«Ազդակ»-ի «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան» Խմբագրասենեակի Պաշտօնական Բացում

«Ազդակ»-ի «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան» Խմբագրասենեակի Պաշտօնական Բացում

Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ  իրաքահայ վաստակաւոր գործիչ, բեղուն գրիչի տէր, «Ազդակ»-ի երկար տարիներու հաւատարիմ յօդուածագիր տոքթ. Վեհունի Մինասեանի անունը կրող խմբագրասենեակի պաշտօնական բացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութիւն դարձած է «Ազդակ»-ի խմբագրասենեակները կոչել մեր մամուլի գործիչներուն եւ յատկապէս «Ազդակ»-ի խմբագիրի պաշտօն վարած կամ աշխատակցածներու անուններով:

«Շուրջ հինգ տարի առաջ մեր խմբագրատան սենեակներէն մէկը անուանակոչեցինք իրաքահայ մտաւորական եւ «Ազդակ»-ին` ՀՅԴ պաշտօնաթերթ դառնալէն ետք առաջին խմբագիրի պաշտօնը ստանձնած Լեւոն Գարմէնի անունով: Յայտարարեցինք, որ որոշած ենք նաեւ խմբագրասենեակներէն մէկը կոչել «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին մաս կազմած դաշնակցական մամուլի յառաջամարտիկներէն Սարգիս Զէյթլեանի անունով:

«Այժմ նաեւ այս մէկը` հայ մամուլին եւ «Ազդակ»-ին յօդուածաշարքերով իր ներդրումը ունեցած եւ յատկապէս իրաքահայ գաղութի պատմութեան կարեւորագոյն փուլերը մամուլին յանձնած ներհուն մտաւորական տոքթ. Վեհունի Մինասեանի անունով», ըսաւ ան:

Քրիստ Խրոյեան դիտել տուաւ, որ նման նախաձեռնութիւններով «Ազդակ» ո՛չ միայն իր խմբագրատան մէջ կ՛ամրագրէ հայ մամուլին ծառայած մարդոց անունները, այլ նաեւ թերթի աշխատակազմին, անոր յարկին տակ իրենց առաջին յօդուածները ստորագրողներուն եւ ընդհանրապէս  այցելուներուն ու ընթերցողներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ կը դրոշմէ «Ազդակ»-ի ճամբով հայ մամուլի զարգացման նպաստած մարդոց վաստակը:  Ան նշեց, որ իրաքահայութեան «Գոյամարտ» թերթին, Վասպուրականի հայրենակցական միութեան «Վարագ» պարբերաթերթին, թէ «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ ընթերցողը պիտի հանդիպի տոքթ. Վեհունի Մինասեանի գրիչին պատկանող բազմաթիւ գրութիւններու, որոնք անկասկած կարեւոր աղբիւր են իրաքահայութեան պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար:

Իրաքահայ Վաստակաւոր Ազգային Գործիչ Տոքթ. Վեհունի Մինասեան: Վերջին շրջանին եղել է Գլենդելի Ահարոնեան կոմիտէութեան անդամ:

Խրոյեան տեղեկացուց, որ այս ծրագիրը կ՛իրականանայ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան եւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համագործակցութեամբ. այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի հայոց թեմի Ազգային Կեդրոնական վարչութեան, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական ծ. վրդ. Կիւլկիւլեանին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանին եւ հաշուապահ Կարապետ Գալուստեանին` հաստատելով, որ այս աջակցութիւնը պարտաւորեցնող է «Ազդակ»-ի ընտանիքին համար եւ խրախուսիչ` այս դժուար պայմաններուն մէջ շարունակելու համար թերթին առաքելութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Իրաքի հայոց թեմի Առաջնորդ Օշական ծ. վրդ. Կիւլկիւլեան, որ անդրադարձաւ Իրաքի եւ Լիբանանի, յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին միջեւ առկայ իւրայատուկ կապին: «Ազդակ» օրաթերթը ինծի համար նորութիւն չէ, փոքր տարիքէս ընթերցած եմ զայն, կը շարունակեմ ընթերցել ու պիտի ընթերցեմ», հաստատեց ան` դիտել տալով, որ իրեն համար ուրախութիւն է Վեհունի Մինասեանին անունը կրող այս սենեակի բացման ծրագիրի իրականացման մասնակից դառնալ, յատկապէս «Ազդակ»-ի յարկին տակ: Առաջնորդ հայր սուրբը նշեց, որ բոլորին համար յստակ է, թէ այսօր հայ մամուլը ծանր օրեր կ՛ապրի, մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման է, այս ժամանակակից, համացանցային աշխարհին մէջ բազում մարտահրաւէրներ կան` յոյս յայտնելով, որ կարելիութիւն կ՛ունենան իրենց ներդրումը բերել շարունակելու այս առաքելութիւնը: Օշական ծ. վրդ. Կիւլկիւլեան վստահեցուց, որ առկայ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի նոյն ոգիով ու պատրաստակամութեամբ:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան իր սրտի խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ Իրաքէն նման ներկայացուցչական առաքելութեամբ անձնաւորութիւններ կը գտնուին Լիբանան` նման ողջունելի նախաձեռնութեամբ մը: Ան դիտել տուաւ, որ Իրաքի թեմին մէջ եւս բազում դժուարութիւններ կան, ինչպէս Լիբանանի, բայց եւ այնպէս այս դժուարութիւններու առկայութիւնը մեզ կը մղէ թիավարելու հոսանքն ի վեր, պայքարելու ամէն խոչընդոտի դէմ` մեր գոյութիւնը ապահովելու, յարատեւելու եւ յառաջդիմելու առաջադրանքով: «Ուրախ եմ, որ հայ մամուլի կողքին էք նաեւ, այս օրերուն հայ մամուլի կողքին ըլլալը անհրաժեշտութիւն է թէ՛ մամուլին համար եւ թէ՛ մեզի համար: Երեւակայեցէք մեր կեանքը  առանց մեր մամուլին, «Ազդակ»-ը միայն Լիբանանով եւ լիբանանահայութեամբ չէ հետաքրքրուած, այլ` իր կարկինը լայն բացած, կը փորձէ անհրաժեշտ տեղեկատուութեամբ մնայուն կապ ստեղծել հեռաւոր ափերուն մէջ գտնուող մեր գաղութներուն հետ: Այս կարեւոր առաքելութիւնը պէտք է շարունակէ, մասնաւորաբար լիբանանահայութեան հեղինակութիւնը, վարկը եւ առաքելութիւնը պահպանելու գնով», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը:  Ան ըսաւ, որ Իրաքի հետ «Ազդակ»-ի այս գործակցութիւնը նաեւ պատիւ կը բերէ լիբանանահայութեան` մաղթելով, որ «Տոքթ. Վեհունի Մինասեան» խմբագրասենեակը մեղուաջան աշխատանքի բոյն հանդիսանայ, եւ հայ մամուլի գործիչները` վաղեմի թէ ներկայ, խրախուսուին ի տես այս գեղեցիկ շարժոյթին:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Իրաքի հայոց թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեանին` նշելով, որ իրենց այս նախաձեռնութիւնը ազգային մղումէ բխող քայլ է հանդէպ հայկական մամուլին, յատկապէս` «Ազդակ»-ին: Ան շեշտեց, որ մեծ է թիւը «Ազդակ»-ին հետեւողներուն, որոնց համար թերթը հայ գիրի ու գրականութեան հարուստ աղբիւր է` աւելցնելով, որ Իրաքի մէջ դժուար թէ մեծ ըլլայ թիւը հայկական բարձրագոյն ուսում ստացած անձերուն, սակայն անոնք իրենց հիմնական հայկական կրթութիւնը զարգացնելով, թերթին հետեւելով, ընթերցելով կրցած են բարելաւել իրենց լեզուն եւ հայկական իմացութիւնը: Իր յուշերուն ճամբով Մելքոն Մելքոնեան անդրադարձաւ իրաքահայ կեանքին մէջ տոքթ. Վեհունի Մինասեանի դերակատարութեան եւ ներդրումին, յատկապէս սերունդներու դաստիարակութեան ու զանոնք հայկական արժէքներուն իրազեկ դարձնելու առումով: Անդրադառնալով մամուլի դերակատարութեան եւ կարեւորութեան` ան ըսաւ, որ կարելի չէ գոյատեւել առանց հայ մամուլին, կարելի չէ ազգային շունչով հաղորդուիլ, հայկական լուրեր քաղել ճիշդ աղբիւրէ, այս առումով հիմնական նկատելով «Ազդակ»-ի առաքելութիւնը: Մ. Մելքոնեան յայտնեց, որ «Ազդակ»-ի հետ գործակցութեան հիմնաքարը դրաւ Պարոյր Յակոբեան եւ հաստատեց, որ այս կապը մնայուն պիտի ըլլայ եւ պիտի շարունակուի նաեւ ապագային:

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի. ան դիտել տուաւ, թէ առաջին անգամը չէ, որ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ո՛չ միայն «Ազդակ»-ին, այլ նաեւ Լիբանանի հայութեան:

«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք, Մելքոն Մելքոնեան եղաւ այն առաջիններէն, որ կապուեցաւ հարցնելով, թէ ինչի՞ պէտք ունինք եւ ինչպէ՞ս կրնան հասնիլ մեզի: Հեռաձայնային այդ հաղորդակցութիւնը ինքնին մեզի համար ոգեշնչող էր եւ յաւելեալ կորով կու տար», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի նկատել տուաւ, որ նախորդ երկու օրերուն ինք Հալէպ կը գտնուէր եւ այսօր ան իրաքահայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ է: «Կը փափաքիմ այս առիթով կրկնել այն, ինչ որ Հալէպի մէջ ըսի. մենք ճակատագրակից գաղութներ ենք: Այս երեք գաղութները մատնուած են այնպիսի կացութեան մը, որ կարծէք նախախնամութեամբ վիճակուած է, որ  անոնք իրարու զօրակցին եւ իրարու հետ աշխատին»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի պատուիրակութեան` «Ազդակ»-ի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:  «Ես բախտը եւ առիթը չեմ ունեցած տոքթ. Վեհունի Մինասեանը անձամբ ճանչնալու, բայց առիթը ունեցած եմ կարդալու իր թղթակցութիւնները: Անկախ իր ոճէն, ան արխիւ էր յատկապէս իրաքահայ գաղութի անցեալին, ներկային ու առօրեային մասին: «Ազդակ»-ը այսօր Լիբանանի մէջ հրատարակուող օրաթերթերուն ամէնէն հինն է եւ 1927-էն մինչեւ օրս անխափան հրատարակուած է, մինչ հսկայական թերթեր, որոնց ետին կանգնած են մեծ կուսակցութիւններ, դեսպանատուներ, փակուած են արդէն: Մենք շարունակեցինք «Ազդակ»-ը ունենալ իբրեւ  հանապազօրեայ հաց եւ մեր ընթերցողներուն շարունակեցինք փոխանցել զայն, իսկ մեծ թիւով հայորդիներ հայերէնը «Ազդակ»-էն սորվեցան: Անոնցմէ մէկը իմ հայրս էր. ան 10 տարեկանին Տիգրանակերտէն հասած էր Լիբանան, մանկապարտէզը աւարտած, սակայն յետոյ ան դարձաւ աւագ սարկաւագ եւ Աւետարան կը կարդար: Հայրս իր հայերէնը սորված էր «Ազդակ»-էն եւ իր գրադարանը կազմած է «Ազդակ»-ի թերթօններէն, որոնք մինչեւ օրս պահուած են», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ապագային պատմաբանները պիտի վճռեն, թէ «Ազդակ»-ը ի՛նչ գանձ է, որովհետեւ ան ո՛չ միայն լիբանանահայութեան պատմութեան, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան եւ տարբեր գաղութներու պատմութեան, Հայաստանի ազգային, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ այլ մարզերու շտեմարանն է: «Այս շրջագիծին մէջ կը մտնէ նաեւ իրաքահայ գաղութի պատմութիւնը, որ մէկ կամ երկու հատորի մէջ տպագրելն ու ցրուելը անբաւարար է, որովհետեւ թերթին մէջ կան շատ աւելի մանրամասնութիւններ այդ գաղութին մասին, որոնք ապագային նորահաս սերունդներուն համար կրնան հետաքրքրական ըլլալ: «Ազդակ»-ի հանդէպ այս վերաբերումը առաջինը չէ, եւ վստահ ենք, որ վերջինը պիտի չըլլայ: Այս վերաբերումը մեզի համար գօտեպնդող երեւոյթ մը ըլլալէ անդին նաեւ հիմնական նպաստ է գէթ մեր ժողովուրդի հայապահպանման գործին, արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման, եւ ինչու չէ նաեւ մեզ, մեզմէ փոքր եւ գալիք սերունդներու դաստիարակութեան: Աստուած ձեր բոլորին երկար կեանք տայ, հող բռնէք` ոսկի դառնայ», եզրափակեց ան:

Աւարտին «Ազդակ»-ի տնօրէն Շահան Գանտահարեան Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդին յանձնեց «Ազդակ»-ի յուշանուէրը` իբրեւ երախտագիտութիւն այս գործակցութեան:

Share