Հաւաքական ուժ՝ Հայաստան — Արցախ — Սփիւռք

Հաւաքական ուժ՝ Հայաստան — Արցախ — Սփիւռք

Երեքշաբթի, 11 Ապրիլ 2023-ին, Քրեսենթա Հովիտի Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպած է «Հաւաքական Ուժ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք» քննարկում: Խօսք կ’առնեն Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան, Յարութ Սասունեան եւ Ռոպերթ Մարգարեան: Կը հետեւի լսարանի մասնակիցներուն հարց ու պատասխանը: Հանդիպումը կը սկսի Խաղաղ-ովկիանոսեան ժամանակով երեկոյեան ժամը 7:30-ին. երիտասարդական կեդրոնի հասցէն է 2633 Honolulu Ave., Montrose, CA. 91020:

Միջոցառումը առիթ է կանգ առնելու հայ ժողովրդի առջև ներկայ փուլին ծառացած խնդիրներուն և մարտահրավերներուն վրայ, Հայաստանի, Արցախի և Սփյուռքի տարածքին: Բանախօսները հակիրճ ակնարկներով պիտի ներկայացնեն ներկայ իրավիճակը, առկայ խնդիրները եւ ապագայի տեսլականները, կատարելով
պատմական ակնարկներ: Նկատի պիտի առնուին նաեւ Հայաստանի կարիքները՝ զինուելու ամենաժամանակակից զենքերով, ունենալու փորձառու եւ կարող ղեկավարութիւն, նաեւ այն, թէ հայ ժողովուրդը ինչպէս պէտք է միասնական ըլլայ, եւ ոչ թե պառակտուած, ինչպես նաև սփյուռքի համայնքներու հզօրացումը՝ ընտրուած ներկայացուցիչներ ստեղծելու միջոցով։

Ներկայացումը պիտի ընդգրկէ հասարակական առողջապահութեան վերլուծական մօտեցումները. պիտի ներկայացուի ախտաճանաչման եւ գործելաձեւի ընթացք՝ որ կրնայ օգտակար ըլլալ հաւաքական ներուժի զարգացման։

Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան իր ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ Ամերիկեան Համալսարանի մէջ, ուրկէ վկայուած է բժշկութեան եւ ներքին հիւանդութեանց մասնագիտութեամբ։ Հասարակական առողջապահութեան եւ համաճարակագիտութեան մագիստրոսի եւ տոքթորական իր մասնագիտութիւնը աւարտած է 1974ին Ճոն Հոփքինզ համալսարանին մէջ։

Տոքթ. Արմէնեան ղեկավարած է ակադեմական եւ ծրագրային շատ մը իրագործումներ՝ Լիբանան, Հայաստան, Միացեալ Նահանգներ, Պահրէյն եւ արաբական այլ երկիրներ։ Ան վարիչն էր Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Առողջապահական Գիտութիւններու բաժանմունքին, 14 տարի նախագահը՝ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին։ Շարք մը ակադեմական պատուանշաններու կողքին, ստացած է բարձրագոյն շքանշաններ՝ Լիբանանի եւ Հայաստանի նախագահներէն։ Ան անդամ է Լոնտոնի Բժիշկներու Արքայական Քոլէճին, եղած է անդամ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գարակէօզեան Հիմնարկութեան։

Տոքթ. Արմէնեան 14 տարի գլխաւոր խմբագիրն էր Համաճարակագիտական Ուսումնասիրութիւններ հրատարակութեան, նաեւ խմբագիրներէն՝ շարք մը մասնագիտական հրատարակութիւններու։ Ան հրատարակած է աւելի քան 100 գիտական յօդուածներ եւ 20 գիրքեր։ Անոր ջրանկարներն ու արձակը հրատարակուած են 4 գիրքերով։ Ներկայիս, Տոքթ. Արմէնեան կը ղեկավարէ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի «Թրփանճեան Գիւղական Զարգացման» եւ «Ձեռներէցներ Առողջապահութեան Ոլորտում» ծրագիրները։

Յարութ Սասունեան ամերիկահայ գրող, հասարակական գործիչ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր եւ հրատարակիչ։ Միջազգային յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան ստացած է Քոլումպիայի համալսարանէն եւ գործարար կառավարման մագիստրոսի աստիճան՝ Փեփըրտայնի համալսարանէն:

1978-1982-ններուն աշխատակցած է «Procter and Gamble» ընկերութեան, Ժընեւի մէջ, իբրեւ միջազգային առեւտուրի գործադիր պատասխանատու։

Ժընեւի մէջ, 10 տարի հանդիսացած է ՄԱԿ-ի  հասարակական պատուիրակ՝ մարդու իրաւունքներու հարցերով։

1983-էն ի վեր Կլէնտէյլի մէջ կը հրատարակէ «Քալիֆորնիա Քուրիըր»  անգլերէն լեզուով հայկական թերթը, որ յայտնի է Սասունեանի շաբաթական հեղինակային սիւնակով։

1989-ին հիմնադրած է եւ կը ղեկավարէ Հայաստան Արցախ  հիմնադրամը, որ Հայաստանի մէջ իրականացուցած է 970 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ծրագիրներ։

1997-2008 տարիներուն հանդիսացած է «Լինսի» հիմնադրամի փոխ նախագահ եւ վերահսկած է Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ծրագիրի իրականացումը՝ 240 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ։

1985-ին ունեցած է առանցքային դեր՝ ՄԱԿ կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ։

Անոր գիրքը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւն. կը  բարձրաձայնէ աշխարհը։ 1915-2015, փաստաթուղթեր եւ հռչակագիրներ» (The Armenian Genocide։ The World Speaks Out, 1915-2015, Documents & Declarations) հրատարակուած է ապրիլ 2015-ին,թարգմանուած է հայերէնի, արաբերէնի եւ պարսկերէնի։

Ստացած է Անանիա Շիրակացիի առաջին աստիճանի մետալ, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար»  (2008) եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան «Ոսկէ գրիչ» մրցանակ, 2016

Ռոպերթ Մարգարեան Բարձրագոյն ուսումըն ստացած է բնագիտութեան եւ իրաւաբանութեան ճիւղերուն մէջ: Շուրջ 25 տարի՝ մինչեւ ԱՄՆ փոխադրուիլը, աշխատած է Թեհրանի հայերէն ռադիոժամ յայտագիրին համար, իբրեւ հաղորդավար, մեկնաբան ու թարգմանիչ:

Քաղաքական վերլուծութիւններով կը գործակցիէ հայկական ԶԼՄ-ներու հետ: Հայաստանի եւ Արցախի նիւթերով իր վերլուծական յօդուածները հրատարակուած են հայկական ու պարսկական կայքերուն, The  California Courier-ի մէջ:

Share