Հ․Յ․Դ․ Երիտասարդական-Ուսանողական 12-րդ համահայկական բանակումը կը շարունակէ իրականացնել նախօրօք խնամքով մշակուած ծրագիրը։
Արդարեւ անցնող երկու օրերու ընթացքին բանակողներուն դաստիարակչական ծրագիրը ընդգրկեց տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, ինչպէս՝ ո՞վ է դաշնակցականը, առաջին բոյժ օգնութիւն, նորօրեայ պատերազմներ, անօդաչու սարքեր վարել, եւ այլ։ Բանակողները հետաքրքրութեամբ լսեցին վերոնշեալ կարեւոր նիւթերը։
«Ո՞վ է դաշնակցականը» նիւթը հմտօրէն ներկայացուց պատմական գիտութիւններու թեկնածու, ընկերաբան, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար ընկ․Սարգիս Մկրտիչեան։
Բանակողները խմբային աշխատանքներով քննարկում կատարեցին դաշնակցական երիտասարդին նկարագրային գիծերուն, զանիկա բնորոշող յատկանիշներուն եւ իւրայատկութիւննեուն մասին։
Անցնող երկու օրերուն բանակողներու այցելութիւններու շարքը գլխաւորեց եռաբլուր այցը։ Տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդներ, ընկերակցութեամբ Կամաւորական Շարժման Հասարակական Կազմակերպութեան ընկերներուն, խոր երկիւղածութեամբ յարգեցին նահատակներու յիշատակը։
Բանակողները այցելեցին նաեւ TUMO կեդրոն, ուր ծանօթացան անոր նախագիծերուն եւ ի գործ դրած ծրագրներուն, մասնաւորաբար երիտասարդութեան ուղղուած ուսուցողական նախաձեռնութիւններուն։
Եզակի առիթ ունեցան բանակողները հանդիպելու եւ զրուցելու շարք մը երէց ընկերներուն հետ, որոնք իրենց համեստ ներդրումը բերած են Հայ Դատի աշխատանքներուն, զինեալ պայքարին եւ Դաշնակցութեան գումարտակի կազմութեան, ինչպէս՝ ընկեր Մուրատ Թօփալեան, ընկեր Համբիկ Սասունեան, ընկեր Ռաֆֆի Թիթիզեան, ընկեր Ժիրայր Պէօճէքեան եւ ընկեր Սիմոն Գաֆալեան: Մտերմիկ զրոյցն ու անկեղծ խօսակցութիւնը բանակողներուն նախասիրած օրակարգերէն մէկն էր առ այսօր:
Բանակումի մեծապէս ցանկալի օրակարգերէն է խարոյկներու շուրջ համախմբումն ու խրախճանքը։ Այստեղ խարոյկի կրակը չէ, որ կը ջերմացնէ ընկերները, այլեւ անոր շուրջ ստեծղուած ջերմեռանդ մթնոլորտն ու անկեղծ մտերմութիւնները։
Բանակումի առաջին խարոյկը անցաւ ճոխ եւ յեղափոխաշունչ մթնոլորտի մէջ: Ընկերները բարձր տրամադրութեամբ յեղափոխական երգեր երգեցին, նաեւ խումբերէն ներկայացումներեղան։ Խարոյկը այցելեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամները, որոնք ոգեշնչուած հրաժեշտ տուին բանակողներուն’ գալիք օրերուն կրկին այցելելու խոստումով:ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակ