ARF Western U.S. Central Committee Announcement

ARF Western U.S. Central Committee Announcement

At moments of national crisis, silence becomes complicity. Today demands clarity.

The Armenian Revolutionary Federation Western US reaffirms its commitment to the enduring principles of national dignity, historical truth, justice, and the collective rights of the Armenian people.

Our responsibility remains to Artsakh and its displaced people, to the preservation of Armenian identity and historical memory, and to those who continue to seek justice for prisoners, detainees, and families still carrying the consequences of war, displacement, and national trauma from the Armenian genocide to ethnic cleansing of Artsakh.

We fundamentally oppose the political direction pursued under Prime Minister Nikol Pashinyan’s leadership — a direction that has lowered national expectations, weakened public trust in institutions, and recast core Armenian concerns as liabilities rather than priorities.

We reject attempts to treat Armenian history, identity, sovereignty, and security concerns as negotiable concepts detached from the lived experiences and sacrifices of our people.

The future of the Armenian nation will be shaped by Armenians everywhere — in Armenia, in Artsakh, and throughout the Diaspora — through perseverance, unity, and collective purpose, beginning with this election cycle on June 7.

ARF Western U.S. Central Committee
June 6, 2026


Ազգային ճգնաժամի պահերուն լռութիւնը կը վերածուի մեղսակցութեան։ Այսօր կը պահանջուի յստակութիւն։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը վերահաստատէ իր նուիրուածութիւնը ազգային արժանապատուութեան, պատմական ճշմարտութեան, արդարութեան եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական իրաւունքներու մնայուն սկզբունքներուն հանդէպ։

Մենք պատասխանատու ենք Արցախի եւ անոր բռնատեղահանուած ժողովուրդի, հայկական ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան պահպանման համար, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք կը շարունակեն արդարութիւն պահանջել գերիներուն, կալանաւորներուն եւ այն ընտանիքներուն համար, որոնք տակաւին կը կրեն պատերազմի, տեղահանութեան եւ ազգային ողբերգութեան հետեւանքները՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն մինչեւ Արցախի ցեղային զտումը։

Մենք սկզբունքային կերպով կը հակադրուինք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ որդեգրուած քաղաքական ուղղութեան՝ ուղղութիւն մը, որ նուազեցուցած է ազգային ակնկալութիւնները, տկարացուցած է հանրային վստահութիւնը պետական հաստատութիւններուն հանդէպ եւ հայ ժողովուրդի հիմնական մտահոգութիւնները ներկայացուցած է որպէս բեռ՝ առաջնահերթութիւն համարելու փոխարէն։

Մենք կը մերժենք հայոց պատմութիւնը, ինքնութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութեան մտահոգութիւնները սակարկելի հասկացութիւններ նկատելու փորձերը, որոնք կտրուած են մեր ժողովուրդի ապրած փորձառութիւններէն եւ կատարած զոհողութիւններէն եւ կ’ականահարեն մեր պետականութեան հիմքերը։

Հայ ազգի ապագան պիտի կերտուի աշխարհասփիւռ հայութեան կողմէ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ, յարատեւութեան, միասնութեան եւ հաւաքական նպատակասլացութեան միջոցով՝ սկսելով Յունիս 7-ի այս ընտրական հանգրուանէն։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
6 Յունիս, 2026

Share