Վասպուրականի հերոսամարտի 110 ամեակը նշուեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան մէջ

Վասպուրականի հերոսամարտի 110 ամեակը նշուեցաւ Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան մէջ

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութեան Մէսճեան կեդրոնի գրական յանձնախումբը Վասպուրականի հերոսամարտի 110 ամեակի յիշատակման երեկոյ մը կազմակերպեր էր Նոյեմբեր 30, 2025-ին, միութեան Խաչատուրեան սրահին մէջ։

Ճիշտ ժամը 7։00-ին բարի գալուստի խօսքով երեկոյին բացումը կատարեց վարչութեան քարտուղարուհի և գրական յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Այտա Յովասափեանը, ապա հրաւիրեց նոյնպէս գրական յանձնախումբի անդամ՝ Յակոբ Սիմոնեանը հերոսամարտին մանրամասն պատամականն ու վերլուծականը ինչպէս նաեւ անորմէ քաղուած դասերը ներկայացնելու։

Հերոսամարտին կազմակերպողներուն, ղեկավարներուն, դիմադրող ժողովուրդին և օգնութեան հասնող գիւղացիներուն նկարներով տեսանիւթ մը ցուցադրուեցաւ։

Ուրիշ հակիրճ Անգլերէն լեզուով տեսաերիզ մըն ալ ցուցադրուեցաւ «Defense of Van» խորագրով որ յստակօրէն ցոյց կուտար թշնամիներուն յարձակումները և Վասպուրական ժողովուրդի պաշտպաննութիւնները։

Երաժշտական բաժնին հանդէս եկան միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի անդամներ Մայք Արապեան «Զարթիր Լաօ» երգով, Շաքէ Պարսամեան «Ձայն տուր ով Ֆէտա» և «Իմ Հյարենիք Վան» երգերով, ապա տուտուկահարներ Աշոտ Հէպոյեան և Դաւիթ Դանիէլեան «Տլէ Եաման» և «Կռունկ» նուագներով։

Հանդիսավարը հրաւիրեց «Օրակարգ» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր՝ Պրն․ Զարեհ Աճէմեանը հերոսամարտին արժէքաւորումը ներկայացնելու։

Ան արտայայտուեցաւ թէ հերոսամարտը իւրայատուկ արժէք ունի որովհետեւ հրաշալի ձեւով հայերը  կարողացան պաշտպանել վասպուրականը, որը մէկ օրուայ մէջ չէ պատահած, այլ տարիներու գիտակցութիւն, միասնականութիւն և պատրաստութիւն ունէին։ Պրն․ Աճէմեանը շեշտեց որ հերոսամարտի դասը այն է որ միշտ կազմակերպուած պէտք է ըլլալ, թէկուզ ամենալաւ ժամանակ, նաեւ յուսահատութեան ժամանակ։ Հայը կրնայ մէջքը շըտկել, ոյժ առնել, կազմակերպուիլ և դիմադրել ներքին և արտաքին թշնամիներուն, ու տիրանալ իր իրաւունքներուն։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Վասպուրական Հայրենակցական միութեան, Լոս Անճըլըս մասնաճիւղի ատենապետ՝ Պրն․ Յակոբ Մկրտիչեան իր սրտի խօսքը արտասանելու։

Ան յայտնեց որ հերոսամարտը անհնարին պայմաններու անհնարին յաղթանակ  էր, զէնքի և մթերքի սահմանափակութեամբ նաեւ սնունդի և մատակարման չգոյութեամբ։ Ան աւելցուց ըսելով «Մեզի յաջորդած սերունդները անպայման Վանի հերոսամարտը Վարդանանց պատերազմի կողքին պիտի դնեն»։ Եւ «Վասպուրականի հերոսամարտի ամենամեծագոյն հետեւանքը, այս դահլիճին մէջ նստած դուք ներկաներդ եք»։ 

Հանդիսավարուհին փակման խօսքին մէջ շնորհակալութիւններ յայտնեց յայտագրին մասնակցողներուն, վարագոյրի ետեւ աշխատողներուն և բոլոր ներկաներուն, ապա բոլորին հրաւիրեց հիւրասիրութեան սեղանին։

Ներկաներէն շատերը մեծ գոհունակութեամբ և գնահատանքով հեռացան սրահէն։

Share