ԵԱՀԿ-ն աւարտեց Մինսքի Խումբի լուծարումը եւ անոր առնչուած կառոյցներու փակման գործընթացը՝ ըստ նախարարներու խորհուրդի Սեպտեմբեր 1-ին ընդունած որոշման։ Այս մասին կը յայտնէ ԵԱՀԿ քարտուղարութեան Նոյեմբեր 30-ի հաղորդագրութիւնը։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ որոշումը կայացուած է՝ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ուղղուած համատեղ դիմումին հիման վրայ»։
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրած էին ԵԱՀԿ-ին ուղղուած համատեղ դիմում մը՝ Մինսքի խումբը լուծարելու նպատակով։ Այդ դիմումը մասնաւորաբար կը վերաբերէր երեք կառոյցներու գործունէութեան դադրեցման՝ Մինսքի խումբին, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի պաշտօնին եւ բարձր մակարդակի ծրագրաւորման խումբին։
