«Արամ Մանուկեան » ռազմավարական ծրագրի հիմնարկը կը հաստատէ Հ․Հ․ ոստիկանութեան բռնութիւնները

«Արամ Մանուկեան » ռազմավարական ծրագրի հիմնարկը կը հաստատէ Հ․Հ․ ոստիկանութեան բռնութիւնները

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ․-  Ա.Մ.Ն. արեւելեան շրջանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան » ռազմավարական ծրագրի հիմնարկը պատրաստած է թղթածրար մը, որուն մէջ մանրամասնութեամբ կը տեղեկացնէ, թէ Հ․Հ․ ոստիկանութիւնը հետզհետէ սկսած է աւելի բռնութիւն կիրարկել։

Արդարեւ, իրաւաբաններ՝ Հրայր Աղավէլեան, Ռուբէն Մելիքեան եւ Էլիսենտա Քալվեթ-Մարթինէս, պատրաստած են «Պետական բռնութեան սաստկացում․ Հայաստանի մէջ ոստիկանութեան համակարգուած բռնութիւնները 2023-էն ի վեր» վերնագրով թղթածրար մը, ներկայացնելով մանրամասն տեղեկութիւններ։

Աւելի քան հարիւր էջերէ բաղկացած, այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ 2015 եւ 2016 թուականներու իրադարձութիւնները, սակայն կ՛եզրակացնէ, որ 2023-էն ի վեր նոյնքան սաստկացած են բռնութիւններըժամանակաշրջանը բնոյթի եւ ծաւալի արմատական փոխակերպում կը ներկայացնէ։ Արցախեան ճգնաժամէն ետք զանգուածային ձերբակալութիւնները շարունակուեցան, 2024-ի գարնան Տաւուշի սահմանազատման բողոքները եւ տեղաշարժի սահմանափակումները, ինչպէս նաեւ 2024 թուականի Յունիս 12-ի իրադարձութիւնները Երեւանի մէջ, պատճառ դարձան, որ բազմաթիւ ցուցարարներ եւ լրագրողներ վիրաւորուին, յատկապէս երբ ոստիկանութիւնը գործածեց արգիլուած ձայնային-պայթուցիկ նռնակներ։ Թղթածրարը նաեւ կը քննէ 2025-ի քաղաքականօրէն զգայուն դէպքերը եւ կը շեշտէ Յունիս 27, 2025-ի աննախադէպ ոստիկանական արշաւանքը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ, որ կը բնութագրուի որպէս պատմական խախտում՝ կրօնական սրբութեան եւ Սահմանադրական երաշխիքներու դէմ։

Ռուբէն Մելիքեան կը յայտնէ, թէ Հայաստանի ոստիկանութիւնը աւելի ու աւելի կը զինուի եւ կը քաղաքականացուի, իսկ յատուկ ջոկատայինները կ’ուղարկուին մասսայական միջամութիւններ կատարելու եւ սարսափ ստեղծելու։

«Միջազգային չափանիշները յստակ են․ ուժի կիրարկումը պէտք է ըլլայ օրէնքով սահմանուած, անհրաժեշտ, համաչափ եւ վերջին այլընտրանք։ Մեր փաստագրութիւնը ցոյց կու տայ համակարգուած շեղումներ այդ սկզբունքներու խախտում, ներառեալ՝ այնպիսի գործելակերպեր, որոնք կրնան հասնիլ անմարդկային կամ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի», կը յայտնէ իրաւաբան Էլիսենտա Քալվեթ-Մարթինէս։

Հեղինակները ներկայացուցած են յստակ ժամկէտներով ճանապարհային քարտէս՝ իրաւունքներու յարգանքի վրայ հիմնուած ոստիկանութիւն եւ հանրային վստահութիւն վերականգնելու համար։ Գլխաւոր առաջարկները կը ներառեն՝ անկախ քաղաքացիական վերահսկող մարմնի ստեղծում՝ հետաքննիչ եւ կարգապահական լիազօրութիւններով, բազմամարդ հաւաքներու վերահսկման խաղաղ միջոցներով եւ Մ․Ա․Կ․-ի սկզբունքներուն եւ մարդու իրաւունքներու  կիրարկում, դատական երաշխիքներ եւ բռնութիւններու արդար քննութիւն։

Նշենք, թէ «Արամ Մանուկեան» հիմնարկին օրակարգը կեդրոնացած է հրատապ խնդիրներու վրայ, որոնց կարգին՝ ազգային անվտանգութիւն, տնտեսական զարգացում, կրթութիւն, ատակ ղեկավարութիւն , առողջապահութիւն, սփիւռքի հետ գործակցութիւն եւ տարածաշրջանի  կայունութիւն: Հետազօտութիւններու վրայ հիմնուած գործունէութեամբ եւ ցուցմունքներով, հիմնարկը կը պայքարի մարտահրաւէրներուն դէմ եւ նպաստէ հայ ազգի բարելաւման:

Հիմնարկին թիրախն են պետական պաշտօնեաները, քաղաքացիական կազմակերպութիւնները, ակադեմականները, առեւտրական կառոյցներն ու ընդհանրապէս հանրութիւնը՝ ապահովելու համար, որ իր գործունէութեան դաշտը հասնի այդ հետաքրքրուող  կողմերու լայն շրջանակին: Հիմնարկը նաեւ կը ստեղծէ տարբեր մարզերէ ներս մասնագիտացած խումբեր, ներառեալ ակադեմականներ, մասնագէտներ, սփիւռքահայ անհատներ եւ երիտասարդներ՝ ազգի մարտահրաւէրները  դիմագրաւելու եւ ըստ այնմ հեռանկարներ ապահովելու համար: Նաեւ, այս հիմնարկը կը գործակցի պետական կառոյցներու, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու, հետազօտական հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքի մէջ գործող հիմնարկներու հետ,  արդիւնաւոր գիտելիքներ եւ աղբիւրներ օգտագործելու համար:

Թղթածրարը կարդալու համար, այցելել,- https://arammanoukianinstitute.org/escalation-of-state-violence-systematic-policebrutality-in-armenia-since-2023/

Share