Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ ՆահանգներուԿեդրոնական Կոմիտէի

Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ ՆահանգներուԿեդրոնական Կոմիտէի

Հայոց Ցեղասպանութիւնը էր եւ կը մնայ ընդդէմ մեր գոյութեան ուղղուած յարձակում:

Այս ոճիրին արդար գնահատականը խոչընդոտելով՝ Անգարայի ժխտումը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ կողմէ հայ ազգի բնաջնջման միտուած դարաւոր վաղեմութիւն ունեցող ծրագրի շարունակութիւն:

1890-ականներու Համիտեան ջարդերէն սկսեալ մինչեւ օրս, Թուրքիան քողարզերծած է իր ճիւաղային նպատակները՝ հայերու սպանդը, մեր հողերու հայաթափումը, մեր սրբավայրերու պղծումը…մեր բնաջնջումը ու ապա մեր ոչնչացումը։

Թուրք պետութիւնը, թուրք հասարակութեան մօտ սերմանելով ու ամրապնդելով ցեղային խտրականութիւնը, երբեք չի բաւարարուիր մեզ սպանելով, նոյնիսկ զանգուածային ջարդերով, այլ ազերի իր դաշնակիցներով փան-թուրքական համադրուած քայլերով կը գործադրէ պետական քաղաքականութիւն՝ սպանելու նոյնիսկ հայերու յիշատակութիւնը։

Անոնք կ՛ուզեն տեսնել Հայաստանը առանց հայերու, հայերը առանց Հայաստանի:

Մեր հողը առանց մեր ժողովուրդին, մեր ժողովուրդը առանց մեր հողին:

Ցեղասպանութեան հսկայական աղէտին աւելցնելով վիրաւորանքը, Անգարան այժմ կը ձգտի հայեր ներգրաւել, ներառեալ ներկայ վարչապետը՝ իր ոճիրները քողարկելու եւ հետեւանքները ամրապնդելու գործին:

Անոնք կ՛ուզեն «բնականոն» կապեր հաստատել Հայաստանի հետ, առանց խոստովանելու – չըսելու համար հատուցելու – իրենց յանցագործութիւնները, որովհետեւ կ՛ուզեն իրենց ցեղասպանական նպատակներու ամրապնդման տակ ստանալ հայկական կողմի մը կնիքը: Երեւանէն տրուած արտօնութիւն մը՝ շարունակելու իրենց սուտը, սպանդը եւ ցեղային զտումը:

Այս է իրենց նպատակը՝ մեր գոյութեան վերջը:

Մենք այդ բոլորին ականատես ենք աւելի քան մէկ դար՝ Սեպտեմբեր 1918-ի Պաքուի հայոց ջարդերէն մինչեւ 1920-ի Շուշիի ջարդեր, 1988-1990-ի Սումկայիթի, Կիրովապատի ու Պաքուի ջարդերէն մինչեւ 1992-ի Մարաղայի ջարդ ու 2020-ի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմ:

Ատրպէյճանական յարձակումէն ետք, այս ամիս, երբ կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը՝ մենք կը վերանորոգենք արդարութեան մեր պահանջը, իբրեւ պարտք մեր նահատակներու յիշատակին, մեր հայրենակիցներուն ու դեռ չծնած սերունդներուն առջեւ:

Մեր պատմութիւնը արդարութեան արժանի է ։

Մեր ապագան արդարութիւն կը պահանջէ։

Այս պայքարին մէջ մենք պիտի մնանք աննկուն, չխոնարհուող, եւ անկոտրում, ու մեր դատը պիտի հետապնդենք աննահանջ պայքարով՝ հակառակ ամէն տեսակի ընդդիմութեան: Մենք ուս-ուսի կը կանգնինք հայրենիքի նուիրեալներուն հետ՝ մեր հինաւուր ազգի հպարտ զաւակներուն կողքին, որոնք գիտեն թէ, հակառակ Փաշինեանի հակահայ ելոյթներուն եւ թուրքերու հետ անհեռանկար մերձեցման, անոնց հաստատակամ վճռականութիւնը, յարատեւ աշխատանքն ու անձնուրաց ծառայութիւնը կը մնան Հայաստանի փրկութեան երաշխիքը։

Այնքան ատեն, որ Փաշինեան կանգնած է իշխանութեան ղեկին, ան պիտի փորձէ քանդել, յուսալքել եւ նսեմացնել հայութիւնը: Ան անձնատուր ըլլալով պիսի փորձէ յանձնել մեր ամբողջ պատմական ժառանգութիւնը:

Մենք պիտի պայքարինք հայկական հող յանձնելուն դէմ, յանուն մեր սրբազան հողին ու անժամանցելի իրաւունքներուն եւ աշխարհասփիւռ ազգային ուժերու աջակցութեամբ՝ պիտի գործենք յանուն իրական արդարութեան եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման։

Ապրիլ 19, 2022

Հ.Յ.Դ. Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
Կեդրոնական Կոմիտէ

Share