Զատկուան տօնի նախօրէին Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Զատկուան տօնի նախօրէին Թաւլեան մանկամսուրի աշակերտները այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան

Western Prelacy E-Newsletter

Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան, Ազգ. Առաջնորդարան այցելեց Փասատինայի մէջ գործող Ազգ. Թաւլեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի փոքրիկ աշակերտներէն խումբ մը, ընկերակցութեամբ տնօրէնուհի Կարին Ջուխատարեանի ու դաստիարակներու, եւ սիրալիր ընդունելութեան արժանացան Առաջնորդ՝ Տէր Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի կողմէ:

Թիւով 13 մանուկները Ս. Զատկուան տօնին առիթով մեծ խանդավառութեամբ աղօթեցին, երգեցին ու արտասանեցին եւ Ազգ. Առաջնորդարանը լեցուցին նոր կեանքի հոգեգրաւ թրթիռներով: Դաշնամուրի վրայ անոնց կ՛ընկերակցէր երաժշտութեան ուսուցչուհի Մարիա Քէշիշեան:

Share