Ազգային Առաջնորդարանի Լրատուական Կայքից
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմին շնորհելիք հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանը Լոս Անճելըսը ըլլալով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Թորոնթոյէն (Գանատա) ժամանեց Լոս Անճելըս, Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2025-ին, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան անդամ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։
Լոս Անճելըսի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներ Գրիգոր Մահսերեճեանի եւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, նոյն վարչութեան անդամներուն՝ Կայծակ Զէյթլեանի, Հրաչ Յակոբեանի եւ Ռոստոմ Այնթէպլեանի, թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներուն, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Գերաշնորհ Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի, Գերաշնորհ Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեանի եւ թեմէն ներս ծառայող միաբան ու քահանայ հայրերուն կողմէ:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը ողջունելով ազգայիններն ու հոգեւոր հայրերը, ան իր հոգեկան ցնծութիւնը յայտնեց, որ տասը տարիներ ետք, Աստուծոյ օրհնութեամբ ու թեմին հրաւէրով, դարձեալ կ՚այցելէ Լոս Անճելըս՝ իր ժողովուրդին հետ ըլլալու խոր գոհունակութիւնը ունենալով իր սիրտին մէջ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ յառաջիկայ շուրջ տասը օրերու ընթացքին, զանազան առիթներով մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ պիտի ըլլայ, որպէսզի աւելի մօտէն հաղորդ դառնայ թեմի իրագործումներուն, ծրագիրներուն ու սպասումներուն:
«ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԿՈՉՈՒՄԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝
ԻՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՈՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ ԵՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ ՏԱՆԻԼ Է ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսպէս ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ` Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2025-ին, Լոս Անճելըսի ազգային առաջնորդարանին մէջ իրեն բարի գալուստի եկած թեմի հոգեւորականաց դասուն։
Նորին Սրբութիւնը ազգային առաջնորդարանի մուտքին Արեւմտեան Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն կողմէ դիմաւորուեցաւ, որմէ ետք հայրապետական թափօրը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի մատուռ, ուր գոհաբանական աղօթք կատարուեցաւ։
Ապա, առաջնորդարանի դահլիճին մէջ Նորին Սրբութիւնը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ ներկայ միաբան հայրերուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց միաբանական կեանքին մէջ եղբայրասիրութեան, համագործակցութեան եւ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ուղղուած ծառայութեան առաւել ծաւալման ու ամրապնդման կարեւորութիւնը։ Հանդիպումէն ետք, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնն ու տիկնանց միութիւնը Հայրապետին մօտեցան եւ անոր հայրապետական օրհնութիւնը ստացան։
Յիշեալ հանդիպումներէն ետք, Նորին Սուրբ Օծութիւնն ու հոգեւոր հայրերը սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան։ Արեւմտեան Հայոց Թեմի քահանայ հայրերու կողքին նաեւ ներկայ էին առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, Բաբգէն Արք. Չարեան, Մուշեղ Արք. Մարտիրիսեան, Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Զարեհ Ծ. Վրդ. Սարգիսեան, Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեան եւ Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։







