Ընտրուեց նոր պապը՝ Լեւոն ԺԴ

Ընտրուեց նոր պապը՝ Լեւոն ԺԴ

ՎԱՏԻԿԱՆ․- Հինգշաբթի, 8 Մայիսին, ամերիկացի 69-ամեայ ծիրանաւոր Ռոպըրթ Ֆրենսիս Փրեւոսթ ընտրուեցաւ նոր Պապ, յաջորդելով նորոգ վախճանեալ Փրանկիսկոս Պապը։ Միացեալ Նահանգներ (Շիքակօ, Իլինոյ) ծնած առաջին Պապը որդեգրած է Լեւոն ԺԴ. անունը։

Իր առաջին պատգամը ուղղելով Ս. Պետրոս հրապարակը հաւաքուած բազմութեան, Լեւոն ԺԴ. ոգեկոչեց հանգուցեալ Փրանկիսկոս Պապը, կոչ ուղղելով անոր ժառանգութիւնը յիշել։ Ան շեշտեց միասնաբար աշխատելու աշխատանքը՝ «կամուրջներ ու երկխօսութիւններ կառուցող եկեղեցի մը» ըլլալու համար, եւ թելադրեց «մեր կարեկցութիւնը ցոյց տալ» այլոց հանդէպ «եւ սիրոյ հետ երկխօսութեան մէջ ըլլալ»։

Share