ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- 27 ծերակուտականներ, ղեկավարութեամբ Էտ Մարքիի, Շելտըն Ուայթհաուսի եւ Չաք Շումըրի, նամակ մը յղեցին պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիոյին, պահանջելով Ատրպէյճանի կողմէ բանտարկուած բոլոր հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական առաջնորդներու անյապաղ ազատ արձակումը։ Նամակին մէջ Թրամփի վարչակազմը կը հրաւիրուի պահանջելու նաեւ, որ միջազգային դիտորդները իրաւունք ստանան մասնակցելու Պաքուի մէջ ընթացող կեղծ դատավարութիւններուն:

Ծերակուտականներու նամակին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի․- «Զեկոյցները կը ցոլացնեն, որ այս քաղաքական պատանդները ենթարկուած են բռնարարքներու եւ նուաստացուցիչ վարուելակերպի: Արդէն երկու տարի է, որ Ատրպէյճանի շրջափակումն ու ռազմական յարձակումները Արցախի վրայ ստիպողաբար տեղահանեցին շրջանի 120 հազար քրիստոնեայ հայերը՝ գործընթաց մը, որ միջազգային իրաւունքի մասնագէտները կը գնահատեն իբրեւ ցեղային զտում»։
Հայ Դատի յանձնախումբի աջակցութեամբ հրապարակուած այս նամակին առնչութեամբ, Ուաշինկթընի գրասենեակի պատասխանատու Արամ Համբարեան գոհունակութիւն յայտնեց աւելցնելով, թէ այսպիսի բողոք նամակներով կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել դրական արդիւնքներ:
