Ժընեւ, Զուիցերիա- Սեպտեմբեր 24,2026 – Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), որ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC) մէջ խորհրդատուական կարգավիճակ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւն մըն է, Հայկական իրաւական կեդրոնին (ALC) հետ համագործակցաբար, ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի 63-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որուն կիզակէտը եղան գաղթականներու արդարութիւնը եւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան՝ իրաւունքներու վրայ հիմնուած կայուն լուծման ապահովումը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով արցախահայ կիներու եւ մանուկներու հարցերը։
«Տեղահանուածներու արդարութիւն՝ Արցախի հայ կիներու եւ մանուկներուն. վերադարձի իրաւունքի յառաջմղում՝ մարդկային իրաւունքներու, կալուածներու վերականգնման, մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ կայուն վերականգնման միջոցով» խորագիրը կրող նախաձեռնութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 24, 2026-ին, ժամը 17:00-ին, Ազգերու Պալատին (Palais des Nations) XI սրահին մէջ, Ժընեւ, Զուիցերիա:Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսայէն երիտասարդական պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Լիզա Չալըքեան- Ժիլիպէրի։ Պատուիրակութիւնը նաեւ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց Խրոհուրդի 63-րդ նստաշրջանին։
Քննարկումները լուսարձակի տակ բերին Սեպտեմբեր 2023ի պատերազմին պատճառով տեղահանուած արցախահայութեան մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական հետեւանքները։ ՄԱԿի Մարդկային Իրաւանց խորհուրդը տեղեկագրած է, որ քանի մը օրերու ընթացքին աւելի քան հարիւր հազար գաղթականներ տեղահանուեցան դէպի Հայաստան՝ իբրեւ արդիւնք պատերազմական գործողութիւններու։
Այս նախաձեռնութիւնը մասնաւորաբար ի մտի ունեցաւ տեղահանման ընթացքին ապահովութեան, բնակարանային, հողի եւ ունեցուածքի իրաւունքի, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման, հաշուետուողականութեան եւ անցումային արդարութեան եւ կամաւոր, ապահով եւ արժանապատիւ հաւաքական վերադարձի համար կենսական պայմաններու ստեղծման հարցերը։

Մարդասիրական փորձառութիւն եւ իրաւունքի վրայ խարսխուած լուծումներ
Քննարկումներու հանդիպման բացումը կատարեց զեկուցավար Գայանէ Խաչիկեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Արցախեան տագնապին ազդեցութիւնները՝ կիներու եւ մանուկներու վրայ, ինչպէս նաեւ՝ շեշտեց անոնց հաւաքական վերադարձի եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը։
ՀՕՄի անունով խօսք արտասանեց Կասիա Նիկողոսեան, որ լուսարձակի տակ բերաւ Արցախահայութեան համար ՀՕՄի ծաւալած մարդասիրական գործունէութիւնը՝ խաղաղութեան թէ պատերազմի օրերուն, յետ- պատերազմեան ապաքինման շրջանին եւ գաղթականութեան եւ մարդասիրական տագնապներուն ընթացքին։ Ան յիշեց Սօսէ մանկապարտէզները, Արեւային Արցախ, Զոհուած Հերոսներու Զաւակներ, Յոյսի Օճախներ եւ այլ ծրագրեր։Նիկողոսեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ նոր բնակարան մը չի ջնջեր Արցախի մէջ կորսուած բնակարանի կապուածութեան իրաւունքը։

Զեկուցաբերներ եւ նիւթեր
Արցախի արտաքին գործոց նախկին փոխ նախարար Արմինէ Ալեքսանեան ներկայացուց «Արցախահայութեան հիմնական իրաւունքներ» խորագրով նիւթը։ Ան լուսարձակի տակ առաւ Արցախեան պատերազմին եւ անոր հետեւած՝ Արցախահայութեան բռնի տեղահանութեան պատճառած վնասները եւ ցնցումները, ինչպէս նաեւ շեշտեց ,որ մարդու իրաւունքները թուղթի վրայ սկզբունքներ պէտք չէ մնան։ «Որպէսզի խաղաղութիւնը տեւական ըլլայ, մարդու իրաւունքները պէտք է պաշտպանուին» աւունքները պէտք է պաշտպանուին», ըսաւ Ալեքսանեան։
Արժանթինցի նախկին դիւանագէտ եւ միջազգային դատաւոր Սիլվիա Ֆերնանտեզ տէ Կուրմենտի խօսեցաւ «Միջազգային արդարութիւն եւ հաշուետուողականութիւն։ Բռնի տեղահանութենէն ետք իրաւունքներու պաշտպանութիւն» նիւթին մասին։ Զեկուցաբերը ներկայացուց թէ մարդու իրաւունքները եւ գաղթականներու միջազգային օրէնքը ինչպէս կը պաշտպանէ բռնի տեղահանուած անձերու հայրենիք վերադարձի իրաւունքը։ Կուրմենտի խօսեցաւ օրինակներով, թէ միջազգային դատական մեքանիզմները ինչպէս կրնան լուծման ուղիներ հայթայթել՝ միջպետական, հաւաքական եւ անհատական հայցադիմումներու համար։
Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկի ատենապետ դոկտ. Էլիսա վոն Եոյտէն-Ֆորկի ներկայացուց «Բռնի տեղահանութենէն կանխարգիլում։ Արցախահայութեան պաշտպանութիւն եւ նոր վայրագութիւններու կանխարգիլում» նիւթը։Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Սեպտեմբեր 2023ի սկիզբը Լեմքինի հիմնարկին հրապարակած 128 էջերէ բաղկացած տեղեկագրին, ուր ցոյց տրուած էր Ալիեւի վարչակարգին ցեղասպանական մտադրութիւնները։ Անդրադառնալով միջազգային ընտանիքին ցնցիչ լռութեան՝ Վոն Եոյտէն- Ֆորկի ըսաւ, որ այս իրողութիւնը մտածել կու տայ, թէ ժամանակակից աշխարհը ինչպէս կրնար տարբեր ըլլալ, եթէ միջազգային ընտանիքը լուռ չմնար։
Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Մարինա Մեզուր ներկայացուց «Միջազգային ընտանիքին պատասխանատուութիւնը՝ Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան կապակցաբար» նիւթը։ Ան յիշեց 2026ին Հայաստան այցելութեան ընթացքին արցախցի գաղթականի մը խօսքը, թէ «մեզ մի մոռնաք»։Մեզուր ընդգծեց, որ Արցախցիներու վերադարձի իրաւունքին կապակցաբար, Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութեան քայլերը տակաւին չեն համապատասխաներ Միութեան սկզբունքներուն եւ արժէքներուն՝ հարց տալով, թէ Եւրոպական Յանձնաժողովը եւ Եւրոպական Խորհուրդը երբ գործի պիտի անցնին։
Արցախի հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի նիւթը եղաւ «Արցախահայութեան իրաւունքները՝ իբրեւ Հայաստան տեղահանուածներ եւ անոնց վերադարձի իրաւունքը»։ Ստեփանեան համապարփակօրէն ներկայացուց Հայաստան ապաստանած արցախցիներու կեցութեան եւ այլ պայմանները՝ զգուշացնելով, որ մինչ անմիջական օժանդակութիւնները բաւական կրճատուած եւ իրողապէս վերջ գտած են, արցախցիները սուր կարիքը ունին մարդասիրական եւ ընկերային նեցուկի եւ օժանդակութեան։ Ան ահազանգ հնչեցուց, թէ շուրջ 25 հազար արցախցիներ արդէն իսկ Հայաստանէն հեռացած են եւ շեշտեց, որ առանց նշանակալից զօրակցութեան, աւելի ու աւելի արցախցիներ պիտի զգան, թէ այլ երկիրներու մէջ արժանապատիւ կեանք փնտռելէ այլ ընտրանք չունին։
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԲԽԱԾ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ
ա. Վերադարձի իրաւունքի ապահովում
բ. Միջազգային հսկողութեան մեքանիզմի գործարկում
գ. Կալուածներու վերատիրացում եւ հատուցում
դ. Մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւն
ե. Հաշուետուութիւն եւ լուծումներ
զ. Կիներու եւ մանուկներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն
է. Երկարաժամկէտ կայունութիւն
ը. Ինքնութեան պահպանում
