ԽԱՉՊԱՆՑ

ԽԱՉՊԱՆՑ

Գրիգոր Տունկեան

2013ին Ֆերման Թորոսլարի թրքերէն լեզուով  հեղինակած ԱՔՍՈՐ ամբողջական  վերնագրով  ապստամբութեան բովէն անցած Մութքեցի Հայ ընտանիք մը  գրքին  «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ի գործակցութեամբ եւ  օգնութեամբ, Մարի Մերտխանեան Եարալեանի կողմէ  արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ Լուսակն հրատարակչատունէն –Երևան 2022ին լոյս տեսած  Գրքին ընթերցումիս  աւարտին արտասովոր փափաք մը մղեց զիս մինչեւ գրքի  Երեւանէն աշխարհի չորս ծագերը ուղարկուելով հանրութեան լայն զանգուածներուն  հասանելի դառնալը քոնէ բովանդակութեան մասին մամուլով իրազեկելու  ընթերցասէրները  նախաճաշակ մը տալով այս նորատիպին մասին ։ Հեղինակին ծնողներուն Ղազարին եւ Գայանէին կողմէ,որպէս ծպտեալ Հայեր  ապրած տարիներուն իրենց արտայայտութիւններուն  մէջ զգուշաւորութեան համար նոյնիսկ սեփական ընտանիքիէն ներս խօսակցութեան ընթացքին հայկականութեան թէ քրիստոնէութեան  ակնարկելու համար գործածած բառամթերքէն փոխ առնելով խաչպանց բառը վերնագրեցի տողերս ։

ինչպէս յաջողած էին ՝ բառի մը  մէջ խտացնել պատմութիւն, հաւատամք եւ ինքնութիւն եւ     տասնամեակներ գոյատեւած անկոտրում կամքով ։ Հեղինակը սեփական ընտանիքի գոյերթի պատումով ,վաւերական փաստագրումը կը կատարէ ցեղասպանութեան տարիներուն զանազան ձեւերով երկիր մնալ յաջողած հատու կէնտ հայերու վիճակուած ճակատագրին ,սեփական երկրի մէջ ըլլալով արմատախիլ ,աքսորական եւ անինքնութիւն ապրելու իրավիճակներուն ,այլապէս կարելի է ըսել թերեւս որ հոն կայ 1915էն ետք  շարունակուած ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու Հայ ինքնութեան պահպանման կամքը թէկուզ երկար տարիներ ծպտեալ ապրելու ծանրագոյն պայմաններ յաթահարելու ստիպողականութեամբ ։

Նորատիպը նեղ յուշագրութիւն մը ըլլալէ   շատ անդին  Ցեղասպանութենէն մինչեւ մեր օրերը շարունակուող  ամէնաերկար  հերոսամարտի պատմութիւնն է, որ տեսաերիզի մը նման հեղինակին հաղորդականութեան շնորհքով համեմուած  , լայն դիտանկիւնով,   իւրաքանչիւր հատուածի  ընթերցումին հետ կը պատկերանայ մեր աչքերուն առջեւ։ Գործողութիւններու դաշտը միայն հեղինակի ծննդավայրը չէ այլ՝ բռնագրաւուած համայն արեւմտահայաստանն է ,իսկ գործող  հերոսը  միայն Թորոսլար ընտանիքը չէ այլ՝ բռնի թրքացման դէմ անթուլ պայքարող իրաւազրկեալ մեր ժողովուրդի այն հատուածը , որ երկիր մնալով հանդերձ դարձաւ աքսորական, արմատախիլ ,քէմալական հանրապետական թուրքիոյ վերաբնակեցման որոշումներով ,չսպաննուեցաւ ուղակի բայց անոր պարտադրուեցաւ կրօնափոխ դառնալ ․երբեմն այդ մէկը կատարուեցաւ հասնելով մինչեւ թրքացման ,պետական փաստաթուղթերու մէջ առանց իսկ ենթականերուն գիտութեան ակամայ  բռնի համաթրքացման Ֆէրմաններով(հրահանգագրերով) գողցուեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան իրաւունքը  ,մինչեւ իսկ փոխուեցաւ  անունը,   իր ինքնութիւնը ապրեցաւ ծպտեալ բայց պահեց հայ ըլլալու գիտակցութիւնը իր էութեան մէջ ,հակառակ զայն իրմէ խլելու թուրք պետութեան հետեւողական բռնամիջոցներուն կիրարումին ,չենթարկուեցաւ իր հողը կեղեքողին եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով տարերային կերպով դիմադրեց թրքացումին, մինչեւ իսկ ճնշեալ այլ փոքրամասնութիւններու կողքին մասնակից դարձաւ ցեղասպան բռնակալի դէմ ծագած ապստամբութեան ։ Տեւաբար մերժելով ցեղասպանի հետ գործակցութեան ուղին ,մինչ այսօր  ոմանք ըտրած են զայն կամովին ։

Հատորին հեղինակումը խիզախութիւն է , թրքերէն բնագրին Արաս հայկական հրատարակչատան կողմէ կոսդանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը յանդուքն նախաձեռնութիւն է։ Աքսորը  համայն Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու շարունակուող հերոսամարտի —վաւերական նորագույն փաստագրումն է , իսկ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»ին կողմէ արագ արձագանգով զայն արեւմտահայերէնի թարգմանելու իրագործումը ,մեր ներազգային բնագաւառին մէջ համադրուած ու նպատակային աշխատանք ծաւալելու ունակութեան եւ  հնարաւորութիւններու  առկայութեան վերյիշեցումն է։

Լեզուի մասնագէտ չըլլալով հանդերձ չեմ կրնար չդրուատել  թարգմանութեան դիւրահաղորդ լեզուն։

Համացանցերով հեղեղուած մեր  օրերուն մէջ  օգտաշատ ու հաճելի ընթերցում կը ցանկամ բոլոր գրքասէրներուն։

ԱզգայինՊահանջատիրութեան նուիրական գործին մէջ հաշուառելի գործոն է երկիր ապրող մեր ժողովուրդի  պայքարունակ այս հատուածը ,որուն  մարդկային տարրական իրաւունքներու ապահովման եւ ազգային ինքնութեան պահպանումին սատարելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք ազգովին։

Արազի երկու ափերուն երկիրն է մեր սուրբ  ։

16 օգոստոս 2023

Գրիգոր Տունկեան

Share