- Ինչպէս մոլորեցնող հարցախոյզները կը վերածուին ընտրական ազդեցութեան՝ Հայաստանի ամենավճռորոշ ընտրութիւններուն ընդառաջ
Մինչ Հայաստան կը մօտենայ Յունիս 7-ի մեծապէս սպասուած ընտրութիւններուն, քաղաքական դաշտ վերադարձած է ծանօթ երեւոյթ մը. իբրեւ թէ «հեղինակաւոր» տուեալներու օգտագործումը՝ իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան համար անխուսափելիութեան մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով: 6 Ապրիլ 2026-ին, EVN Report-ը, որ յաճախակիօրէն կը քննադատուի ներկայ վարչակազմի պատումին (narrative) մօտ ըլլալուն համար, հրապարակեց հարցախոյզի տուեալներ՝ հիմնուած ArmES Wave 2 հետազօտութեան 911 պատասխանողներու վրայ (իրականացուած 23 Փետրուարէն մինչեւ 31 Մարտ 2026):
Հում տուեալները ցոյց տուին հետեւեալ արդիւնքները.
- 33.6%՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»
- 11.4%՝ «Ուժեղ Հայաստան»
- 4.2%՝ «Հայաստան Դաշինք»
- 3.3%՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»
- 37.0%՝ Չկողմնորոշուածներ [Պատասխանելու մերժում (23.3%) եւ Չգիտեմ (13.7%)]
Առաջին հայեացքով, հիմնական հետեւութիւնն այն է, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը բաւական հեռու է 50%+1 շեմէն: Այդուհանդերձ, մեթոտաբանական «ալքիմիայի» միջոցով, EVN Report-ը կը եզրակացնէ, թէ «վիճակագրականօրէն խօսելով, Քաղաքացիական Պայմանագիրը ներկայիս ունի 41.5%-էն մինչեւ 50.3% ձայներու մասնաբաժին»: Ասիկա ոչ միայն չի համապատասխաներ MPG/Gallup-ի (01.04.2026 — 03.04.2026 ժամանակահատուած) առարկայական հետ, որոնք ՔՊ-ն կը ցուցադրեն շուրջ 24.3%-ի շրջագիծին մէջ, այլեւ մեթոտաբանական տեսանկիւնէն յարձակողական արտարկում (extrapolation) մըն է, որ կը ստեղծէ «կատարուած իրողութեան» (fait accompli) ազդեցութիւն՝ յուսահատեցնելով դժգոհ ընտրողները մասնակցելէ, քանի որ արդիւնքը կը ներկայացուի որպէս «արդէն որոշուած» եւ «աւարտած գործարք», որուն համար կարիք չկայ քուէարկելու:
Արտարկման Ալքիմիան. Պարզունակ Թակարդ մը
Իրականութիւնն այն է, որ թէեւ քարոզարշաւը ոչ-պաշտօնապէս սկսած է, տակաւին շատ կանուխ է ընտրութեան արդիւնքները վիճակագրական որեւէ ստուգութեամբ կանխատեսելու համար: Ասոր ապացոյցն այն է, որ հարցախոյզի ամենատարածուած պատասխանը եղած է «չկողմնորոշուածը»՝ 37%-ով: Սակայն, փոխանակ եզրակացնելու, որ Փաշինեան այնքան ժողովրդական չէ, որքան կը սպասուէր, EVN Report-ը կը կիրարկէ «Պարզունակ Թակարդ» մը: Անոնք կ’ենթադրեն, թէ այս չկողմնորոշուած ընտրողները պիտի հակին դէպի Փաշինեան՝ հիմնուած չորս յատուկ հարցերու շուրջ անոնց համընկնման վրայ՝ արդարադատութիւն, անվտանգութիւն, «TRIPP» նախաձեռնութիւն եւ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի վերջերս կատարած այցելութիւնը Երեւան:
Այս մեթոտաբանութիւնը կը կատարէ մեծ ենթադրութիւններ, որոնք ի վերջոյ հարցախոյզը կը դարձնեն անվստահելի: Նմանատիպ արտարկման հետ կապուած կան երեք հիմնական խնդիրներ.
- Խնդրոյ առարկայ հարցերու մօտիկութեան փոխակերպումը քուէարկութեան հաւանականութեան. Ամենամեծ տրամաբանական թռիչքն այն է, որ պատասխանողի դիրքորոշումը լոկ չորս հարցերու շուրջ բաւարար ապացոյց է՝ կանխատեսելու անոր քուէն երկու ամիս առաջ: Քուէի հաւանական կապը չորս հարցերու յանգեցնելը վիճակագրական թոյլ մօտարկում է: Աւելին, ասիկա կ’անտեսէ «Մեծ Հայկական Լռութիւնը». այն իրողութիւնը, որ վարչական խիստ վերահսկողութեան մթնոլորտի մէջ «Պատասխանելու մերժումը» յաճախ ընդդիմադիր կողմնակիցներու գոյատեւման ռազմավարութիւնն է եւ ոչ թէ սթաթուս քուոյի հաստատումը:
- Մասնակցութեան Սխալ Ենթադրութիւնը. EVN Report-ի գլխաւոր սենարը կը հիմնուի 89% մասնակցութեան կանխադրոյթի վրայ: Սա անհամապատասխան է նախորդ բարձր խաղադրոյքներով ընտրութիւններուն հետ. 2017 (60.9%), 2018 (48.6%) եւ 2021 (49.4%): MPG-ի աւելի ցած մասնակցութեան համապասխանող տուեալները ցոյց կու տան, որ իրական համախմբումը (mobilization) տակաւին անորոշ է: Բեկորուած համակարգի մէջ ո՛վ կը ներկայանայ քուէարկութեան աւելի կարեւոր է քան այս կամ այն հարցի շուրջ ժամանակաւոր համակրանքը:
- Կարճաժամկէտ Տրամադրութիւններու Ազդեցութիւնը (Թարմութեան Կանխակալութիւն). Հարցախոյզը իրականացուած է տեղեկատուական այնպիսի շրջափուլի մը ընթացքին, որ ձեւաւորուած էր Իրանի պատերազմի եւ կառավարութեան ծախսերու մասին յայտարարութիւններով: Ասոնք կ’արտացոլեն կարճաժամկէտ վստահութիւն, այլ ոչ թէ կայուն կուսակցական դաւանափոխութիւն:
Բացթողումը՝ որպէս Կանխակալութեան Գործիք
EVN-ի հարցախոյզի ամենածանր մեղադրանքը ոչ թէ այն է, թէ ինչ կը հարցնէ, այլ այն՝ ինչ կ’անտեսէ: Ենթադրել, թէ ընտրողի մտադրութիւնը կարելի է կանխատեսել առանց Եկեղեցւոյ, Արցախի կամ Սահմանադրական հանրաքուէի մասին հարցնելու, անհեթեթ է եւ անընդունելի: (Միտումնաւոր) անտեսելով Փաշինեանի խոցելի կողմերը՝ վերլուծութիւնը կը տառապի բացթողման ծանր կանխակալութենէ (omission bias) եւ կ’օգտագործէ այդ կանխակալութիւնը անբարեխիղճ նպատակներով:
Պատերազմ Եկեղեցւոյ դէմ. EVN-ը իր վերլուծութեան մէջ չի ներառեր եկեղեցւոյ եւ պետութեան անջատումը: Սպառնալով Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Էջմիածնի եկեղեցական հեղինակութեան՝ Փաշինեան կ’օգտագործէ իր հարթակը եկեղեցուն հարուածելու համար: Առանց վերլուծելու, թէ ընտրողները ինչպէս կը զգան մշակութային այս հիմնական արժէքի դէմ յարձակման մասին, հարցախոյզը բաց կը ձգէ ընդդիմադիր տրամադրութիւններու հիմնական շարժիչ ուժը:
Արցախի Ջնջումը. Այլ հարցեր եւս ակնյայտօրէն բացակայ են, յատկապէս՝ Պաքուի մէջ տակաւին տանջուող եւ պատանդ պահուող Արցախի հայ ղեկավարութեան կարգավիճակը, արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը եւ սահմանադրական հանրաքուէն, որուն նպատակն է Արցախը հանել ազգային հիմնադրոյթներէն:
EVN Report-ի «Չորս Հարցերու» Սխալ Ձեւակերպումը
Նոյնիսկ այն սիւները, որոնց վրայ EVN Report-ը կը կառուցէ իր կաղապարը, կառուցուածքային առումով թերի են եւ ձեւակերպուած այնպիսի կանխակալութեամբ, որոնք պատասխանողը կ’ուղղորդեն դէպի իշխանամէտ եզրակացութիւն:
Հարց 1. Արդարադատութիւն/Հաշուետուողականութիւն. «Ներկայ կառավարութիւնը բաւարար աշխատանք տարա՞ծ է, թէ՞ ոչ՝ նախկին պաշտօնեաներուն ապօրինի գործունէութեան համար պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ»:
Այս ձեւակերպումը կը ստեղծէ կեղծ երկուութիւն «չար» նախկին վարչակարգերու եւ «առաքինի» ներկայ վարչակազմի միջեւ: Այն միտումնաւոր կը նեղցնէ դաշտը՝ թոյլ չտալով պատասխանողներուն կարծիք յայտնել, թէ արդեօք իրենք կը համարե՞ն, որ ներկայ կառավարութեան սեփական ապօրինի գործողութիւնները կամ համակարգային ձախողումները կը գերազանցեն անցեալը պատժելու որեւէ նկատառում: Սա հարց մըն է, որ նախատեսուած է վրէժխնդրութիւնը (vendetta) վաւերացնելու համար, այլ ոչ թէ չափելու քաղաքացիական բարդ հաւանութիւնը:
Հարց 2. Անվտանգութեան Պատրանքը. «Հայաստանի մէջ անվտանգութեան իրավիճակը բարելաւուա՞ծ է, թէ՞ ոչ՝ համեմատած մէկ տարի առաջուայ հետ»:
Սա «Թարմութեան Կանխակալութեան» դասական խաղ է: Սահմանափակելով ժամանակացոյցը միայն մէկ տարուայ վրայ՝ հարցախոյզը թոյլ չի տար ընտրողին համեմատել այսօրուայ խոցելի սահմանները նախքան 2020-ի վիճակին հետ: Փաշինեան կիրարկեց ճիշտ այս նոյն մարտավարութիւնը 16 Ապրիլ 2026-ին խորհրդարանի իր ելոյթին մէջ: Մէկ տարուայ յարաբերական լռութիւնը ոչինչ կ’ապացուցէ երկարաժամկէտ կայունութեան մասին. աւելի կարեւոր է, որ այն ոչինչ չ’ըսեր 2020-ի պատերազմի աղիտալի կորուստներուն մասին (աւելի քան 5000 սպաննուած, 10,000-էն աւելի հաշմանդամ դարձած) կամ այն զեկոյցներուն մասին, որոնք ցոյց կու տան, թէ Ալիեւը կը շարունակէ յաւակնիլ Սիւնիքի, Երեւանի եւ Հայաստանի մեծ մասին՝ որպէս «Արեւմտեան Ատրպէյճան»:
Հարց 3. TRIPP (Տնտեսական Պատրանք). «TRIPP-ը օգտակա՞ր է Հայաստանի համար, որովհետեւ պիտի բերէ տնտեսական աճ եւ կայունութիւն, թէ՞ օգտակար չէ…»:
TRIPP-ը կը մնայ վաղաժամ եւ սովորական քաղաքացիի համար վատ հասկցուած հասկացողութիւն մը, սակայն հարցը կը պարտադրէ երկեակ (binary) ընտրութիւն «կայունութեան» շուրջ՝ անտեսելով անոր գինը: Շատ քննադատներու համար այս «աճը» տեղի կ’ունենայ ԱՄՆ-ի կողմէ հովանաւորուող ՆԱՏՕ-ի ընդլայնման հաշւոյն, որ կը սպառնայ կտրել Հայաստանի կենսական ցամաքային սահմանը Իրանի հետ. սա բարձր գին է բարգաւաճման անորոշ խոստումին դիմաց: Աւելին, հարցախոյզը կ’ենթադրէ, թէ TRIPP նախաձեռնութիւնը անձնապէս կապուած է Փաշինեանի հետ: Հարց կը ծագի՝ արդեօք Միացեալ Նահանգները ռազմավարական յարաբերութիւններ կը կառուցէ՞ Հայաստան պետութեան, թէ՞ պարզապէս ներկայ վարչակազմին հետ:
Հարց 4. Աշխարհաքաղաքական Վախի Մարտավարութիւնը. «Փոխնախագահ Վենսի այցելութիւնը դրակա՞ն էր Հայաստանի համար, թէ՞ բացասական կամ չէզոք»:
Ասիկա «Պատանդներու Դիւանագիտութիւն» է՝ աղիւսակներու միջոցով: EVN Report-ը կը գործէ այն սխալ կանխադրոյթով, թէ փոխնախագահ Վենսի այցի դրական ընկալումը հոմանիշ է «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ին տրուած քուէին: Ասիկա կ’ամրապնդէ կառավարութեան սիրած մոլորութիւնը, թէ արեւմտեան աջակցութիւնը անձնական նուէր է Նիկոլ Փաշինեանին, որ պիտի չքանայ որեւէ այլ ղեկավարութեան օրով: Որեւէ ապացոյց չiկայ, որ ԱՄՆ-ը պիտի լքէ իր տարածաշրջանային շահերը կամ գոյութիւն ունեցող համաձայնագիրները, եթէ ընդդիմութիւնը յաղթէ: Այս ձեւակերպումը կը փորձէ ներկայ իշխանութիւնը քաղաքական առաջնորդէ վերածել անփոխարինելի եւ միակ վահանի՝ ընդդէմ լիակատար մեկուսացման:
Յետընտրական Ռազմավարական Հորիզոնը
Եթէ, ինչպէս տուեալները կը թելադրեն, Յունիս 7-ին ոչ մէկ կուսակցութիւն չի հասնի 50%+1 շեմին, պայքարը հարցախոյզի կեդրոններէն կը տեղափոխուի դէպի Հայաստանի բարդ ընտրական օրէնսգրքի ներսը իրականացուող ռազմավարական նաւավարութիւններու:
Հայաստանի ընտրական օրէնսգիրքը կը կիրարկէ երկու հիմնական գործիք՝ կառավարող մեծամասնութիւն ապահովելու համար.
- Կայունութեան Յաւելում (Stability Top-Up). Առաջին փուլի մեխանիզմ մը, որ կրնայ մէկ կուսակցութեան կամ նախապէս յայտարարուած դաշինքի տեղերը 50%-էն բարձրացնել մինչեւ շուրջ 52%-ի՝ ապահովելու համար «կայուն» աշխատանքային մեծամասնութիւն:
- Երկրորդ Փուլի (Runoff) Մեխանիզմ. Երկրորդ փուլի տարբերակ մը, որ կ’երաշխաւորէ մեծամասնութիւն, եթէ առաջին փուլէն անմիջապէս ետք որեւէ կառավարող դաշինք չկազմուի:
Օրէնսգիրքը կուսակցութիւններուն կու տայ վեցօրեայ ժամկէտ՝ կառավարող դաշինք կազմելու համար: Եթէ որեւէ կուսակցութիւն կամ խմբաւորում ձախողի առաջին փուլին մեծամասնութիւն ապահովել, ապա ընդդիմութիւնը՝ գլխաւորաբար «Ուժեղ Հայաստանը», «Հայաստան Դաշինքը» եւ «Բարգաւաճ Հայաստանը», պէտք է պատրաստ ըլլան «միասնական համախմբման» ռազմավարութեան: Եթէ այս ուժերը կարողանան հաւաքականօրէն կազմել նուազագոյն մեծամասնութիւն (50%-էն 52%-ի միջեւ), օրէնքը թոյլ կու տայ անոնց շրջանցել երկրորդ փուլի վտանգը եւ անմիջապէս կառավարութիւն կազմել: Սակայն անորոշ կը մնայ, թէ արդեօք որեւէ «յաւելում» կը կիրարկուի՞ կամ պէ՞տք է կիրարկուի նման դաշինքներու պարագային:
Ի վերջոյ, հայ ընտրողը պէտք է անդին նայի իշխանամէտ լրատուամիջոցներու, ինչպէս EVN Report-ի, յուսահատ փորձերէն՝ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի յաղթանակը ներկայացնելու որպէս անխուսափելիութիւն: Իրականութիւնը պարզ է. իշխող կուսակցութիւնը ձախողած է ապահովել յստակ յանձնարարութիւն մը, եւ եթէ չկողմնորոշուած զանգուածի նոյնիսկ փոքր հատուած մը անցնի ընդդիմութեան կողմը, ապա 37%-անոց լուռ մեծամասնութիւնը կրնայ շրջել այս ընտրութիւններու ընթացքը յօգուտ ընդդիմութեան:
Հայկական Հետազօտութեանց եւ Վերլուծման Կեդրոնը անդրազգային հաստատութիւն մըն է, որ կը տրամադրէ հետաքննական, վերլուծական եւ տեղեկատուական նիւթեր՝ հայկական փորձառական դաշտի հանրային եւ մասնաւոր կառոյցներուն։
