Մինսկի խումբը իր գործունէութիւնը պաշտօնապէս պիտի աւարտէ 1 դեկտեմբերին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան` այս մասին յայտնած են ԵԱՀԿ-էն:
«1 սեպտեմբեր 2025-ին Նախարարներու խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումին համաձայն, քայլեր կը ձեռնարկուին Մինսքի հոլովոյթի դադրեցման ուղղութեամբ», նշած են կազմակերպութեան ներկայացուցիչները` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը պիտի աւարտի 1 դեկտեմբերին:
«Այդ օրուընէ սկսեալ Մինսքի հոլովոյթի ծիրին մէջեւ այդ հոլովոյթին հետ կապ ունեցող կառոյցներուն մէջ իրականացուող բոլոր գործողութիւնները պիտի դադրեցուին», նշած են ԵԱՀԿ-էն:
1992-ին հիմնուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը (OSCE Minsk Group), ԵԱՀԿ անդամ Ֆրանսայի, Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի համանախագահներու այն խումբն է, որ կը գլխաւորէր Արցախեան հակամարտութեան խնդրի խաղաղ լուծման գործընթացը։
ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի լուծարումը միշտ եղած է Ազրպէյճանի պահանջը, որը իրակացուեց Փաշինեանի օրով:
