Երուսաղեմի կովերու պարտէզի երկրորդ գործարքի անօրինականութեան մասին և զայն մերժելու հրաւէր

Երուսաղեմի կովերու պարտէզի երկրորդ գործարքի անօրինականութեան մասին և զայն մերժելու հրաւէր

Յայտարարութիւն

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՂԱՄԱՍ, ՀԻՆ ՔԱՂԱՔ, ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ – Օգոստոս 26, 2025 – Երուսաղէմի Հայ համայնքը եւՊատրիարքարանը կ՚առերեսուին ծանր վտանգի մը․հաստատուած է թէ Պատրիարքարանը, առանցհամայնքին համաձայնութեան, կը ձեռնարկէ «Xana Gardens, Ltd.» ընկերութեան հետ երկրորդհամաձայնութիւն մը։

Այսպէս կոչուած այս «նոր գործարքը» աւելիվտանգաւոր է քան առաջին անօրինականպայմանագիրը։ Ան բանակցուած է գաղտնաբար, երբեք մեզի գրաւոր չէ ներկայացուած, բացայայտուածէ միայն մասնակի տեղեկութիւններով՝ միաժամանակպահանջելով որ համայնքը ետ քաշէ իր դատականգործը։

Մեր գիտցած փաստերը կը հաստատեն անորանօրինականութիւնը եւ կը փաստեն, թէ այսգործարքը աւելի մտահոգիչ է քան առաջինը։

Անցնող երկու տարիներու ընթացքին, Երուսաղէմի Հայհամայնքը միասնական կերպով պայքարեցաւանվաւեր դարձնելու համար այն անօրինական եւդաւաճան համաձայնութիւնը, զոր կը փորձէր 98 տարով յանձնել պատմական Հայկական Պարտէզները– Կովերու Պարտէզը – «Xana Gardens, Ltd.» ընկերութեան։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը եւ համայնքըառանձին դատական գործեր սկսան չեղարկելուհամար այս ամօթալի պայմանագիրը, որստորագրուած էր 2021 թուականին՝ առանցիրաւասութեան եւ մեր հողերը Հայ միաբանութեան ուժողովուրդին կապող սրբազան հիմնադրամի (Vakif)կանոնները խախտելով։

2024-էն սկսեալ, Պատրիարքարանը ուղղակիմիջնորդութեան մտաւ «Xana Gardens»-ի հետ՝ կազմելովպայմաններ, առանց համայնքին հետ խորհրդակցելու։

Վերջին ամիսներուն, համայնքը երկու անգամմասնակցեցաւ միջնորդի հետ ժողովի։ Պատրիարքարանը յոյս ունէր, որ համայնքը լուռկ՚ենթարկուի՝ առանց անոր իրաւական խումբին ցոյցտալու այս նոր գործարքի նախագիծը։ Ասով հանդերձ, համայնքի ներկայացուցիչները, տեղական եւմիջազգային իրաւաբանական խումբերուն հետ, ուժեղկերպով արտայայտեցին իրենց ընդդիմութիւնը որեւէգործարքի հանդէպ, որ կ՚անցնի մեր յստակ եւհրապարակաւ հաստատուած կարմիր գիծը։

Ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ Պատրիարքարանը կըծրագրէ գաղտնի կերպով առաջ տանիլ գործարքը՝ համայնքի շահերուն դէմ։ Այս պատճառով, «Պահպանել Հայկական Թաղամասը» (Save the ArQ) շարժումը եւ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւնները, տեղական եւ միջազգային փաստաբանականխումբերու հետ, հրապարակաւ եւ բացարձակապէս կըմերժեն ու իրենց վճռակամ ընդդիմութիւնը կըյայտարարեն այս գործարքին, որ կը վերաբերիպատմական հայկական հողերէն մօտաւորապէս 7,200 քառակուսի մեթրի՝ Կովերու Պարտէզին։

Այս գործարքը ստորագրելը կը հաստատէ առաջինանօրինական պայմանագիրը եւ վտանգաւորնախադէպ կը դառնայ Պատրիարքարանին կոմէյետագայ զիջումներու եւ անօրինականգործողութիւններու համար։

Աւելի քան 600 օրէ ի վեր, հայ երիտասարդութիւնը եւհամայնքի անդամները խաղաղաբար, բայցյամառօրէն պաշտպանած են այս կալուածքը — ոչորպէս բողոք, այլ որպէս ծառայութիւն։ Այս հողըտեսական չէ․ այն ապրեցուած է, հսկուած եւպահպանուած համայնքին ու եկեղեցւոյ կողմէ։ Անյիշողութեան, ինքնութեան եւ պարտաւորութեան վայրէ։

Միաժամանակ, մենք հետապնդեցինք առկա բոլորօրինական ճամբաները․

• Դատական գործ ներկայացուցինք վիճարկելուհամար առաջին գործարքի իրաւականութիւնը եւընթացքը։
• Բարի կամքով մասնակցեցանք միջնորդի հետպաշտօնական ժողովներուն, բազմաթիւ նիստերու, եւ յստակ կերպով արտայայտեցինք մերպատրաստակամութիւնը՝ արդար եւ թափանցիկլուծումներու ուղղութեամբ կառուցողականմասնակցութեան։
Հակառակ ասոր, Պատրիարքարանը կրկին անգամհեռու պահեց իր ժողովուրդը եւ Միաբանութիւնը։ Ո՛չնախագիծ ներկայացուց, ո՛չ խորհրդակցութիւն տեղիունեցաւ, ո՛չ ալ հնարաւորութիւն տրուեցաւ համայնքինհասկնալու անոր պայմանները եւ իր դիրքորոշումըարտայայտելու այս «նոր գործարքին» մասին՝ զայնվերջնականացնելէ առաջ։ Այս լռութիւնըընթացակարգային չէ․ ան էութեան հետ կապուած է։

Ուստի, մենք յարգանքով բայց յստակօրէն կը դիմենքՏնօրէն Ժողովին եւ Միաբանական ԸնդհանուրԺողովին՝

• Չվաւերացնել այս համաձայնութիւնը։
• Թափանցիկ կերպով հրապարակել անոր բոլորպայմանները։
• Ուղղակի կերպով ներգրաւել համայնքը, որունվստահութիւնը եւ ապագան վտանգուած են։
Կովերու Պարտէզը ծախու չէ։ Վարձու ալ չէ։ Անսրբազան հիմնադրամ մըն է, որ աւելի քան 500 տարի պահուած է Երուսաղէմի Հայ եկեղեցւոյ եւժողովուրդին կողմէ։ Որեւէ Պատրիարք կամՄիաբանութեան անդամ, որ գաղտնի կերպով կըփորձէ զայն օտարել, կը գործէ հակառակ՝ համայնքիկամքին, Միաբանութեան, Սուրբ Հողերուն մէջդարաւոր հայկական քրիստոնէական ներկայութեանեւ ամբողջ Հայ ազգին։

Այս պահը ոչ միայն իրաւական է — ան նաեւ հոգեւոր է։ Ան կը պահանջէ յստակութիւն։ Կը պահանջէքաջութիւն։ Եւ ամէնէն աւելի՝ կը պահանջէ ազնուութիւն։

Մենք կը մնանք նուիրուած մեր հաւատքին, ՀայոցՊատրիարքարանին, եւ օրէնքով կառավարելուսկզբունքներուն։ Բայց պէտք է նաեւ յստակ ըլլանք․ այնգործընթացները, որոնք կ՚արհամարհենպատմութիւնը, կը ջնջեն ներկայութիւնը եւ կը շրջանցենժողովուրդը, չեն եւ չեն կրնար արդար արդիւնքիառաջնորդել։

Ստորագրողներ․

• Պահպանել Հայկական Թաղամասը Շարժում (Save the ArQ)
• Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
• Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
• Հայ Երիտասարդաց Միութիւն (ՀԵՄ Ակումբ)
• Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն(Հ.Մ.Ը.Մ.)
• Հայ Օգնութեան Միութիւն
• Երուսաղէմի Հայ Բարեսիրական Միութիւն

Share