Իրաքահայ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Տոքթ. Վեհունի Մինասեան

Իրաքահայ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Տոքթ. Վեհունի Մինասեան

Օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած, իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ, բեղուն գրիչի տէր տոքթ. Վեհունի Մինասեան երկար տարիներէ «Ազդակ»-ի հաւատարիմ յօդուածագիրներէն է: Անոր գրութիւններով, յատկապէս Իրաքի գաղութին եւ անոր պատմութեան վերաբերող, հարստացան ոչ միայն «Ազդակ»-ի էջերը, այլ նաեւ իրաքահայութեան պատմութիւնը: Նուազ հետաքրքրական չէ Վ. Մինասեանի «Ուխտի ճանապարհներ» խորագրեալ յօդուածաշարքը, ուր ան կը ներկայացնէ հայութեան համար յատկանշական դեր եւ արժէք ունեցող դէմքերու շիրիմներ իր այցելութիւնն ու անոնց գործունէութեան յետադարձ ակնարկ կը կատարէ:

«Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով կը ցաւակցինք անոր պարագաներուն եւ հարազատներուն` հաստատելով, որ անոր մահը կորուստ է նաեւ հայկական մամուլին համար:

Մարգարիտ Ասոյեան-Լինք

29 մայիս 2022-ին կեանքէն հեռացաւ վաստակաւոր ազգային գործիչ տոքթ. Վեհունի Մինասեանը: 1960-ական թուականներէն սկսեալ` իր ուսանողական շրջանէն, մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը` ան եղած է սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի ջահակիրը:

Տոքթ. Վեհունի Մինասեան ծնած էր 17 յունիս 1938-ին, Պասրա, Իրաք եւ ուսած` տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ: Պասրայի պետական երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք յաճախած է Պաղտատի բժշկական համալսարանը եւ 1968-ին եղած է շրջանաւարտ: Բժշկական քոլեճը յաճախելու շրջանին անդամակցած է Պաղտատի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան եւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Պաղտատի Հայ համալսարանականներու համախմբման մէջ:

1968-1970 բժիշկ-սպայ աստիճանով երկու տարի կատարած է զինուորական ծառայութիւն: Զինուորական պաշտօնի կեդրոնը եղած է Քերքուք քաղաքը, ուր իր բժշկական քոլեճի դասընկերուհի Մարգարիտ Ասոյեանին ընտանիքը կ՛ապրէր. հոն կը ծանօթանայ Մարգարիտին քրոջը` Անահիտին եւ ընտանիքի միւս անդամներուն:

1970-1972 եզիտիներու Սինճար քաղաքին մէջ կը նշանակուի պատասխանատու` ղեկավարելու տեղւոյն բժշկական կեդրոնը:

1973-ին կ՛ամուսնանայ Անահիտ Ասոյեանին հետ, եւ երկուքով կը հաստատուին իր ծննդավայրին մէջ, կ՛ունենան երկու զաւակ` Նորայգ եւ Հայարի:

Այդ շրջանին տոքթ. Վեհունին նախագահած է Պասրայի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան իրերայաջորդ վարչութիւնները` երկար տարիներ եւ իրականացուցած է բազմաթիւ գրական-գեղարուեստական որակեալ ձեռնարկներ, քաջալերած է երիտասարդ սերունդը որպէսզի մասնակցին այդ ձեռնարկներուն, մղիչ ուժը եղած է Պասրայի Համալսարանական յանձնախումբի աշխատանքներուն:

1992-ին պաշտօնով մայրաքաղաք փոխադրուելուն` անդամակցած է տեղւոյն միութիւններուն եւ սատարած է անոնց գործունէութեան: Տոքթ. Վեհունին եղած է Իրաքի Ազգային իշխանութեան անդամ եւ ամենայն նուիրումով իր ներդրումը ունեցած է առաջնորդարանի ծաւալուն գործունէութեան մէջ: Ընտրուած է Ազգային Կեդրոնական վարչութեան երեք շրջաններուն` որպէս փոխատենապետ եւ ատենադպիր: Այդ միջոցին կազմած է առաջնորդարանին առընթեր Չքաւորաց առողջապահութեան խնամատար յանձնախումբը եւ գլխաւորած` իրաքահայ գաղութի համառօտ պատմութիւնը պատրաստող յանձնախումբը: Եղած է նաեւ առաջնորդարանի եռամսեայ պաշտօնաթերթի պատասխանատու խմբագիրը տասը տարի:

2009 թուականին ընտանեօք փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած է Կլենտէյլ քաղաքը: Անդամակցած է տեղւոյն Համավասպուրականի հայրենակցական միութեան եւ մասնակցած է «Վարագ» եռամսեայ պարբերաթերթի խմբագրութեան:

Իր յօդուածներէն ծանօթ են` «Վասպուրականցի իրաքահայերու դար մը պատմութիւնը», «Իրաքահայոց կրթօճախները», «Սինճարի (Իրաք) հայերը», «Յատուկ ներդիր` նուիրուած իրաքահայ գաղութի պատմութեան» եւ այլն, հրատարկուած են «Ասպարէզ», «Հորիզոն» եւ «Ազդակ» թերթերուն մէջ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

«Ազդակ»

Share