Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Լուիս Պատասխանած Է Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Գործողութիւններուն Ուաշինկթընի Մասնակցութեան Հեռանկարներուն Մասին Հարցումին

Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ են խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի զարգացման: Այս մասին ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական-ռազմավարական հարցերու գրասենեակի քարտուղար Ճեսիքա Լուիս` հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ անվտանգութեան հարցերու շուրջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Պատասխանելով Արցախի մէջ խաղաղութեան վերականգնման գործին մէջ Ուաշինկթընի դերին մասին հարցումի մը` ան վերահաստատած է ամերիկեան կողմի դիրքորոշումը առ այն, որ «տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ, եւ որ վէճերը լուծելու համար ուժի կիրարկումը անընդունելի է»:

Ան կրկնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի` «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղիղ երկխօսութիւնը հիմնախնդիրներու լուծման եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու բանալին է» խօսքը:

Շրջանին մէջ խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցելու Ուաշինկթընի շահագրգռուածութեան մասին հարցումին պատասխանելով Լուիս յիշեցուցած է, որ իր գրասենեակը կը զբաղի նման առաքելութիւններու համար խաղաղապահներու նախապատրաստութեամբ:

«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ուշադիր քննարկենք ատոր կարելիութիւնը: Ակնյայտ է, որ այդ հոլովոյթը կ՛ընթանայ ՄԱԿ-ով, եւ ես ձեռնպահ պիտի մնամ մեկնաբանութիւններէ առ այն, թէ ՄԱԿ-ը ապագային ինչպէ՛ս պիտի կառավարէ այդ հոլովոյթը: Սակայն ես իսկապէս կը կարծեմ, որ մենք պէտք է քննարկենք այս հոլովոյթին ոչ միայն Ռուսիոյ կողմէ աջակցութիւնը: Ռուսական սպառազինութիւնը այժմ դժուարութիւններ ունի, օրինակ` պահեստամասեր ձեռք բերելու հարցին մէջ, եւ ատիկա կրնայ ազդել խաղաղապահներու` իրենց խաղաղապահ աշխատանքը կատարելու ունակութեան վրայ», ընդգծած է ան:

Share