Հրաժեշտի Խօսք Ընկեր Խոսրով Ասոյեանին

Հրաժեշտի Խօսք Ընկեր Խոսրով Ասոյեանին

Արտասանուած ընկ, Յովիկ Սալիպայի կողմէ           

Յարգելի Ասլանեան ընտանիքի անդամներ եւ բարեկամներ,

            Սիրելի սգակիր ընկերներ,

            Հաւաքուած ենք, վերջին հրաժեշտը տալու բազմաշխատ Ընկեր Խոսրովին, դաշնակցակա՛ն Խոսրովին, սակայն լաւ գիտենք, որ Խոսրովն ու նմանները մեզմէ չեն հեռանար ընդմիշտ, այլ մեզի հետ պիտի մնան իրենց կեանքի յարգելի վաստակով ու դաշնակցական մարդը մարմնաւորած ըլլալու յիշատակներով:

            Դժուար պահ մըն է ասիկա, որովհետեւ հրաժեշտ կու տանք հաւատաւոր եւ ամբողջ կեանք մը ծառայութիւն եղող ընկերոջ մը: Այս պահը նաեւ ունի խորհուրդ մը, խորհրդաւորութիւն մը, որովհետեւ պարտականութիւնը ունիմ խօսելու ընկերոջ մը մասին, որ ապրեցաւ եւ բոլոր աշխատանքները կատարեց լուրջ կերպով, ինքզինք պահեց լուսարձակներէ եւ հրապարակային աղմուկէ հեռու, հաւատալով, որ այդպէ՛ս պէտք է ըլլայ հաւատաւոր ու հաւատարիմ դաշնակցականը: Ան լաւ ըմբռնած էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկուն այն մտածումը, որ Դաշնակցութեան եւ դաշնակցականին համար գործն է կարեւորը, թէ՝ դաշնակցականը եթէ շատ խօսի, գործ ընելու ժամանակ չ’ունենար:

            Ընկեր Խոսրովը ապրեցաւ լեցուն կեանք մը, բառին ամէնէն բովանդակալից իմաստով: Եղաւ ընտանիքի հայր, ուսուցիչ, բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, սակայն այս բոլորին կողքին, անոր վաստակին մէջ «Առիւծի բաժին» ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դրօշին տակ իր աննահանջ գործը:

            Խոսրով Ասլանեանը, որ որդեգրած էր Ասոյեան գրչանունը, Դաշնակցութեան գաղափարներով հասակ առաւ մանկութեան եւ պատանութեան օրերուն, սկսելով Գամիշլիի մէջ աշակերտութեան եւ ուսանողութեան օրերէն: Անոր առաջին դաստիարակներն էին Դաշնակցութեան գործին, գաղափարներուն եւ տեսլականին հաւատացող իր ուսուցիչները: Աւելի ուշ, երբ հաստատուեցաւ Պէյրութ եւ անդամագրուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» ուսանողական միութեան, զուգահեռաբար վարեց ուսուցչական պաշտօն, իր դաստիարակներէն իրեն փոխանցուած ջահով բոցավառեց նա՛եւ իր աշակերներուն միտքն ու հոգին:

            Ուսանողական միութեան անդամակցութեան օրերուն, ապա նաեւ իր բնակավայրի դաշնակցական ընտանիքին միանալէ ետք, ան յանձն առաւ վարչական պատասխանատու պաշտօններ: Վրայ հասաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմը» եւ ան զինուորագրուեցաւ հայկական մեր շրջաններու պաշտպանութեան գործին, գտնուեցաւ Արեւմտեան թէ Արեւելեան շրջաններու հայկական հաստատութիւններն ու թաղերը պաշտպանողներու առաջին դիրքերուն վրայ: Սա այն օրերն էին, երբ մեր հաւաքականութեան պաշտպանները իրենց կեանքն ու հոգին ամէն օր իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած, դէմ կը կանգնէին մեծ ու փոքր ոտնձգութիւններու, տեղացող ռումբերու եւ հրթիռներու, գործը կը շարունակէին, երբ իրենց կողքին, պատնէշի վրայ կը մարէին մատղաշ կեանքեր:

            Աւելի ուշ, երբ տեղափոխուեցաւ Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ մեր շրջանին մէջ, ան շարունակեց դաշնակցականի իր ծառայութիւնները: Ունէր ընտանիք, զաւակներու հոգ, սակայն Դաշնակցութեան տունը իրեն համար նոյնքան հարազատ մնաց եւ նոյնքան բաժին ստացաւ անոր վաստակէն: Եղաւ Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» կոմիտի անդամ եւ ներկայացուցիչ, ընտրուեցաւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, յանձն առաւ բազմաթիւ այլ պարտականութիւններ: Ու՛ր որ գործեց, ի՛նչ մարմինի մէջ ալ եղաւ, գործեց լուռ ու մունջ, անաղմուկ, առանց իր վրայ ուշադրութիւն գրաւելու նուազագոյն ճիգի, որովհետեւ, ինչպէս ըսի, ան լուռ եւ հետեւողական գործի հաւատացող մարդն էր, փառք ու փառաբանանք չէր փնտռեր: Գործեց համեստօրէն, բայց կերտեց ոչ-համեստ, այլ հսկայական վաստակ:

            Ընկեր Խոսրովի լուռ աշխատանքները զինք տարին նաեւ Հայաստան ու Արցախ, երբ շուրջ 30 տարի առաջ Հայ ժողովուրդը լծուած էր Արցախի ազատագրական պատերազմին: Ընկեր Խոսրովը, որ անցեալին իր բաժինը բերած էր Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներուն, չէր կրնար մասնակից չըլլալ Ապրող Պայքարին, որ Արցախի ազատամարտն էր: Այդ առաքելութիւնն ալ կատարեց լուռ ու մունջ. բացի իր պատասխանատուներէն եւ շատ փոքր թիւով ընկերներէ, ո՛չ ոք գիտցաւ կամ իմացաւ, թէ ան ի՞նչ ըրած էր Արցախի մէջ, սակայն վերադարձաւ հոգեկան բաւարարութեամբ, հայրենիքին ծառայած ըլլալու, մեր Դատի ժամանակակից պայքարի ծովուն մէջ իր կաթիլը դրած ըլլալու գոհունակութեամբ: Աւելի ուշ, երբ իր բանաստեղծական հատորները լոյս տեսան, ընթերցողները որոշ գաղափար մը կազմեցին, թէ ան ինչպիսի դառն ու հպարտալի փորձառութիւններ ապրած էր հայրենիքի բարձունքներուն վրայ, տառապանքներ կրած էր մանաւանդ զինակիցներու նահատակութեան պատճառով: Անոր գրիչը մի՛շտ, մինչեւ կեանքին վերջին օրերը լեցուն մնաց Դաշնակցութեան պայքարին մելանով:

            Արցախի պետական իշխանութիւնները չմոռցան ընկեր Խոսրովի մատուցած ծառայութիւնները եւ տարիներ ետք, յատուկ շքանշանով մը պատուեցին զինք: Այս պարագան ալ, համաձայն իր համեստ նկարագիրին, պահեց լուսարձակներէ հեռու. նուիրեալ Խոսրովը համեստօրէն ու յուզումով ստացաւ այդ պատիւը:

            Սիրելի՛ Ընկեր Խոսրով. վստահ եմ, որ պիտի ներես ինծի, երբ հրաժեշտի այս պահուն, այսպէս՝ որոշ մանրամասնութիւններով կը խօսիմ դաշնակցական մարդու գործերուդ եւ ծառայութիւններուդ մասին. մեղանչում մի՛ սեպեր, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, թէ որքան խոնարհ էիր ու լռակեաց՝ քու տարած աշխատանքներուդ մասին, պիտի չուզէիր, որ մէկը այսքան խօսէր աշխատանքիդ մասին, իսկ այս ըսուածը միայն մէկ փոքր պատկերը կը կազմէ մօտաւորապէս 60 տարիներու ընթաքին քու կերտած մեծ վաստակիդ: Կրկնելու գնով ըսեմ. կեանքդ եղաւ նուիրում ու ծառայութիւն՝ զոյգ ընտանիքներուդ, սեփական ընտանիքիդ եւ դաշնակցական ընտանիքիդ, նա՛եւ մեր բոլորի մայր ընտանիքին՝ Հայաստանին ու Արցախին, որոնք լայն տեղ գրաւեցին վերջին հատորներուդ մէջ:

            Երթաս բարո՜վ, սիրելի եւ թանկագի՛ն ընկեր: Դուն ալ կ’երթաս միանալու դաշնակցականներու այն փաղանգին, որոնք գործեցին լուռ ու մունջ, ապրեցան Հայրենիքին եւ ազգին ցաւերով ու հպարտանքներով, Պայքա՛ր, պայքա՛ր երգելով՝ իրենց հետքը ձգեցին մեր հաւաքական կեանքին մէջ, Պէշիկթաշլեաններու, Սիամանթոներու եւ Դանիէլ Վարուժաններու կերտած գրականութեան մէջ: Ու մեր անմահ բանաստեղծներուն բառերուն հետեւողութեամբ, կրնաք ըսել. ո՛վ ընկեր, ազգիդ, ժողովուրդիդ եւ հայրենիքիդ համար ապրեցար ու գործեցիր, դուն շատ ապրեցար: Լուռ ու մունջ փակեցիր աչքերդ եւ վաղը պիտի երթաս միախառնուելու մեր հայրենիքին, որ հպարտ պիտի զգայ քեզի պէս զաւակ մը ծնած ըլլալուն համար:

            Վարձքդ կատա՛ր, ընկեր Խոսրով: Յիշատակդ պիտի պահենք անթառամ եւ օրինակելի:

            Հ.Յ.Դ. Արևմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Կոմիտէին, «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ մեր շրջանի բոլոր ընկերներուն անունով, ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Տիկին Ռիթային, զաւակներուդ՝ Տիգրանին, Շողերին եւ Փաթիլին, հարազատներուդ, եւ բոլորիդ՝ սիրելի վշտակից սգակիրներ:

Share