Մեր խարիսխը արդէն ձեր ծովուն յատակին է. Ֆրանսայի հակահետախուզական գործակալութիւնը խիստ զեկոյց մը հրապարակած է երկրին մէջ «իսլամ եղբայրներ»-ու գործունէութեան մասին

Մեր խարիսխը արդէն ձեր ծովուն յատակին է. Ֆրանսայի հակահետախուզական գործակալութիւնը խիստ զեկոյց մը հրապարակած է երկրին մէջ «իսլամ եղբայրներ»-ու գործունէութեան մասին

Յարութ Չէքիճեան

22 օգոս­տոս 2025-ին մա­հա­ցաւ «Ազ­դակ»-ի եր­կա­րա­մե­այ աշ­խա­տա­կից, բե­ղուն գրի­չի տէր Յա­րութ Չէ­քի­ճե­ա­նը, որուն յօ­դու­ած­նե­րէն եւ յատ­կա­պէս թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րէն որոշ թիւ մը աշ­խուժ կշ­ռոյ­թով առա­քու­ած էին խմ­բագ­րու­թե­անս, սա­կայն օրին կա­րե­լի չէր եղած անոնց տեղ տալ` նոյն հե­ղի­նա­կին այլ աւ­ե­լի առաջ­նա­հերթ գրու­թիւն­նե­րու հրա­տա­րա­կու­թե­ան նա­խընտ­րու­թե­ան բե­րու­մով:

Սա­կայն նկա­տի ու­նե­նա­լով Յա­րութ Չէ­քի­ճե­ա­նի գրու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թե­ան կա­րեւ­ո­րու­թիւ­նը, թէ­կուզ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան որոշ փո­փո­խու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րու­ած ըլ­լան, թու­ա­կան­նե­րը պահ­պա­նե­լով հե­տեւ­ո­ղա­կան կեր­պով պի­տի հրա­պա­րա­կենք խմ­բագ­րու­թե­անս մօտ գտ­նու­ող աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը:

«Ա.»

Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը 31 մայիս 2025-ի ռուսական «Ճէոֆոր»-ի մէջ լոյս տեսած Մաքսիմ Չիքինի յօդուածին (1), որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ:

«Իրականութեան մէջ այսպիսի զեկոյցներ տարիներէ ի վեր Ֆրանսայի արխիւներուն մէջ փոշի կը հաւաքէին: Տարբերութիւնը այն է, որ նախապէս աւելի մեղմ, դիւանագիտական լեզուով` «Մենք նկատի կ՛առնենք», «Մենք խնդիրէն տեղեակ ենք», «Մենք կը վերահսկենք իրավիճակը» եւ «Մենք կը շարունակենք կապի մէջ մնալ» արտայայտութիւնները կը լսէինք: Սակայն այս նոր հրատարակութիւնը կը ներկայացնէ շատ աւելի տագնապալի եզր մը` «Ազգային անվտանգութեան սպառնալիք»: Այսպիսի բան կարելի չէ անտեսել, լուրջի չառնել: Նախ այս զեկոյցը գաղտնի պահուեցաւ, ապա մէկը որոշեց, թէ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, թէ բոլորը գիտնան:

1.- «Նեշընըլ Ճէոկրաֆիք»-ի հոկտեմբեր 2016-ի կողքը` «Նոր եւրոպացիները», ինչպէ՞ս ներգաղթողները կը վերաձեւաւորեն ցամաքամասը:
2.- Փարիզի արուարձան Քլիշի լա Կարենի մէջ իսլամներու ուրբաթ օրուան աղօթքը, 10 նոյեմբեր 2017-ին, փողոց մը գոցած:

«Եւրոպայի սովորական մօտեցումը այս հարցին ետքայլ եղած է, քան` կրակը մարելը: Աւելի լաւ է ապահով հեռաւորութիւն պահել եւ թոյլ չտալ, որ կրակ առնեն մեր երեկոյի զգեստներուն ծայրերը: Ի վերջոյ, որո՞նք են անոնք եւ առանց մեզի ո՞ւր կրնան երթալ:

«Մենք` «Իսլամ եղբայրներս», կը նմանինք բազմաթիւ դռներով մեծ սրահի մը: Ոեւէ անձ կրնայ մտնել եւ գտնել այն, ինչ որ կը փնտռէ: Եթէ փնտռածը սուֆիզմ է, կը գտնէ զայն: Եթէ կ՛ուզեն իսլամական օրէնքը սորվիլ, գերազանցել մարզանքի մէջ, կամ միանալ սկաուտութեան, անոնք մեզ կը գտնեն այստեղ: Զինեալ պայքա՞ր կ՛ուզէք` մենք ա՛յդ ալ ունինք: Եթէ եկար ումմային (Իսլամ աշխարհ) համար, բարի՛ եկար»: Ասոնք «Ւսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան հիմնադիր Հասան  Պաննայի խօսքերն էին, 1928-ին, Գահիրէի արուարձաններէն մէկուն մէջ:

«Իր «ծրագիրը» երկու գլխաւոր նպատակ ունէր` ստեղծել իսլամական պետութիւն եւ շարիաթի օրէնքը կիրարկել, ուր որ կարելի է: Այլ խօսքով` «Արեւմուտքը նուաճելու ռազմավարութիւն»: Ալլահը զայն կը դատէ, բայց Պաննայի գաղափարախօսութիւնը նպատակ ունէր «վերահսկել մահմետականին կեանքը` ծնունդէն մինչեւ մահ»: Բայց ի՞նչ կապ ունի Եւրոպան անոր հետ:

«Մենք պիտի հետապնդենք այս չար ուժը իր սեփական հողերուն վրայ, հարուածենք անոր արեւմտեան սիրտը եւ պայքարինք այնքան ատեն, մինչեւ ամբողջ աշխարհը մարգարէին անունով պոռայ»:

«Եւրոպան միայն հիմա ինքզինք նուրբ վիճակի մէջ գտած է, քանի որ իսլամ համայնքը վերածուած է ուժի մը, որ այլեւս կարելի չէ անտեսել կամ թերագնահատել: Անոնք աւելի քան 70 տարիէ այստեղ են:

«1950-ական տարիներուն իսլամ գաղթականներ սկսան տեղաւորուիլ Անգլիոյ, Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ապա տարածուեցան Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Իտալիոյ մէջ, վայրեր, ուր ոչ պահանջկոտ բանուորներու կարիք կար: Գործարանի այս աշխատողներուն մէջ էր, որ կրօնական ինքնագիտակցութեան գաղափարը լուռ կերպով արմատացաւ, թէեւ անոնց երբե՛ք չէին արգիլեր աղօթել այնպէս, ինչպէս կ՛ուզէին, ե՛րբ եւ ո՛ւր որ կը ցանկային:

«Նոր զեկուցում մը կը նշէ, որ Ֆրանսայի մէջ իսլամները ունին հազարաւոր, այսպէս կոչուած, «պաշտամունքի վայրեր»: Այս եզրը կ՛ընդգրկէ ամէն ինչ` սկսելով իսլամական գերեզմանոցներէն մինչեւ մզկիթներ: Հակահետախուզութեան կողմէ յայտնաբերուած 2800 վայրերէն 280 միաւորներ` շուրջ 10 տոկոսը, ուղղակիօրէն կապուած են Եղբայրութեան հետ եւ կը ստանան անոր նիւթականը: Այս միայն այն է, որ քննիչները կրցած են հաստատել եւ ապացուցել:

«Բնականաբար ստուգեցին այն ամէնը, որ կարելի էր: Անոնք հետեւած են, թէ քանի՛ մարդ կը մասնակցի ուրբաթ օրուան աղօթքին: Սակայն կայ նաեւ գաղտնի «ներքին շրջանակը»` անհատներ, որոնք երդուած են եւ արմատական ուղին` գաղափարը ընտրած:

«Կարելի է մի՛այն երեւակայել, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսական հակահետախուզութիւնը թափանցած է այս մզկիթները: Եթէ Իսրայէլը Կազայի մէջ գործող արաբ գործակալներ ունի, ապա ինչո՞ւ ոչ` Եւրոպան:

«Ֆրանսայի մէջ Եղբայրութեան ազդեցութեան հիմնական գօտին կրթութիւնն է, յատկապէս` միջնակարգ եւ երկրորդական դպրոցներուն մէջ: Զեկոյցը պարզած է, որ սեփական իսլամ դպրոցները ուղղակի տնտեսական օգնութիւն կը ստանան Քաթարէն եւ Սէուտական Արաբիայէն` բացայայտ սիւննի օրակարգ ունեցող պետութիւններէն: Այս հաստատութիւնները ցրուած են Սթրազպուրկէն մինչեւ Մարսէյ:

«Որոշ մզկիթներու մէջ կը գործեն նաեւ դպրոցներ: Ֆրանսան նաեւ ունի եկեղեցական դպրոցներ, այնտեղ արտասովոր բան չկայ: Բայց ճիշդ ի՞նչ կը սորվեցնեն այնտեղ ուսանողներուն` Քուրանի համարնե՞ր, թէ՞ Քալաշնիքովի ձեռատետր: Դժուար է ըսել: Զեկոյցը կ՛եզրակացնէ, որ 21 հաստատութիւններ ուղղակի դրամ կը ստանան բացայայտ իսլամական կազմակերպութիւններէն: Ցարդ  այս դպրոցներէն 4200 աշակերտ աւարտած է: Ամենայն հաւանականութեամբ, անոնք այժմ ունին ֆրանսական անցագրեր եւ հանգիստ կեանք, եւ կարելի է ենթադրել, որ անոնք ազդանշանի կը սպասեն:

«Այսպիսի դպրոց մը կայ Լիոնի անանուն արուարձանի մը մէջ: Ես այնտեղ գտնուած եմ` մռայլ է: Ֆրանսական դպրոցները սովորաբար կը կոչուին նշանաւոր գործիչներու անուններով, ինչպիսիք են` Ժոլիօ-Քիւրին, Շարլ տը Կոլը, զօրավար Լեքլերը, Մոփասանը կամ Սուրբ Թովմաս Ագուինասը, բայց այս մէկուն հոգը չէ: Պարզապէս կը կոչուի Ալ Քինտի, ունի 608 աշակերտներ եւ տեղեկագիրին համաձայն, պաշտօնապէս կապուած է տեղւոյն մզկիթին հետ, որ արդէն Ֆրանսայի հետախուզութեան հսկողութեան տակ է:

«Եղբայրութեան երկրորդ ռազմավարութիւնը ընկերային ցանցերն են: Գաղափարը «Քարոզ 2.0»-ն է` առցանց երկխօսութիւն երիտասարդներու եւ «ազդեցիկներու» միջեւ, որոնք «կը բանան իսլամի դարպասները» Ֆրանսա ծնած ֆրանսախօս արաբ երիտասարդներուն համար: Այս ազդեցիկները կ՛առաջնորդեն երիտասարդները` դառնալու «կենսական կապը իսլամական գաղափարախօսութեան եւ եւրոպական արժէքներուն միջեւ, որոնցմով անոնք մեծցած են»:

«Ճամբորդութիւն, անձնական զարգացում, աշխատանքի օգնութիւն, ծանօթանալու յաւելուածներ (app), այն ամէնը, որ մարդիկը կը հետաքրքրէ, պէտք է մեր ազդեցութեան տակ ըլլայ», կը հաստատէ զեկոյցը:

«Ինծի կը յիշեցնէ Հասսան Չալղումին` արաբ-ֆրանսացի իմամը, որուն ես նոյնիսկ ընկեր կը կոչեմ: Անոր հետ քանի մը անգամ հարցազրոյց ունեցած եմ, այցելած` անոր մզկիթը Փարիզի արուարձաններէն մէկուն մէջ, եւ լսած` անոր ֆրանսերէն քարոզները:

«Անոր ուղերձը պարզ էր. «Մենք բոլորս ֆրանսացի ենք: Մենք այստեղ ծնած ենք: Մենք կ՛ապրինք ֆրանսական օրէնքներով: Ինչո՞ւ մեր օրէնքները պարտադրել անոնց: Թող մեր աղջիկները երթան առանց լաչակի, թող շպարուին եւ յաճախեն համերգներ եւ գինետուներ: Թող մեր յաւակնոտ երիտասարդները ստանան ֆրանսական կրթութիւն եւ ասպարէզ կառուցեն այստեղ: Որո՞ւն կը վնասէ»: Չալղումին տարիներ շարունակ կը գտնուի զինեալ պաշտպանութեան տակ: Անոր վրայ կրակած են եւ` հարուածած:

«Եղբայրութեան ծրագրին երրորդ յենարանը օրինականութիւն ձեռք բերելն է` գործելով ֆրանսական իրաւական շրջանակներուն մէջ: Նպատակն է հանգստացնել ֆրանսական եւ եւրոպական կարգաւորող մարմիններուն ապահովութեան կեղծ զգացողութեան մէջ եւ նուազագոյնի իջեցնել վերահսկողութիւնը: Նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին այդ ծուղակին մէջ ինկաւ, երբ հաւանութիւն տուաւ անթիւ կրօնական միաւորներու ստեղծումին` անգիտակցաբար օրինական ծածկոյթ տալով արմատականներուն, սալաֆականներուն ու Եղբայրութեան եւ անոր յարակից մասնաճիւղերուն:

«Եկէք` ստեղծենք ֆրանսական իսլամը,- այսպէս կը մտածէր: – Այդ կ՛ըլլայ մեր տարբերակը, որ կը համապատասխանէ մեր արժէքներուն, մեր ապրելակերպին եւ մտածելակերպին: Անոնք կը յարմարին: Մենք անոնց ամէն ինչ կու տանք»: Լաւ գաղափար, որ թերեւս կը գործէ միայն ժամանակին տասը տոկոսը:

«Սակայն տակաւին ուսուցիչներ կը գլխատուին: Բեռնակառքերը տակաւին կը կոխկռտեն Պասթիյի օրուան ամբոխը` Նիսի մէջ սպաննելով 60 մարդ: Փորձը յաջող չէ:

«Չորրորդ ճակատը քաղաքապետարաններու հետ համագործակցութիւնն է: Բայց, անկեղծօրէն, արդէն ուշ է: Պելճիքայի, Անգլիոյ եւ հիւսիսային Ֆրանսայի որոշ հատուածներու մէջ կան քաղաքներ, ուր «համագործակցելու» ոչինչ մնացած է: Պելճիքայի քաղաքներէն մէկուն մէջ անոնք վերցուցած են տօնածառը: Նման տօն չկայ,- յայտարարած է իսլամ մեծամասնութեամբ քաղաքային խորհուրդը:- Մենք ունինք Ատհայի տօնը»:

«Հինգերորդ ռազմավարութիւնը կը ներառէ Եղբայրութեան ստեղծումը, այսպէս կոչուած, «պարոնիներ»: Ոչ ոք յստակ գիտէ, թէ անոնք ի՛նչ են, նոյնիսկ` ֆրանսական հակահետախուզութիւնը: Կարծես անոնք կառոյցներ են, որոնք նախատեսուած են ազգային իշխանութիւններէն անկախ գործելու համար: Եթէ իրավիճակը սրի, անոնք կրնան ինքնուրոյն գործել:

«Ասոնք կրնան բարեգործական կազմակերպութիւններ ըլլալ, շահերու պաշտպանութեան խումբեր կամ հասարակական կազմակերպութիւններ: Պայման չէ, որ անոնք սալաֆական ըլլան: Անոնք պարզապէս պէտք է խթանեն` բողոքի մտածողութիւնը մարդասիրական աշխատանքի, առաջադէմ արժէքներու կամ ընտանիքի, ամուսնութեան եւ իսլամական ձեռնարկութեան մասին նոր գաղափարներու քողին տակ, որ ունի տոկոսներու եւ վարկերու իր տեսակէտը: Ի վերջոյ, այս բոլորը կը վերադառնան նոյն ուղերձին` պայքարեցէք «իսլամէն խորշանքին»` իսլամոֆոպիային դէմ:

«Զեկոյցը լեցուն է նման դէպքերով: Հիմնական ուղերձը պարզ է: «Իսլամ եղբայրները» յաջողութեամբ հաստատեցին իրենց ներկայութիւնը Ֆրանսայի մէջ, կառոյց մը, որ արմատաւորուած եւ ծաղկած է վերջին 70 տարիներուն ընթացքին: Կը մնայ միայն աւելի շատ սերմեր ցանել: Այսպիսով, ի՞նչ պէտք է ընէ Ֆրանսան:

«Նախ` հեղինակները կ՛առաջարկեն հրաժարիլ իսլամական «անջատողականութեան» հինցած հայեցակարգէն, որ կ՛ենթադրէ բախում` պահպանողական իսլամի եւ եւրոպական արժէքներու միջեւ: Փոխարէնը` անոնք կ՛առաջարկեն նոր գաղափար մը` «էնթըրիզմ»` ոչ թէ առճակատում, այլ ներթափանցում: Եւրոպան նախ պէտք է ընդունի, որ մէկը մտած է իր մշակութային ու քաղաքակրթութեան տարածքին մէջ` այնտեղ զգալով իր տանը պէս, եւ պայմաններ թելադրելու պատրաստ է:

«Երկրորդ` հեղինակները կ՛ըսեն, որ եւրոպացիները վերջապէս պէտք է սորվին հասկնալ իսլամները, այլ ոչ թէ շոյեն զանոնք խորհրդանշական շարժուձեւերով, կամ` անվերջ իսլամական խորհուրդներով, որոնց կը նախագահեն հազարապետի կոչում ունեցող հետախոյզներ:

«Երրորդ` Ֆրանսան պէտք է պաշտօնապէս ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: Այո՛: Շա՛տ արագ:

«Չորրորդ` արաբերէնը պէտք է մտցուի իբրեւ դպրոցի ուսումնական ծրագիրի պաշտօնական մաս: Անձամբ ես ամէն ինչի համաձայն եմ: Առաքումի վարորդներուն կէսը չի գիտեր, թէ ի՛նչ ֆրանսերէն-արաբերէն խառնուրդ կը խօսի: Կը կատակեմ: Բայց իշխանութիւննե՞րը: Անոնք լո՞ւրջ են: Արաբերէնը իբրեւ երկրորդ լեզո՞ւ: Թէ՞ առաջինը կ՛ըլլայ:

«Սա ամէնէն խիստ զեկոյցներէն մէկն է, որ յայտնուած է Ֆրանսայի նախագահի սեղանին, վերջին տարիներուն ընթացքին: Հիմա Էմանուէլ Մաքրոնի որոշելիքն է. արդեօ՞ք ան պէտք է ճակատի «Իսլամ եղբայրներուն» դէմ: Այդ կազմակերպութիւն մըն է, որ արգիլուած է իր հայրենիքին` Եգիպտոսի մէջ: Թէ՞ պէտք է…

«Կամ ընէ այն, ինչ որ Ֆրանսան սովորաբար կ՛ընէ»: Վերջ:

Չիքինը բոլորովին մոռցած է նշելու գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքին բուն պատճառը, որ նոյնինքն Արեւմուտքին նախ գաղութատիրութիւնն էր, եւ ապա իր սարքած «Արաբական գարուն» եւ այլ յեղափոխութիւններն ու պատերազմներն են…

Երկրորդ` մոռցած է նշելու, որ իսլամ գաղթականներուն կարեւոր մէկ մասը ծրագրուած կերպով Թուրքիան Եւրոպա ղրկեց:

Երրորդ` Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնն ու նախագահ Էրտողանը «Եղբայրութեան» մաս կը կազմեն (2): Ռիչըրտ Մուրը Էմ Այ 6-ի (Բրիտանիոյ արտերկրի գաղտնի սպասարկութիւն) տնօրէնը անձնական բարեկամն է գահաժառանգ իշխան Չարլզի (այժմ` թագաւոր), որ կը հովանաւորէր Օքսֆորտի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են «Իսլամ եղբայրներ» շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը նաեւ այս կեդրոնին տնօրէնն էր: Իբրեւ Անգարայի մէջ դեսպան (2014-2017)` Ռիչըրտ Մուր օժանդակեց նախագահ Էրտողանին, որ Եղբայրութեան հովանաւորը դառնայ (3):

Ընդհանրապէս հարցերուն տուն տուող պատճառին, քաջալերողին եւ զայն սրբագրելու եւ կանխարգիլելու մասին կը խուսափին խօսիլ եւ գրել:

Share