Երէկ՝ նոյեմբեր 27-ին, պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա ժամանեց Հռոմի Լեւոն ԺԴ. պապը ՝ մասնակցելու Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակի յիշատակի հանդիսութիւններուն։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, ան նաեւ հանդիպում ունեցաւ զանանզան պաշտօնատարներու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ, ուր կոչ ուղղեց Թուրքիոյ՝ դառնալու «կայունութեան ու ժողովուրդներուն միջեւ մերձեցման ազդակ», միաժամանակ զգուշացնելով «միաձեւ մտածումի» վտանգին դէմ։
«Շնորհիւ իր աշխարհագրական դիրքին ու բազմազան բնոյթին, Թուրքիան կամուրջ մըն է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ, նոյնպէս ալ վայր մը ուր քաղաքակրթութիւնները ու կրօնները հանդիպում կ՛ունենան», ընդգծեց ան։
Էրտողանի ներկայութեամբ արտասանած իր խօսքին մէջ պապը աւելցուց. «Մէկ գոյնի բռնապետութիւնը երկիրը կը թուլացնէ», շեշտելով, թէ «Հասարակութիւնը կ՛առողջանայ եւ կը բարգաւաճի միայն բազմազանութեան շնորհիւ»։
Ան նաեւ հաստատեց. «Կ՛ուզեմ ձեզի վստահեցնել, թէ քրիստոնեաները, որոնք իրենք իրենց կը նկատեն թրքական ինքնութեան անբաժենլի բաղադրիչ, ցանկութիւն ունին դրական կերպով նպաստել ձեր երկրի միասնականութեան»։
Սրբազան քահանայապետը կիրակի օր Թուրքիայէն պիտի մեկնի դէպի Լիբանան։
