Քաղաքական կամքի բախտորոշ վայրկեանը

Քաղաքական կամքի բախտորոշ վայրկեանը

Կարօ Արմենեան

Արցախը չկայ։ Ան խլուած է ոչ միայն մեր հայրենիքի հողային ամբողջականութենէն, այլև — այլ մանաւա՛նդ – մեր էութենէն։ Այսօր խոցուած ենք ազգովին և կ՚ապրինք ջարդուած խղճմտանքով։

Եւ հետևաբար այսօր է ժամը հարց տալու, թէ գործօններէն ո՞րն է այն վճռորոշ գործօնը, որ ներկայ կացութեան մէջ կրնայ կասեցնել և ետ շրջել մեր կեանքի գահավէժը և մեզ վերստին դնել — թէկուզ այս ուշ ժամուն — ուժական ընթացքի մէջ։

Աշխարհաքաղաքական աքցանը, որուն մէջ կը գտնուի հայ պետականութիւնը այսօր, աննախընթացօրէն դաժան է։ Ան կը պահանջէ նոր մտքեր, նոր զէնքեր, նոր զօրաշարժ, նոր ռազմավարութիւն։ Ան կը պահանջէ նոր գիտութիւն սպառնալիքներու բնոյթին մասին և նոր յանձնառութի՛ւն՝ թշնամին դիմագրաւելու և զայն զգետնելու։ Պիտի յստակօրէն գիտնանք, թէ ո՞վ է թշնամին, ի՞նչ է թշնամին, ո՞ւր է թշնամին։ Հարկ կա՞յ կրկնելու, որ այս կռուին ռազմաճակատը կ՚երկարի Սիւնիքէն մինչև Մոսկուա և մինչև աշխարհի հեռաւոր անկիւնները։

Մեր «ռազմավարական դաշնակից»ը, որպէս այդպիսին, չքացած է շրջանի ռազմաբեմէն։ Ռուսաստանի ազգային գերագոյն շահերը այժմ կը ներկայացուին Մոսկուայի մէջ ամրացած Փութինեան վարչախումբին կողմէ, որ միաժամանակ գործընկերային խորունկ շահերով կապուած է Ալիևի ֆինանսական կայսրութեան և այս վերջինին օրգանապէս մաս կազմող Թուրքիոյ և Իսրայէլի շահացանցերուն։ Այսօր ցաւով կ՚ընդգծեմ, որ այս կէտին վրայ, ռազմաբեմին վրայ գործողը Ռուսաստանի ազգային մեծապետական շահերը չեն այլևս, այլ Մոսկուայի իշխանական հաստատութեան (establishment) խմբակային և անձնական շահե՛րը՝ որոնք խախտած են աշխարհաքաղաքական խաղաքարտերու դասաւորումը շրջանին մէջ և փոխա՛ծ՝ տարերքը Կովկասի ուժային քարտէզին։

Որքան ալ խօլակարծային (paradoxical) թուի պարագան, պիտի ընդունինք, որ Ռուսաստանը ինքզինք չի ներկայացներ այլևս։ Փութինն է, որ կը ներկայացնէ Ռուսաստանը…Եւ այդ իսկ է հարցը։ Վճռողը Ռուսաստանի ռազմավարական հեռահաս շահերը չեն այլևս, այլ Փութինեան համակարգի յատուկ շահերը (special interests), որոնք անպայման նոյնը չեն։ Յամենայն դէպս նոյնը չեն Հայաստանի կենսական շահերու տեսանկիւնէն։ Շահերու այս զանազանութիւնը լրջօրէն հաշուի առնելով է միայն, որ կարելի է ճիշտ գնահատական տալ հայկական կողմի ներկայ ճգնաժամին և փոխընտրութիւններուն։

Շահերու խաչաձևման այս փաստը նաև ամրագրուած է Փութինի և Ալիևի միջև ստորագրուած և 43 կէտերէ բաղկացած Փետրուար 24, 2022 թուակիր Մոսկուայի համաձայնագրով, որ բացայայտօրէն ճանաչում կու տայ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ինքնաբերաբար հաւաստելով նաև որ Արցախը մաս կը կազմէ յիշեալ ամբողջականութեան։ Հանգամա՛նք՝ որ բացայայտ հակասութեան մէջ է Արցախի կարգավիճակի խնդրով ԵԱՀԿ-ի Մատրիտեան Գագաթաժողովի կողմէ հաստատուած սկզբունքներուն հետ, որոնց դարբիններէն մէկը նոյնինքն Ռուսաստանն էր։

Փութին-Ալիև համաձայնագիրը նաև կը յստակացնէ, որ կողմերը պիտի յարգեն մէկզմէկու ռազմավարական շահերը Կովկասի խնդիրներու կապակցութեամբ։ Իրականութեան մէջ, Փութինն է, որ յատուկ տեղ պիտի տայ Ալիևի քաղաքականութեան հրամայականներուն Կովկասի մէջ։ ԱՅՍ ԱՌՈՒՄՈՎ, ՄՈՍԿՈՒԱ Ի ՅԱՌԱՋԱԳՈՒՆԷ ՄԵԾ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԸ Կ՚ՕԺՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԵԼՈՎ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ԱՊԱԳՈՐԾՕՆ (dysfunctional) ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ։ Պէտք է գիտակցինք այս դառն ճշմարտութեան և ընդունինք, որ ներկայիս չունինք ռազմավարական դաշնակից, քանի որ ան (երկար ատենէ ի վեր) առևանգուած է (hijacked) Փութին-Ալիև յարաբերութիւններու նոր դաշինքին կողմէ։ Հետևաբար ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Փութին իր համամտութեան կնիքը կը դնէ Արցախի ինքնիշխանութեան խնդրին վրայ լիովին իւրացնելով Ալիևի թէզերը և շնականօրէն (սինիզմով) վկայակոչելով Փաշինեանի բարբանջանքները որպէս հիմ Մոսկուայի նոր կողմնորոշման։ Ինչո՞ւ զարմանալ, երբ Մոսկուայի աչքերուն առջև Ալիև դժոխքի կը վերածէ Արցախը (և զայն բռնի կը հայաթափէ) լայնօրէն օգտագործելով Մոսկուայի (և Թուրքիոյ և Իսրայէլի և Արևմուտքի) կողմէ հայթայթուած զինատեսակներն ու ռազմա-արհեստագիտական տեղեկոյթը։

Այս բոլորէն պէտք չէ հետևցնել, որ Մոսկուա կը պատրաստուի հրաժարիլ իր Կովկասեան դիրքերէն և զանոնք յանձնել Ալիևի և Էրտողանի։ Ո՛չ։ Այս կէտին վրայ, դժուար է բնորոշում տալ Մոսկուայի հեռահար փոխընտրութիւններուն Կովկասի մէջ։ Կը տարուիմ մտածելու, որ անոնք դեռ յստակ չեն նոյնիսկ Փութինին համար։ Մոսկուայի establishment-ը – ի տարբերութիւն կայսերական Ռուսաստանի – կը թուի մտածել և գործել աւելի կարճաժամկէտ հորիզոնով։ Առայժմ պարզ է միայն մէկ բան։ Ներկայի Մոսկովեան հաստատութիւնը ուժեղ շահադրդիչներով (incentives) իր գրաւը դրած է ԱԼԻԵՒԻ ՎՐԱՅ ՝ հայկական կողմը լքելով իր ճակատագրին։ Եւ ասոր առաջին զոհը փաստօրէն Արցախն է և Արցախի մեր ժողովուրդը։

Մոսկուայի հաշուարկին մէջ, հայկական կողմը այլևս չունի տարածաշրջանային գործօնի կարգավիճակ։ Իսկ Ազրպէյճանը՝ անպայմա՛ն ունի։ Ան անվիճելիօրէն կը վայելէ «մրցակցային առաւելութիւն» Հայաստանի վրայ։ Հայաստանը կորսնցուցած է խօսակիցի իր արժէքը Փութինի և Մոսկուայի համար։ Մոսկուայի իրական խօսակիցները Կովկասի մէջ Ալիևն ու Էրտողանն են այսօր։ Եւ անպայման՝ Իրա՛նը։

Միւս կողմէ Մոսկուան կը գիտակցի, որ թուրքևազրպէյճանական գործօնը Կովկասի մէջ թէ՛ սպառնալիք է իր տարածաշրջանային շահերուն և թէ՛ երաշխի՛ք՝ իր խմբակային շահերու ապահովման։ Բարդ հիւսուա՛ծք մը՝ որմէ խուսափելու ձև չունի ան այլևս։ Այսօր, Մոսկուայի խնդիրն է ճիշտ կառավարել այս երկուութիւնը։ Այսինքն՝ միաժամանակ «սիրել-ատել»ու այս սիրախա՛ղը (love-hate relationship)։ Եւ այդ նուրբ և լպրծուն գործին համար և Փութինեան Մոսկուայի դիրքերէն՝ Հայաստանն ու Արցախը շահեկան են միայն որպէս «առուծախ»ի խաղաքարտ։ Յամենայն դէպս՝ ո՛չ որպէս Ռուսաստանի մեծապետական շահերու կենսական յենարան։

Այս ականուած փոխյարաբերութիւններու համատեքստին մէջ է, որ Ալիև կրցաւ «գնել» Մոսկուայէն (ա) 44-օրեայ պատերազմի իր յաղթանակը հայկական տարածքներու լայնածաւալ իւրացումներով, (բ) հայկական ռազմոյժը քանդելու «արտօնութիւն»ը, (գ) Արցախն ու Հայաստանը պատանդելու «իրաւունք»ը, (դ) Մոսկուայի դռները հայ դիւանագիտութեան առջև փակելու պատեհութիւնը և (ե) Սիւնիքի քաղաքական ապագան պայմանաւորելու մեծ կարելիութիւնը։ Այսինքն՝ հայկական ներկայութիւնը տարածաշրջանի բեմէն քաղաքականօրէն չքացնելու համաձայնութի՛ւնը…Եւ այս գործարքը դեռ վերջ չէ գտած։

Ասիկա հսկայ ոստիւն մըն է Ալիևի և Թուրքիոյ համար տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ։ Ազրպէյճան այժմ կը տիրապետէ բոլոր կենսական խաղաքարտերուն։ Շերեփը Ալիևին ձեռքն է։ Շերեփը մանաւանդ Էրտողանի ձեռքն է (և Իսրայէլի)։ Կարելի է միայն պատկերացնել, թէ ի՞նչ փոխարժէքի դիմաց։ Կրկնե՛մ. ողբերգութիւնը այն է, որ Մոսկուան՝ ի՛նքը լայնօրէն պատանդուած է իր նեղ շահակցական ոլորտի գործօններով, երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանին ու Արցախին։ Պատանդուած է Ալիևի կողմէ։ Որ կը նշանակէ՝ Թուրքիոյ և անուղղակիօրէն Իսրայէլի։

Այս բոլորէն ետք, կարելի է տակաւին պնդել, որ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական բեմին վրայ Ռուսաստանի և Հայաստանի միջև ԲՆԱԿԱՆ դաշնակցի (natural ally) յարաբերութիւնները կը մնան ի զօրու, թէև սառեցուա՛ծ՝ Փութինեան վարչակարգին (և Փաշինեանի) կողմէ։ Պէտք է ենթադրել, որ Ռուսաստանի ազգային գերագոյն շահերը տակաւին կապուած են Ռուսաստան-Հայաստան-Իրան հիւսիս-հարաւ առանցքին, որ ի վերջոյ պէտք է ինքզինք պարտադրէ տարածաշրջանի իրականութեան։ Եթէ ճիշտ է այս վարկածը, Ռուսաստան պէտք է ի վերջոյ վերականգնէ իր գերագոյն շահերու անզիջելիութիւնը փանթուրքիստական մնայուն սպառնալիքին դիմաց։ Ընդունինք և սակայն նաև հարց տանք՝ ե՞րբ…և ինչպէ՞ս։

Այդ մէկը կ՚ենթադրէ Ռուսաստանի ներքին քաղաքական դաշտի արմատական յեղաշրջում և արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու հիմնական փոփոխութիւններ։ Այդ մէկը կ՚ենթադրէ Ռուսաստանի ուժային գերակայութեան վերականգնում իր ծայրամասային գօտիներուն մէջ։ Եւ, անշուշտ, հարց է թէ ո՞վ կրնայ գլխաւորել այսօր յարացոյցի նման փոփոխութիւն մը Ռուսաստանի քաղաքական բեմին վրայ…(Յամենայն դէպս՝ ոչ Փութինը)։ Եւ անպայման հարց պէտք է տալ, թէ իսկապէս ի՞նչ կ՚արժեն այս թէական ակնկալութիւնները Ռուսաստանէն այսօրուան մեր մեծ ճգնաժամին դէմ յանդիման։ Վայրկեանները կարևոր են մեզի համար և անոնք համրուած են։ Անոնք մեր կենսական տարածութիւնն են այսօր, որ սարսափելիօրէն նեղ է։ Մենք մսխելոու ժամանակ և լուսանցք չունինք այլևս։

Մենք պիտի չմոռնանք, որ բնական դաշնակցի յարաբերութիւնները, իրենց հում վիճակին մէջ, դեռևս դաշնակցային չեն։ Անոնք տարերային բնոյթ ունին և հետևաբար անոնց վրայ կարելի չէ քաղաքականութիւն ձևաւորել առանց զանոնք քու ձեռքերուդ մէջ առնելու և զանոնք իսկապէս խմորելու։ Զանոնք պէտք է տևաբար մշակել, իմաստաւորել, հարստացնել, այժմէացնել, վերասահմանել իրերու զարգացման ամէն մէկ հանգրուանին վրայ։ Բնական դաշնակցի յարաբերութիւնները պէտք է վերածուին ամէնօրեայ գործօն յարաբերութիւններու և կենսաձևի, որպէսզի վերածուին լծակային ուժականութեան։ Ալիև այս խաղին մէջ մտաւ «տկարութեան» դիրքերէ, բայց կրցաւ Ռուսաստան-Հայաստան բնական դաշնակցի յարաբերութիւններու դարպասը փուլ բերել և մեզմէ առաջ անցնիլ…Ինչո՞ւ և ինչպէ՞ս։

Այստեղ է, որ իր բացարձակ մերկութեանը մէջ կը բացայայտուի այն ճակատագրական աղէտը, որ կը կոչուի Փաշինեանական համակարգ։ Ան պարագայական երևոյթ մը չէ հայ պետականութեան կեանքին մէջ։ Ան եկած է կազմակերպելու հայ անկախ պետականութեան հետևողական կազմաքանդումը։ Այս կէտին վրայ, հայ անկախ պետականութիւնը կազմաքանդման սուր մարտահրաւէրներու առջև կը գտնուի ոչ միայն դուրսէն, այլ մանաւանդ ներսէն։ Դուրսի և ներսի սպառնալիքները այս պարագային կը գործեն ՄԻԱՏԵՂ և զիրար կ՚ուժականացնեն հետզհետէ անպարտելի դարձնելով թշնամին։

Բոլոր երևոյթները ցոյց կու տան, որ Փաշինեանական համակարգը գործիքակազմն իսկ է վերոյիշեալ ռազմավարութեան, որուն տէրերը արտաքին ուժերն են և գլխաւորաբար Թուրքիան։ Հետևաբար ազգին առաջնահերթ խնդիրն է այսօր ձերբազատուիլ իր կենսական ուժականութիւնները կազմալուծող այս իշխանութենէն։ Ներկայիս, իշխանութեան վրայ գտնուող վարչակարգը (եթէ ուզէ իսկ) չի կրնար լուծում բերել երկրի լինելիութեան խնդիրներուն։ Ան պէտք է դուրս գայ իշխանութեան դիրքերէն, եթէ ազգը պիտի կարողանայ վերստին տէր կանգնիլ իր ճակատագրին։ Իսկ կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ մէկը դիւրաւ յաղթահարուող թիրախ մը չէ այս կէտին վրայ։

Փաշինեանական համակարգը – նոյնիսկ անկախ իր դիտաւորոութիւններէն — կը մշտնջենաւորէ պարտութեան ռեժիմը Հայաստանի մէջ և անզօրութեան կը մատնէ մեզ Հայրենիքի և Սփիւռքի մէջ։ Այս իրավիճակը կարելի դարձաւ 44-օրեայ Պատերազմի թուրքևազրպէյճանական ռազմավարութեամբ և գործօն աջակցութեամբը Փութինեան Մոսկուայի։ Եւ սակայն այն իրողութունը, որ Փութինեան Մոսկուան – իր նեղ շահերէն ելլելով – մաս կազմեց հայկական կողմի պարտութեան գործընթացին, ամբողջովին չի բացատրեր հայկական գործօնի քայքայման հոլովոյթը։

Այստեղ կարևոր է, որ քննարկման ենթարկենք Արևմուտքի դերակատարութեան խնդիրը։

Հակառակ պատմական ջերմ և բազմաշերտ յարաբերութիւններուն, Արևմուտքի առաջնահերթութիւնները Հայաստանի նկատմամբ միշտ ալ պառակտուած են տարածաշրջանային հակասական շահերու գործօններով։ Ասիկա ճիշտ է մանաւանդ այսօր։ Արևմուտքի գործընկերը Կովկասի մէջ Թուրքիան է և վերջինիս արբանեակ՝ Ազրպէյճանը։ Տասնամեակներու ընթացքին, Թուրքիան ինքզինք հաստատեց, որպէս Նաթոյի գլխաւոր խարիսխը Միջին Արևելքի մէջ և Ռուսաստանի ամենէն զգայուն սահմանագծերուն վրայ։ Թուրքիոյ կշիռը անգերազանցելի է և անփոխարինելի՝ Արևմուտքի տարածաշրջանային քաղաքականութեան բոլոր էական ճակատներուն վրայ։ Այս փաստը կարելի չէ անտեսել որևէ պայմանով։ Արևմուտքը բուռն վէճեր կրնայ ունենալ Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութեանց և անհատ ղեկավարներուն հետ (ունի՛ Էրտողանի հետ), բայց Թուրքիան փոխարինող այլ ուժ, որպէս ռազմավարական գործընկեր, գոյութիւն չունի տարածաշրջանին մէջ։

Դարձեալ, անկախ այն բանէն, թէ Արևմուտքի ղեկավարներն ու դիւանագէտները ի՞նչ հաւաստիքներ կու տան Հայաստանի և Սփիւռքի իրենց խօսակիցներուն, Արևմուտքի փոխընտրութիւնները ի սկզբանէ կաշկանդուած են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ։ Այս հանգամանքը պիտի չփոխուի կանխատեսելի ապագային։

Արևմուտքի դիտաւորութիւնները Կովկասի մէջ ներկայիս խթանուած են մէկ կողմէ Ռուսաստանը հակակշռելու և զայն տկարութեան դիրքերու վրայ դնելու հրամայականէն, իսկ միւս կողմէ՝ Իրանը շրջափակելու առաջնահերթութենէն։ Հեռակայ հաշուով՝ նաև Չինաստանի ճանապարհները խափանելու անհրաժեշտութենէն։ Այս ճակատներուն վրայ, Արևմուտքը պէտք ունի Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի և Իսրայէլի։ Այս կէտին վրայ, յիշեալ փոխ-կապուածութիւնը այնքան սուր է և կենսական, որ Արևմուտքի ղեկավարութիւնը պատրաստ է նոյնիսկ աչք գոցելու Հայաստանի և Արցախի նկատմամբ Թուրքիոյ և Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութեան վրայ։ Եւ բացէ ի բաց զօրավիգ կանգնելու Իսրայէլի բնաջնջումի գործողութիւններուն Կազայի մէջ։ Արևմտեան ճատրակախաղի դիրքերէն՝ Թուրքիան, Ազրպէյճանը և առաջին հերթին՝ Իսրայէլը «զոհելի» չեն։ Բոլոր միւսները – ներառեա՛լ՝ հայերը, քիւրտերը, պաղեստինցիները — «զոհելի» են։ Հայաստանը կրնայ հռչակոուիլ որպէս Արևմտեան քաղաքակրթութեան գոհարը, բայց ան չի դադրիր Արևմուտքի կողմէ «զոհելի» ըլլալէ։

Այս առումով և իրերու ներկայ դրութեան մէջ, հայկական կողմը վստահելի բարեկամ չունի աշխարհակարգի կառոյցէն ներս։ Չունի որևէ իրական ԱՐՏԱՔԻՆ յենարան իր լինելիութեան ճարտարապետութիւնը կարենալ կառուցելու համար։ Չունի մանաւանդ այն պատճառով, որ հայկական կողմը՝ ի՛նք լայնօրէն զրկուած է որպէս աշխարհաքաղաքական յենարան հանդէս գալու իրական կարելիութիւններէն այսօր։ Ան այլևս ոչինչ ունի դնելիք սեղանին որպէս խաղաթուղթ։ Փաշինեանական համակարգը փճացուցած է բանակցային հակակշիռներու մեր զինապահեստը։ Աշխարհակարգի ուժերը տեղաւորուած են Կովկասի ռազմաբեմին վրայ իրենց նեղ շահերէն դրդուած։ Շահե՛ր՝ որոնք իրերու ներկայ դրութեան մէջ սերտօրէն առընչուած են մեր թշնամիներու շահերուն և պատրաստ են իրենց առևտուրը ընելու մեր հաշւոյն։ Իսկ մենք ոչինչով կրնանք հակադարձել։ Մեր բոլոր լծակները Փաշինեանական համակարգին կողմէ յանձնուած են թշնամիին։

Այս բոլորէն կը հետևի, որ մենք՝ ինքներս շատ գործ ունինք ընելիք մեր կացութիւնը բարելաւելու ճակատին վրայ։ Շատ գո՛րծ՝ տարածաշրջանի խաղաքարտերը կրկին ի նպաստ մեզի վերադասաւորելու մարզին մէջ։ Ճակատագրի բնական ընթացքով՝ մենք այլևս տեղ չունինք տարածաշրջանին մէջ։ Մեր տեղը մենք ինքնե՛րս պիտի բանանք մեր իսկ մագիլներով։ Եւ հանճարո՛վ։

ՄԵՐ ԱՆԵԼԻՔԸ

Պէտք է սկսիլ այն բանէն, որ մեր պատմական հայրենիքը մեզի չի կրնար պատկանիլ, եթէ մենք զայն ամէն օր և ամէն գնով մերը չընենք։ Հասկնալ պատմութիւնը և տիրութիւն ընել մեր պատմական յիշողութեան՝ կենսական մէկ մասն են մեր

իրաւագիտակցութեան, բայց անոնք դեռ շատ հեռու են մեր այսօրուան հարցերուն լուծում բերելէ։

Աշխարհակարգը չոր և անողորմ յարաբերութիւններու խաղադաշտն է, ուր կը գործեն կայսերական շահերը։ Ժողովրդավարութիւններ չկան այս ոլորտին մէջ։ Բարի դրացնութիւնները մակերեսային խօսոյթներ են։ Անոնք կը ծածկեն միջ-պետական յարաբերութեանց իրական գործօնները։ Ժողովուրդներու միջև մշակութային ջերմ կապերը կը զարգանան, երբ անոնք – որպէս ինքնիշխան պետականութիւններ – արդէն ապահոված են իրենց տեղերը աշխարհակարգի տրամաբանութեան մէջ։

Աշխարհաքաղաքական տարածաշրջան մը ինքնիշխան և միաժամանակ մէկզմէկէ կախեալ պետութիւններու համակարգ մըն է։ Շղթա՛յ մը՝ բազմաթիւ օղակներով։ Երբեք պէտք չէ մոռնալ շղթայական համակարգերը ղեկավարող յայտնի օրէնքը։ Շղթայի մը զօրութիւնն ու դիմացկունութիւնը հաւասար է իր ամենէն տկար օղակի տարողութեան։ Նոյն օրէնքը կը գործէ նաև տարածաշրջաններու ներքին տարերոյթի (dynamics) գործընթացներուն մէջ։ Տարածաշրջան կոչուող աշխարհաքաղաքական շղթան երբեք չի հանդուրժեր տկար օղակները։ Տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները կը հաստատուին աշխարհաքաղաքական «շղթայ»ին ամենէն տկար օղակներուն հաշւոյն։ Շղթան կը լուծարէ տկար օղակները շղթայի լինելիութիւնը ապահովելով։

Այս առումով, պէտք է հարց տալ, թէ արդեօ՞ք անյոյս է հայ անկախ պետականութեան պարագան Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ռազմաբեմին վրայ։

Այն իրողութիւնը, որ ներկայիս մենք մեզ կը գտնենք մեծապէս ականուած կացութեան մը մէջ, երբեք չի նշանակեր, որ փակուղային է մեր վիճակը։ Որպէս ընդհանուր սկզբունք՝ իրավիճակ մը փակուղային է, երբ մենք՝ ինքնե՛րս մեր մտքերը դրած ենք փակուղիի մէջ…կամ թոյլ տուած` որ անոնք փակուղիի մէջ դրուին ուրիշներու դաւադրական միջամտութեամբ։ Բա՛ն մը՝ որ վերջին պատերազմի էութիւնն իսկ էր։

44-օրեայ Պատերազմին նպատակը հայկական կողմի ռազմական պարտութիւնը չէր միայն։ Ան ծրագրուած էր հոգեբանական պատերազմի մասնագէտներուն կողմէ անզօրութեան մատնելու մեր ժողովուրդին միտքը և յատկապէս անոր վերնախաւի քաղաքակա՛ն միտքը։ Նպատակն էր թշնամիի ռազմական յաղթանակը վերջնականօրէն ամրագրել ազգը բարոյապէս և քաղաքականապէս անդամալուծելով։ Պարզ խօսքով, մղելո՛վ մեզ հաւատալու՝ որ աշխարհակարգի կառոյցին մէջ տեղ չկայ հայ անկախ պետականութեան համար։ (Դո՛ւրս Պեռլինէն…վերադարձէ՛ք Պոլիս։)

Բարեբախտաբար իրականութիւնը այդպէս չէ։ Աշխարհակարգը ձևաւորող կայսերական ուժերը և առաջին հերթի՛ն՝ ԱՄՆ, Ռուսաստան, Եւրոպա, Թուրքիա, Իրան և Իսրայէլ անճկելի զանգուածներ չեն։ Անոնք կ՚ապրին ներքին քաղաքական հակասութիւններով և կնճիռներով։ Անոնք բոլորն ալ ունին աքիլլէսեան կրունկներ…Անոնք բոլորն ալ ենթակայ են սակարկութեան։

Մեր խնդիրն է մտնել այդ բարդ տիեզերքէն ներս ազդու զէնքերով։ Այս առումով, եթէ մեր լինելիութեան սպառնացող վտանգը կայսերական է իր բնոյթով, ուրեմն մեր հակադարձութիւնն ալ պիտի ունենայ նոյն կայսերական որակները։ Քաջ գիտնալո՛վ՝ որ ռազմադաշտին մէջ գործողը լոկ զէնքերը չեն։ Զինուորները չեն։ Այլ այդ բոլորը համադրող և համակարգող լծակային ուժերը (leverage)։

Ըստ Հայկական Սովետական Հանրագիտարանին, լծակը (lever, levier) այն գործիքն է – ինչպէս Խրիմեան Հայրիկի երկաթէ շերեփը… — որմով փոքրագոյն ուժով կարելի է հակակշռել մեծագոյնը։ Ներկայիս այդ կարողականութիւնները կը գտնուին սխալ ձեռքերու մէջ։ Լծակային կարողականութիւնները մեր երկրին մէջ խլուած են Փաշինեանական համակարգին կողմէ և անոնք կը հակակշռեն ԱԶԳԻ՛Ն ուժը փոխանակ հակակշռելու ուժը թշնամիին…Մե՛ր թշնամին տարածաշրջանի ճակատագիրը ճշտող միջ-կայսերական ուժերու համակարգն է, որ կեցած է Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ ետին։ Իսկ Փաշինեանական համակարգի թշնամին – իրերու տարերային դասաւորումով — ԱԶԳՆ է… Առակս ի՞նչ ցուցանէ։

Առակս ցուցանէ այն՝ որ ազգը իր մէջ պիտի գտնէ անհրաժեշտ կամքն ու ուժը ինքնիր վախերն ու թուլակամութիւնը յաղթահարելու և Փաշինեանական համակարգը արագօրէն ու վճռականօրէն դուրս բերելու իշխանութեան դիրքերէն։ Առանց այդ վիրահատութեան, այսինքն՝ առանց լիարժէք իշխանափոխութիւն իրագործելու, ոչինչ կրնայ կասեցնել մեր հաւաքական գահավէժը։ Իշխանափոխութեան գործը առաջին շփման գիծն է մեր լինելիութեան պատերազմին։ Առանց այդ ճակատագրական հանգրուանը նուաճելու ոչինչ կարելի է իրագործել։ Առանց այդ ճակատամարտը շահելու՝ մենք ինքնաբերաբար կ՚ընդունինք աշխարհակարգի վճիռը պատմութեան բեմէն միանգամընդմիշտ դուրս դրուելու։

Իսկ այդ վճռական գրոհը կը պահանջէ բոլորովին նոր ռազմավարութիւն, նոր տեսիլք և անսահման քաջութիւն անկոխ գետիններէն հաշուի նստելու թշնամիին հետ։ Տէր ընդ մեզ։

Հոկտ. 17, 2023

Share