Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակի փառաւոր յիշատակում Բէյրութում

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 132-ամեակի փառաւոր յիշատակում Բէյրութում

Անխտիր բոլոր ժամանակներուն, լաւ ու վատ, դժուար ու դիւրին պայմաններուն մէջ, ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրներուն ատեն, հայութեան յաղթանակներու պահերուն ու միշտ, ամենայն հաւատարմութեամբ իր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած, Հայաստանի, սփիւռքի, Արցախի մէջ, արտաքին` միջազգային ճակատի վրայ հայութեան դատի հետապնդման դրօշակակիրը հանդիսացած ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարի ջահը միշտ վառ ու բարձր պահած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ իր հիմնադրութեան 132-ամեակը նշեց տարբեր տարողութեամբ եւ կշիռով, որովհետեւ այս տարի Դաշնակցութեան շուրջ համախմբուած լիբանանահայութեան կողքին էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցի ներկայացուցիչները, լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

«Հաւատարիմ մեր տեսլականինամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանին» խորագիրը կրող 132-ամեակի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ 18 նոյեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հիլթըն Պէյրութ հապթուր կրենտ» պանդոկի «Էմիրէյթս» սրահին մէջ:

Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տարազաւորներու կողմէ դրօշակներու մուտքով, որոնցբեմին վրայ ծածանումով հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները: Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ Դաշնակցութեան ծնունդն ու ուղին ամփոփող տեսերիզ մը, որուն աւարտին հանդիսաւորապէս հնչեց «Մշակ բանուոր» քայլերգը: Ապա իւրայատուկ ու տպաւորիչ տեսարանով մը բեմ բարձրացան տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ, որոնք կը մարմնաւորէին հայութեան բաղադրիչները սփիւռքը, Արցախը, Հայաստանը, Ջաւախքը, Նախիջեւանն ու Արեւմտահայաստանը, եւ իւրաքանչիւրը իր պայքարի ոգիին կառչածութիւնն ու իրաւունքներու պահպանման պայքարի անկորնչելիութիւնը հաստատելէ ետքհնչեցուց խորհրդաւոր պատգամը. «Մենք, բոլորս միասին, իբրեւ մէկ ուժ, մէկ բռունցք, մէկ գերագոյն նպատակի ու դատի տէր, կը շարունակենք անդուլ ու անզիջող պայքարը Եռագոյնի հովանիին տակ երդուելով, որ անկասելի է մեր գոյերթը ու անխախտ է մեր հաւատարմութիւնը վեհ տեսլականին` ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանին»:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ յայտնեց, թէ ՀՅԴ Բիւրոն իր լրիւ կազմով, իր ուղեկից միութիւններու կեդրոնական վարչութիւնները եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատուները այս շաբթուան ընթացքին կը գտնուին Լիբանան, ո՛չ միայն մասնակցելու ժողովներու եւ հանդիպումներու, այլ նաեւ իրենց վստահութեան քուէն բերելու եւ գնահատանքը յայտնելու լիբանանահայութեան եւ Լիբանանի դաշնակցական ընտանիքին կարեւոր դերինիբրեւ սփիւռքի ճաճանչող սիրտ, մարդուժ պատրաստող եւ համահայկական դերակատարութիւն ունեցող հնոց աւելցնելով, որ հակառակ բազում դժուարութիւններու եւ տագնապներու, լիբանանահայութիւնը տակաւին պատնէշի վրայ է եւ իր ազգային պարտականութիւններուն գիտակից:

Ապա ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասինզայն նկատելով սփիւռքի ողնաշարը, կայուն, անվերապահ եւ մնայուն աջակիցն ու նեցուկը Հայաստանին ու Արցախին, որ նաեւ մասնակից դարձած է արցախեան զոյգ պատերազմներուն իր զաւակներուն կեանքերուն գնով: Ան նշեց, որ, թէեւ այսօր դժուար մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է լիբանանահայութիւնը, սակայն ինք վստահ է, որ ան պիտի կարենայ պատուով դուրս գալ ասկէ ալ: Իր խօսքի վերջին բաժինով Սաղաթէլեան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը անձի կազմակերպութիւն չէ, արտաքին ճակատէ հրահանգներ ստացող չէ, այլ անցեալ կերտած, ապագային նայող, ազգային իղձեր ու նպատակներ ունեցող կազմակերպութիւն է, իր ժողովուրդին պաշտպանն է, իսկ այսօր ան ունի յաւելեալ նոր առաքելութիւն, զոր պատուով կը կատարէ: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ այս բոլորէն կարելի է դուրս գալ միասնականութեամբ եւ միութեան ուժով:

Խօսքերէն ետք տեսերիզով մը ներկաները հետեւեցան լիբանանեան կառոյցի միամեայ գործունէութեան եւ տարած տարաբնոյթ աշխատանքներուն:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը իր 132-ամեակը կը տօնէ հայութեան վերջին հարիւրամեայ պատմութեան ամէնէն ճգնաժամային մէկ փուլին, որովհետեւ յանձնուեցաւ Արցախը, վտանգուած է Հայաստանի գոյութիւնը, վտանգուած են Միջին Արեւելքի գաղութները, հողմահար եղած է Լիբանանը, յատուկ ջանք ի գործ կը դրուի կացինահարելու Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը, հիասթափութեան ամպերը տարածուած են ամէնուրեք: Ասոր զուգահեռ, ան նշեց, որ մինչ Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել իր համաթուրանական ծրագիրն ու հայաջինջ մոլուցքէ մեկնած քաղաքականութիւնը, մենք կը հարուածենք հաւաքականը, յանուն կեղծ իրատեսութեան կամ քաղաքական իրապաշտութեան ապազգային դիրքորոշումներով զիջումէ զիջում կը նահանջենք` առանց իսկ մտածելու, որ աւարտը անխուսափելի անձնատուութիւնն է եւ բազմահազար նահատակներով կերտուած Հայաստանի թրքացումը, անվերադարձ կորուստն ու հայկականութեան խորտակումը:

Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս բոլորին դիմաց մենք ձեռնածալ նստած, առաւելագոյն պարագային ամօթխած հակազդեցութեամբ կը դիտենք, սփիւռքը կը պառակտենք, կը մասնատենք, գագաթներ կը փնտռենք` աւելցնելով, որ այս ընթացքը աւելի վտանգաւոր փուլ կը տանի մեզ ազգովին:

«Ու պիտի շարունակենք տուայտիլ վտանգաւոր կացութիւններու մէջ, ականատես պիտի ըլլանք աննախատեսելի գործընթացներու եւ հաւաքաբար պիտի պարտուինք, եթէ երբեք կորսնցնենք յոյսը, տկարանանք մեր հաւատքին մէջ, դադրինք հպարտանալ հայու մեր ինքնութեամբ ու մոռնանք հայու բազուկը, կամքի խիզախութիւնն ու թշնամիին հետ առճակատելու առհաւական մեր Հայկեան աւանդը», շեշտեց ան:

Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ Դաշնակցութեան տօնը սովորաբար կ՛ըլլայ հաշուետուութեան օր, սակայն անիկա նաեւ աւելի՛ն է«օրն է վերզգաստացման, վերաբռնցքումի, ցաւէն, ընկճուածութենէն, հիասթափութենէն ու յուսախաբ վիճակէն դուրս ելլելու, որպէսզի կարենանք վեհօրէն ապրիլ, բարձրանալ գետնաքարշ կեանքէն, տեսնելով իրականութիւններն ու մեզ շրջապատող պայմանները համապատասխան սրբագրումներով յառաջ ընթանալ, դարձեալ մէկ ու միակ տեսլականի` ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան գաղափարին շուրջ համախմբուելու, մեր հոգիին պարտութիւնը թօթափելու եւ հպարտ ու մարտունակ հայու կերպարը վերակերտելու համար»:

Իր խօսքի երկրորդ բաժինով Բագրատունի շեշտը դրաւ Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքին վրայ` յայտնելով, որ հոս եւս անսովոր վիճակ կը տիրէ, քաղաքական, ընկերային, ելեւմտատնտեսական եւ կենցաղային անբացատրելի ու անընդունելի պայմաններու մէջ կ՛ապրի լիբանանցին, որովհետեւ Լիբանանով շահագրգռուած պետութիւններ եւ անոնց շրջանային գործակատարները, երբ չկրցան քանդել լիբանանցի ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, դիմեցին փափուկ քաղաքականութեան ու հարուածեցին լիբանանցին ու Լիբանանի հայ քաղաքացին, առօրեայ թոյն սրսկեցին անոր միտքին մէջ, ստրկացուցին անոր հոգին, զրկեցին զայն նոյնիսկ ազատ շնչելու կարելիութենէն ու վերջապէս ծունկի բերին զայն, որպէսզի կարենան իրականացնել իրենց մեծապետական քաղաքականութիւնը:

Ան աւելցուց, որ հայու եւ լիբանանցիի միջեւ վաղուց արդէն վերացուած պատկանելիութեան երկուութիւնը վերարտադրուեցաւ, մեր մէջ ներմուծուեցան հայկական արժէքներու խոտոր համեմատող այլ երեւոյթներ, որոնք կը միտին մեր ժողովուրդը մոլորեցնել, մեր երիտասարդութիւնը իր բնական պարունակէն եւ միջավայրէն դուրս բերել, ժողովուրդը հայ եկեղեցիէն, հայ դպրոցէն, հայ ակումբէն, հայկական աւանդներէն հեռացնել ու վերջապէս մեզ բոլորս ստրկացնել եւ մեր իսկական դատը հետապնդելու վճռակամութիւնը քանդել:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ կասկածելի քայլերով եւ բացառաբար ոչ հայկական կողմերու օգուտ բերող միջոցներով, հարուածելու համար հայութիւնը, պայքար շղթայազերծուեցաւ հայկական կուսակցութիւններու դէմ: «Կը համարձակինք ըսել, հակադաշնակցական պայքար շղթայազերծուեցաւ մեր դէմ, ձեր դէմ, կարելի բոլոր միջոցներով, անխնայ եւ ամէնօրեայ պայքար, հարուածելու Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ գիտե՛ն, թէ Դաշնակցութիւնը հարուածելով կը հարուածեն Լիբանանի հայութիւնը, Միջին Արեւելքի հայութիւնը, կը հարուածեն սփիւռքը եւ սփիւռք-Հայաստան միասնութիւնը»:

Բայց եւ այնպէս ան հաստատեց, որ, հակառակ մեր դէմ ցցուած բոլոր խոչընդոտներուն ու պայքարի բազմապիսի ձեւերու, փաստօրէն, մենք միասնաբար յաղթեցինք, հայութիւնը պահեց իր ներկայացուցչութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ:

«Այո՛, ցաւալի է քուէարկողներու թիւի նուազումը: Ցաւալի է այն պատկերը, որ բազմացած է ոչ հայ թեկնածուներու քուէարկողներու թիւը: Շահագործելով ժողովուրդին անմիջական ցաւը` յաջողեցան թերեւս տեղ մը, ելեկտրականութիւնը, ջուրը, նաւահանգիստի պայթումը, աղբը, դրամատնային տագնապը եւ նմանօրինակ հարցեր աւելի գերակշռող դարձնել, քան համայնքը պահպանելու, երկրի անկախութիւնն ու միասնականութիւնը ամրապնդելու, ժողովուրդին տեւաբար ծառայելու, անոր կողքին կանգնելու, հայկական ուրոյն դիմագիծ կռանելու մեր վարքագիծը:

«Այո՛, գնեցին, կաշառեցին, ստեցին, բամբասեցին, սուտը իրականութեան պէս տարածեցին, հսկայական գումարներ ծախսեցին: Ու շատե՜ր ծախեցին իրենց քուէն, հաւատացին, մոլորեցան, եւ կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ ժողովուրդի զաւակները իրարմէ հեռացնելու ձգտող ազգավնաս քաղաքականութեան ջաղացքին ջուր լեցուցին:

«Ու երբ յաղթեցինք, դարձեալ մեր մօտ եկան, զղջացին, ընդունեցին սխալը: Իսկ մենք չենք նեղուիր մեր ժողովուրդէն: Այս ժողովուրդին համար արիւն թափած կուսակցութիւնը եւ տեւաբար անոր ծառայութեան նուիրուած Դաշնակցութիւնը քուէով չ՛արժեւորեր իր զաւակները, ո՛չ ալ քուէի համար կը կատարէ իր պարտականութիւնը», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ ՀՅԴ-ն ժողովուրդին ծառայած է ու պիտի շարունակէ ծառայել, պիտի շարունակէ զօրակցիլ իր ժողովուրդի կարիքներունմիշտ հաստատելով, որ «մեզի համար զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը քաղաքական շահագործումի միտումով գործածուող զէնքեր չեն, այլ ռազմավարական ընտրանք` ամուր պահելու մեր ժողովուրդը եւ Լիբանանի հայութիւնը»:

Բանախօսը շեշտեց. «Մենք պիտի շարունակենք մեզի յանձնուած գործը: Մեր ժողովուրդին վստահութիւնը այնքա՛ն թանկ է եւ արժէքաւոր, որ մենք չենք կքիր չարախօսութեան, բամբասանքի, սուտի եւ չարամտութեան դիմաց: Իր կեանքին գնով ժողովուրդին ծառայելու երդումը կատարող դաշնակցական մարդը չի վախնար անձնական վիրաւորանքէն, հայհոյանքէն կամ վարկաբեկիչ արտայայտութիւններէն»:

Իր խօսքը եզրափակելով Յակոբ Բագրատունի յիշեցուց, որ 132-րդ այս տարեդարձին լիբանանահայութեան կողքին են ՀՅԴ Բիւրոն, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական միութեան կեդրոնական վարչութիւնները, մեզի հետ են Արցախէն Հարաւային Ամերիկա, Հայաստանէն, Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Մոսկուայէն Իրան ու միջինարեւելեան եւ Ծոցի երկիրներ, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ մեր դաշնակցական կառոյցներու ներկայացուցիչները, որոնք մեր դժուարին օրերուն անվերապահ կերպով կանգնեցան Լիբանանի հայութեան կողքին: «Ահա անգամ մը եւս կու տանք փաստը, որ Լիբանանն ու Լիբանանի հայութիւնը ո՛չ միայն առանձին չեն, այլ միաժամանակ կարեւորագոյն օղակներէն են համահայկական միասնութեան եւ համազգային դիմադրութեան ի խնդիր մեր ժողովուրդի եւ Հայաստանի յաւերժութեան»:

Յարգելով Դաշնակցութեան ծառայած ու մեզմէ առյաւէտ հեռացածներուն յիշատակը, երախտագիտութիւն յայտնելով երէց սերունդի նուիրումինՅակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց երիտասարդութեան, Լիբանանի հայ երիտասարդութեան մնալու ամուր, չվհատելու, չմոլորելու, կառչելու իրենց հաւատքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը կարիքը ունի երիտասարդներու հեւքին, բազուկին, նորարար, բայց ազգայնաշունչ մտածումներուն: «Իմաստութիւնը ունեցէք ճի՛շդ ուղին ընտրելու, հայն ու հայկականութիւնը ձեր կիզակէտը դարձնելու, մեր ազգային, հասարակական կեանքը ձեր գործադաշտը ընկալելու: Դռները բաց են, մշակելի շատ բան կայ, հողը տարածուն է, եկէ՛ք եւ աշխատեցէ՛ք, ապագան ձե՛րն է»:

Իր խօսքը եզրափակելովՅ. Բագրատունի ըսաւ, որ 132-ամեակը նաեւ առիթ է վերանորոգելու մեր ուխտը «հաւաքական ճիգով, հաւաքական պայքարով, եսի ոտնակոխումով եւ մեր տեսլականի իրագործումը կիզակէտ դարձնելով, միասնաբար յաղթելու: Այլ ելք չունինք: Պարտա՛ւոր ենք շարունակել գոյութենական այս կռիւը եւս: Պիտի չտկարանանք, պիտի չընկրկինք, պիտի յաղթենք: Պիտի յաղթենք մեր ձեւով, դաշնակցականի խիզախութեամբ, դաշնակցականի ոճով, եւ ոչ թէ պարտութեան եւ յանձնատուութեան տանող «յաղթելու ենք»-ի կեղծիքով»: (Յակոբ Բագրատունիի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Ապա ազգային երգերով մթնոլորտը խանդավառեց այս առիթով հրաւիրուած հայրենի երգիչ Արաբօ Իսպիրեան:

Դաշնակցութեան 132-ամեակի աւարտը յատկանշական էր պատանիներու խոստման արարողութեամբ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով դաշնակցական պատանիի խոստում տուած պատանիներու այս փաղանգը կոչուեցաւ հակադաշնակցական պայքարի նահատակ, Այնճար հայաւանի «Կարմիր լեռ» կոմիտէի նախկին ներկայացուցիչ Զաւէն Թաշճեանի անունով: Խոստումը առաւ նահատակ ընկերոջ զաւակը` Արմէն Թաշճեան:

Թաշճեան պատանիներուն ուղղելով իր խօսքը նշեց, որ անոնք իրենց պատանեկան խոստումէն ետք կը սկսին իրենց գաղափարական քայլարշաւին, որով անոնք պիտի կերտեն ու ամրապնդեն իրենց պատկանելիութիւնը ազգային մտածելակերպի, ընկերային համերաշխութեան եւ արդար դատի գաղափարականութեան:

Արմէն Թաշճեան ընդգծեց, որ պատանիներուն տալիք խոստումին նկատմամբ մեծ է յոյսը: «Համոզուած եղէք, որ չենք կրնար պատկերացնել որեւէ պահ, որ ամէնէն նեղ պայմաններուն մէջ կամ նոյնիսկ ամէնէն շռայլ կեղծարարութիւններուն առջեւ` ինքնուրաց սայթաքումով կը դրժէք ձեր պատկանելիութիւնը», ըսաւ ան:

Թաշճեան նկատել տուաւ, որ յարաճուն փորձ կայ մթագնելու գիտակցութիւն եւ ուղեղ, որպէսզի շնչահեղձ ըլլայ հայու Արարատ եւ հայու Շուշի ունենալու արժանաւորութեան զգացումը:

«Շինիչ կոչուող, բայց շինծու եւ հեռակառավարուող քաոսներու մէջ, մենք կ՛ակնկալենք, որ դուք պայծառատես մնաք եւ չկորսուիք: Համոզուած ենք, որ պիտի վաստկիք արմատէն չկտրուելու եւ կենսագրութիւն ու յետագիծ չուրանալու դիմադրական ներուժը», ընդգծեց Արմէն Թաշճեաննկատել տալով, որ պատանիները կոչուած են իրենց խոստումով սերնդափոխութիւն ապահովելու: Սերնդափոխութի՛ւն նո՛յն պայքարին, Հայաստանի ու հայութեան ամբողջացման, ինչպէս նաեւ ուրոյն ու անկախ պետութիւն կերտելու յարատե՛ւ կռիւին (Արմէն Թաշճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային):

Խոստում տուած պատանիներու եւ ներկաներու խանդավառութեան մթնոլորտին հանդիսութիւնը փակուեցաւ Արաբօ Իսպիրեանի կողմէ «Գինի լից» երգի մեկնաբանութեամբ:

Share