ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց 87 հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրէսականներուն կոչ-նամակը, որուն մէջ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյէն կը պահանջուի ապահովել Արցախէն բռնագաղթած հայերուն «համախմբուած, պաշտպանուած եւ արժանապատիւ վերադարձը» իրենց բնօրրանը՝ Արցախի Հանրապետութիւն, յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ նպաստելով Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման։
Միացեալ Նահանգներու 24 նահանգներ եւ առաւել քան 66 միլիոն ամերիկացիներ ներկայացնող քոնկրեսականները ի մի բերուած են Քոնկրեսի Հայկական համախումբի համաատենապետներ Ֆրանք Փալոնի, Կաս Պիլիրաքիսի, Պրետ Շըրմընի եւ Տէյվիտ Վալատաոյի ջանքերով։
Քոնկրէսականներուն նամակին մէջ կը յիշատակուին Արցախի մէջ Պաքուի կողմէ իրականացՙուած շրջափակման եւ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները, որոնք առաջնորդեցին «շուրջ 120,000 քրիստոնեայ հայ բնակչութեան բռնագաղթին»։ Հոն նաեւ կը նշուի, որ Արցախի ամբողջ հայութեան բռնագաղթէն ետք, Ատրպէյճան «համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան կոթողները» եւ «կը թալանէ ու կը քանդէ քաղաքացիական եւ հանրային ենթակառուցուածքներ՝ նպատակ ունենալով բացառել վերադարձի հնարաւորութիւնը: Պատերազմի պատճառով տեղահանուած ժողովուրդներու վերադարձի իրաւունքը միջազգային իրաւունքի հիմնական սկզբունք է»: Նաեւ կը յիշատակուի 2023ին, Միջազգային Արդարադատութեան դատարանին կողմէ Պաքուին ուղղուած հրամանը՝ ապահովելու Արցախի հայ բնակչութեան ապահով վերադարձը։ Նշենք, որ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին, ամերիկահայեր Հայ Դատին միջոցաւ Քոնկրէսի անդամներուն ուղարկեցին առաւել քան 40,000 նամակներ՝ կոչ ընելով՝ ստորագրելու այս նամակը, իսկ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները առաւել քան 400 քոնկրէսականներու գրասենեակներ այցելեցին եւ ներկայացուցին հայութեան շահերու տեսանկիւնէն քաղաքական առաջնահերթութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտնեց, թէ այս կոչը յստակ ուղերձ մըն է վարչակազմին՝ աւելցնելով, որ մնայուն խաղաղութեան հասնելու որեւէ նախաձեռնութիւն պէտք է սկսի Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը յարգելով եւ ոչ թէ օրինականացնելով Պաքուի կողմէ բնիկ քրիստոնեայ հայ բնակչութեան ցեղային զտումով։ «Երախտապարտ ենք Հայկական համախումբի ղեկավարութեան եւ բոլոր այն քոնկրեսականներուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան վերադարձի եւ արդարութեան սկզբունքին, յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ մարդու իրաւունքները» ըսաւ Համբարեան: