35 տարիներ առաջ, 1991ին, Հ.Օ.Մ.ի մեծ ընտանիքին միացաւ Պըրպէնքի «Արազ» մասնաճիւղը: Հիմնադիրները քաջ գիտէին, որ այս մասնաճիւղը երկար կեանք պիտի ունենայ եւ անվարան պիտի ծառայէ իր ազգին ու հայրենիքին, եւ ահաւասիկ, 35 տարիներու բեղուն գործունէութիւններէն ձեռք բերած փորձառութիւններով, այսօր ան՛ տիրական ներկայութիւն դարձած է շրջանէն ներս:
Այս ուրախ առիթով Շաբաթ, 28 Փետրուարին, մասնաճիւղի վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, մեծ շուքով նշուեցաւ Հ.Օ.Մ.ի «Արազ» մասնաճիւղի 35րդ ամեակը, Կլէնտէյլի Reflection Venue, Harmony Ballroom-ի ճաշասրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ Տէր Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեանի, Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի՝ Ընկհ. Քրիստին Խանճեանի եւ Վարչութեան ընկերուհիներու, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Աղբալեան» Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ՝ ընկ. Արմիկ Աւետիսեանի եւ կոմիտէի անդամ ընկերուհիներու, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ օգնութեան միութեան տարբեր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, մասնաճիւղի ընկերուհիներու եւ շատ սիրելի հիւրերու:















Ձեռնարկի պաշտօնական յայտագրի հանդիսավարութիւնը կատարեց ընկհ. Սալբի Թէքկէլեան-Յակոբեանը, որ առաջին հերթին հրաւիրեց սիրուած երգիչ Վարանդը, որպէսզի կատարէ Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Օ.Մ.ի քայլերգները: Որմէ ետք, հանդիսավարը ներկայացնելէ ետք օրուան պաշտօնական հիւրերը, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ 35 տարիներու բեղուն գործունէութիւններէն ձեռք բերած փորձառութիւններով, անդամ ընկերուհիները անգամ մը եւս ինքնավստահութեամբ կը ներկայանան, վերանորոգելու համար իրենց ուխտը, հաւատարիմ մնալու եւ անշահախնդրօրէն շարունակելու իրենց ծառայութիւնը, կառչած մնալով Հայ Օգնութեան Միութեան հետապնդած մարդասիրական եւ ազգանպաստ բոլոր նպատակներուն։



















Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Մկրտիչ Քհնյ. Քէշիշեանը, որ օրհնեց եւ շնորհաւորական իր խօսքերը փոխանցեց ներկաներուն:
Մասնաճիւղի վարչութեան անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց ատենապետուհի ընկհ. Նանիկ Քիւփէլեանը, որ առաջին հերթին ողջունելով օրուան պաշտօնական հիւրերն ու ներկաները, Հ.Օ.Մ.ի «Արազ» մասնաճիւղի համար, օրը որակեց պատմական, որ 35 երկար տարիներ անընդմէջ փորձած էր գործադրել Հ.Օ.Մ.ի գերագոյն նպատակը՝ ըլլալ հայ ժողովուրդին հետ, եւ անխնայ ծառայել անոր: Ապա, հակիրճ ակնարկ մը նետելով մասնաճիւղի պատմականին վրայ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ներկաներուն, որոնք հպարտալի այս պահը կը բաժնեկցին մասնաճիւղին հետ:
Հ.Օ.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անունով, մասնաճիւղի 35րդ ամեակը ողջունեց ատենապետուհի Ընկհ. Քրիստին Խանճեանը, որ առաջին հերթին ընդգծելէ ետք մասնաճիւղի թուականի աճը, մատնանշեց անոր արձանագրած յաջողութիւնները: «Պատմական օր է «Արազ» մասնաճիւղին եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ շրջանի Հ.Օ.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար: Այսօր «Արազ» մասնաճիւղը կը վայելէ իր շրջապատի յարգանքն ու վստահութիւնը: Այս իմաստով «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիներու բազմազան հանրօգուտ ծառայութիւններով կրցան այդ յարգանքը վաստակել մասնաճիւղի համար», ըսաւ ան: Ապա, բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անոնց յանձնեց մասնաճիւղի 35 ամեայ ծառայութիւնը գնահատող յուշատախտակ մը, ինչպէս նաեւ գնահատագիր ստացան իրենց 50 տարիներու ծառայութիւնը ամբողջացուցած, ընկերուհիներ՝ Նանիկ Քիւփէլեանը եւ Արմինէ Գունտագճեանը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ձեռնարկի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող մոմավառութիւնը: 54 մոմավառներ հերթաբար վառեցին մասնաճիւղի 35 ամեակը խորհրդանշող մոմերը: Որմէ ետք Ընկերուհիները կտրեցին նոյն նպատակով պատրաստուած կարկանդակը: Ապա՝ Հ.Յ.Դ. «Աղբալեան» Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Ընկեր Արմիկ Աւետիսեանը փոխանցեց կոմիտէութեան շնորհաւորանքները եւ յարատեւ յաջողութիւններու մաղթանքները:
Պաշտօնական յայտագրի աւարտէն ետք, ուրախութեամբ թնդաց սրահը: Օրը խանդավառեց սիրուած երգիչ Վարանդը: Ներկաները շուրջպարերով երջանիկ պահեր ապրեցան եւ վերջաւորութեան, մասնակիցները, ազգային-յեղափոխական երգերով յագեցած մեկնեցան տուն:
Գրեց՝ Ընկհ. Սալբի Թէքկէլեան-Յակոբեան
