Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութիւնը՝ Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու եւ Երեխաներու համար թեմայով

Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութիւնը՝ Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու եւ Երեխաներու համար թեմայով

ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մէջ կայանալիք հանդիպումը լուսարձակի տակ պիտի բերէ տեղահանուած անձերու վերադարձի եւ պաշտպանութեան իրաւունքները, ինչքերու վերականգնումը, մշակութային ժառանգութիւնը, հաշուետուութիւնը եւ  կայուն ապաքինումը

Ժընեւ, Զուիցերիա- Սեպտեմբեր 21, 2026 – Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), որ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC) մէջ խորհրդատուական կարգավիճակ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, Հայկական իրաւական կեդրոնին (ALC) հետ համագործակցաբար, ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ պիտի կազմակերպէ ձեռնարկ մը, որուն կիզակէտն է գաղթականներու արդարութիւնը եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան՝ իրաւունքներու վրայ հիմնուած կայուն լուծման ապահովումը։

«Տեղահանուածներու արդարութիւն Արցախի հայ կիներու եւ մանուկներուն. վերադարձի իրաւունքի յառաջմղում՝ մարդկային իրաւունքներու, կալուածներու վերականգնման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ կայուն վերականգնման միջոցով» խորագիրը կրող նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 24, 2026-ին, ժամը 17:00-ին, Ազգերու Պալատին (Palais des Nations) XI սրահին մէջ, Ժընեւ, Զուիցերիա:

Ձեռնարկը պիտի մէկտեղէ տուեալ մարմինին անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներ, միջազգային իրաւական եւ մարդկային իրաւանց մասնագէտներ, մարդասիրական մարզի գործիչներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ այլ շահագրգիռ կողմեր՝ քննելու համար տեղահանութեան շարունակական հետեւանքները եւ միջազգային ընտանիքին դերակատարութիւնը՝ արդարութեան հաստատման եւ մնայուն լուծումնսրու մէջ։

Բռնի տեղահանութենէն գաղթականներու արդարութիւն

Սեպտեմբեր 2023ին, աւելի քան հարիւր հազար հայեր Արցախէն (Լեռնային Ղարաբաղ) խոյս տուին՝ ամիսներ տեւած մարդասիրական տագնապէն եւ թշնամական արարքներէ ետք։ Տեղահանութիւնը յաջորդեց մօտաւորապէս ինը ամիս տեւած ծանր շրջափակման՝ Լաչինի անցքին փակմամբ, որ Արցախը Հայաստանի կապող կենսական անցք մըն էր քաղաքային բնակչութեան համար։

Տեղահանութեան պատճառով ընտանիքներ զրկուեցան իրենց բնակարաններէն, ինչքերէն, վարժարաններէն, հաւաքականութիւններէն, մշակութային հիմնարկներէն եւ կրօնական ժառանգութենէն։

Կիներ եւ մանուկներ ապրեցան այս տեղահանութեան դառն հետեւանքները։ Կիներ ստիպողաբար ստանձնեցին յաւելեալ պատասխանատուութիւններ՝ իբրեւ հոգատարներ, հայթայթողներ եւ հաւաքականութեան ղեկավարներ, դիմագրաւելով տնտեսական անապահովութիւն, ցնցումներ՝ իբրեւ հետեւանք կորուստի եւ տեղահանութեան։ Մանուկներ դիմագրաւեցին կիսաւարտ կրթութիւն, հարազատ ընկերային միջավայրի կորուստ, ինչպէս նաեւ՝ հոգեկան եւ զարգացման երկարաժամկէտ  ազդեցութիւններ։

Մինչ մարդասիրական օժանդակութիւնը կենսական է, ՀՕՄի այս ձեռնարկը պիտի շեշտէ , որ տեղահանութեան հակազդելը նաեւ կը պահանջէ գաղթականներու  իրաւունքներու եւ երկարաժամկէտ ապագայի հասցէագրումը։ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան նշեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը ուղղուած է անմիջական կարիքներու ապահովման.գաղթականներու արդարութիւնը մեզմէ կը պահանջէ հարցադրելու, թէ ինչ է յաջորդ քայլը՝ աւելցնելով, որ նաեւ կը պահանջէ տեղահանուած անձերու պաշտպանութիւնը, լուսարձակի տակ բերելով իրենց ապագան ճշդորոշելու , բնակարանային եւ ինչքի իրաւունքները, անոնց մշակութային ժառանգութիւնը, արդարութեան հասանելիութիւնը եւ արժանապատիւ, կամաւոր եւ ապահով վերադարձի իրաւունքի պայմաններու ստեղծումը։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՀԻՆԳ ՄԱՐԶԵՐ

Տեղահանութեան ընթացքին իրաւունքներու պաշտպանութիւն

Կամաւոր, ապահով, արժանապատիւ եւ հաւաքական վերադարձ

Բնակարանային, հողի եւ ինչքի իրաւունքներ

Մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւն

Հաշուետուողականութիւն եւ անցումային արդարութիւն

Կիներն ու մանուկները՝ կիզակէտ

ՀՕՄի ձեռնարկին առանցքային նպատակը պիտի ըլլայ ապահովել, որ տեղահանութեան եւ մնայուն լուծումները կիներն ու մանուկները չեն համարեր իբրեւ սոսկ մարդասիրական օժանդակութիւն ստացողներ։ Նիստը պիտի քննարկէ տեղահանուած անձերու իմաստալից մասնակցութիւնը՝ իրենց իրաւունքներուն, հաւաքականութիւններուն եւ ապագային վերաբերեալ որոշումներու կայացման հոլովոյթին։

Քննարկումները նաեւ նկատի պիտի ունենան կայուն ապաքինումը՝  ուսման, առողջապահութեան, հոգեբանական զօրակցութեան, յարմարաւէտ բնակարաններու, ընկերային պաշտպանութեան, աշխատանքի եւ տնտեսական առիթներու ընդմէջէն։

ՀՕՄի այս ձեռնարկին նպատակն է քաջալերել աւելի ընդգրկուն համագործակցութիւն՝ անդամ պետութիւններու, ՄԱԿի կառոյցներու եւ գործակալութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ քաղաքային հասարակութեան միջեւ, ինչպէս նաեւ՝ մատնանշելու գործնական առաջարկներ, որոնք կրնան օժանդակել մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, արդարութեան եւ ապաքինման։

ԶԵԿՈՒՑԱԲԵՐՆԵՐ ԵՒ ՆԻՒԹԵՐ

Հայ Օգնութեան Միութեան զեկուցաբեր

Նիւթ։ ՀՕՄի մարդասիրական աշխատանքները՝ Արցախի ժողովուրդին համար- Պատերազմին, յետ պատերազմին եւ խաղաղութեան պայմաններու մէջ օժանդակութիւններ։ Սօսէ մանկապարտէզներ, Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ, Արեւային Արցախ ծրագրեր։ Ընտանեկան օժանդակութիւն եւ զօրակցութիւն՝ շրջափակման, տեղահանութեան եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակին ընթացքին։

Արմինէ Ալեքսանեան

Նիւթ։ Արցախահայութեան հիմնական իրաւունքներ։

Սիլվիա Ֆերնանտեզ տէ Կուրմենտի— Արժանթինցի նախկին դիւանագէտ եւ միջազգային դատաւոր

Նիւթ։ Միջազգային արդարութիւն եւ հաշուետուողականութիւն։ Բռնի տեղահանութենէն ետք իրաւունքներու պաշտպանութիւն։

Դոկտոր Էլիսա վոն Եոյտէն- Ֆորկի— Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկի ատենապետ

Նիւթ։ Բռնի տեղահանութենէն կանխարգիլում։ Արցախահայութեան պաշտպանութիւն եւ նոր վայրագութիւններու կանխարգիլում։

Մարինա Մեզուր— Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան

Նիւթ։ Միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութիւնը՝ Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կապակցաբար։

Գեղամ Ստեփանեան— Արցախի հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան

Նիւթ։ Արցախահայութեան իրաւունքները՝ իբրեւ Հայաստան տեղահանուածներ եւ անոնց վերադարձի իրաւունքը։

ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Share