, որոնք համայնավարութեան տարիներուն գաղտնաբար եկած էին մաքրելու ու խնամելու այս երկու գերեզմանները։

«Շնորհակալ եմ նաեւ այն հայրենակիցներուս, որոնք գաղտնաբար իրենց զաւակներն ու թոռները բերած են հոս՝ ցոյց տալու այս գերեզմանները, ուր հանգչած են մեր ժողովուրդի իսկական զաւակները։ Շնորհակալ եմ նաեւ այսօրուայ Դաշնակցութեան, որ կը շարունակէ վառ պահել Քրիստափոր Միքայէլեանի եւ Վռամշապուհ Քէնտիրեանի յիշատակը։ Յիշեցէ՛ք, թէեւ այսօր Հայաստանը դժուար օրեր կ՛ապրի, պէտք է հաւատանք, որ արեւը դարձեալ պիտի շողայ մեր երկրի վրայ։ Ես կը հաւատամ, որ մենք պիտի կարողանանք պաշտպանել թէ՛ մեր զինանշանը եւ թէ՛ Արարատ լերան խորհրդանիշը՝ այն ամէնը, ինչ որ Հայաստանի ներկայի իշխանութիւնները կը փորձեն ոչնչացնել»,– ըսաւ Վարդանուշ Թոփաքպաշեան։

Հ․Յ․Դ․ Պուլկարիոյ «Պետրոս Սերեմճեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սահակ Չաքալեան, իր խօսքին մէջ նշեց, որ Քրիստափորը հայ ժողովուրդի համազգային զարթօնքի եւ Հայաստանի ազատագրութեան մեծ պայքարի անշեղ առաջամարտիկն է։

«Իր անձնական օրինակով ու անսասան կամքով ան նոր սերունդներու առջեւ բացաւ գաղափարական եւ քաղաքական տոկուն պայքարի ճամբան։ Ան խորհրդանիշն է այն աներեր հաւատքին, որ նոյնիսկ անհաւասար ուժերու դէմ կարելի է յաղթել․ դարերով գերութեան ու յուսահատութեան մէջ խեղդուած հայ մարդէն ան կերտեց պայքարող հայու կերպարը՝ ազատութեան, արդարութեան եւ իրաւունքի համար մինչեւ վերջին շունչ պայքարելու ոգիով ու պատրաստակամութեամբ»,– ըսաւ Սահակ Չաքալեան։

Ուխտագնացութեան աւարտին ներկաները ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղեցին երկու հերոսներու շիրմերուն վրայ։

Share