Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը իր ինքնալուծարումը կը յայտարարէ

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը իր ինքնալուծարումը կը յայտարարէ

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) յայտարարեց իր ինքնալուծարման մասին: Կուսակցութիւնը նաեւ նշեց Թուրքիոյ հետ աւելի քան 40 տարի տեւած տագնապի աւարտին մասին:

ՔԱԿ-ը հրապարակեց իր 12-րդ ընդհանուր ժողովի որոշումները, որոնք կը ներառեն կուսակցութեան լուծարում, ինչպէս նաեւ զինեալ պայքարի եւ կուսակցութեան անունով բոլոր աշխատանքներու դադրեցում:

ՔԱԿ-ը, որ Թուրքիոյ, Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի, 1984 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ դէմ զինեալ պայքար կը մղէր` պահանջելով Թուրքիոյ քիւրտերուն համար ինքնավարութեան ստեղծում:

«Մենք աւարտած ենք մեր աշխատանքը», կը նշուի ՔԱԿ-ի 12-րդ ընդհանուր ժողովի եզրափակիչ հռչակագիրին մէջ:

Կուսակցութեան եզրափակիչ ընդհանուր ժողովին մասնակցած են 232 անդամներ:

Յիշեցնենք, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը 1 մարտ 2025-ին յայտարարած էր Թուրքիոյ հետ զինադադարի մասին: 27 փետրուարին կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտալլա Օճալան իր կուսակիցներուն կոչ ուղղած էր` վար դնելու զէնքերը:

Օճալանը 1999 թուականէն ի վեր բանտարկուած է Իմրալի կղզիին վրայ. թրքական դատարանը զինք մեղաւոր ճանչցած է պետական դաւաճանութեան համար:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ողջունեց «պատմական եւ քաջալերական փուլը, որ մեզ մեր երկիրով աւելի հպարտ կը դարձնէ»:

Ֆիտան ՔԱԿ-ի յայտարարութիւնը մեկնաբանելով ըսաւ. «Զայն մեր շրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան համար շատ կարեւոր որոշում մը կը նկատեմ»:

«Ամէն պարագայի պէտք է գործնական քայլեր որդեգրել, եւ մենք անոր մօտէն պիտի հետեւինք», շեշտեց ան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ ՔԱԿ-ի ինքնալուծարման որոշումը կարեւոր քայլ է, եւ Անգարան մօտէն կը հետեւի հոլովոյթին` որեւէ խնդիրէ խուսափելու համար:

Էրտողան ըսաւ, որ ՔԱԿ-ի զէնքերը վար դնելով նոր ժամանակաշրջանի դռները պիտի բացուին, եւ ՔԱԿ-ի այդ քայլը նկատեց ահաբեկչութենէն զուրկ եղող պետութիւն դառնալու Անգարայի նպատակի իրագործման ուղղութեամբ կարեւոր քայլ մը:

Ան աւելցուց, որ Թուրքիոյ կարծիքով` այս քայլը կը ներառէ Իրաքի, Սուրիոյ եւ Եւրոպայի մէջ քիւրտ զինեալները:

Share