Պլինքըն. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել»

Պլինքըն. «Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կարծիքով` Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրել: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պլինքըն 21 մարտին Քոնկրեսի Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած լսումներու ընթացքին ըսած է. «Կը կարծեմ, որ կայ կարելիութիւն, չեմ ուզեր ուռճացնել, սակայն կարելիութիւն, որ թոյլ կու տայ փաստացի աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստումը»:

«Ես Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ժամանակ հանդիպած եմ Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ: Արտաքին գործոց նախարարները վերջերս Ուաշինկթըն էին: Կ՛ակնկալեմ, որ անոնք պիտի վերադառնան: Աշխատած ենք (համաձայնագիրի) բնագիրին վրայ», ըսած է Պլինքըն:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետին համաձայն, ինք եռանդուն կերպով կը զբաղի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման խնդիրով` նպաստելով, որ կողմերը «հասնին խաղաղ համաձայնագիրի ձեռքբերման, որ պիտի կարգաւորէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները», ինչպէս նաեւ պիտի վերաբերի «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազգութեամբ հայերու իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան», «սահմանի սահմանազատման եւ այլն»:

«Մենք ատիկա չենք պարտադրեր Հայաստանին: Մենք կ՛արձագանգենք Հայաստանի արտայայտած մեծ ցանկութեան, որով կ՛ուզէր տեսնել, թէ արդեօք մենք կրնա՞նք օգնել իրենց` հասնելու համաձայնութեան, որ գոնէ հիմնականին մէջ վերջ պիտի դնէ աւելի քան 30 տարի շարունակուող տագնապին», ըսած է Պլինքըն:

Ան միեւնոյն ժամանակ նշած է «Լաչինի միջանցքին մէջ իրական խնդիրները»: «Ես ճնշում կը գործադրեմ Ազրպէյճանի վրայ, ներառեալ` այս շաբաթ, որպէսզի վերաբացուի այս միջանցքը, մենք ատոր վրայ կ՛աշխատինք», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:

«Առանց չափազանցութեան, ես կը կարծեմ, որ այժմ կայ բարենպաստ պահ, որ խորապէս պիտի համապատասխանէ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի շահերուն», աւելցուցած է Պլինքըն:

Զախարովա Չի Մեկնաբաներ Պլինքընի Խօսքերը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, անդրադառնալով Պլինքընի այն խօսքին, թէ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով կրնան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել ըսաւ. «Եկէք, այնուամենայնիւ, մեկնաբանենք տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, իսկ հեռանկարները մեկնաբանելու վարպետները շատ են: Սակայն եւ այնպէս, մեկնինք այն բանէն, որ սկիզբը պէտք է ատիկա կատարուի, իսկ ետքը արդէն պէտք պիտի ըլլայ եւ կարելի պիտի ըլլայ մեկնաբանել ատիկա: Մենք միշտ պատրաստակամ ենք մեկնաբանութիւններու համար, սակայն առայժմ մեկնաբանելու բան պարզապէս չկայ»:

Share