Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ազրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձգտման

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ազրպէյճանի և Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձգտման

Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան խթանման ջանքերուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թամի Պրուս` ի պատասխան Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 10 յուլիսին Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին վերաբերեալ հարցումին:

«Մենք կ՛աջակցինք Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանման ջանքերուն: Ուաշինկթըն կը հետեւի համապատասխան լրատուամիջոցներու հրապարակումներուն: Այս պահուս մենք լրացուցիչ տեղեկութիւններ չունինք լուսաբանելու», ըսած է ան:

Պրուս նաեւ նշած է Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմի դիրքորոշումը. «Ինչպէս գիտէք, նախագահ Թրամփի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի մօտեցումը ինքնին խօսուն է: Ամերիկացի առաջնորդի վերջին նախարարաց խորհուրդի նիստի ընթացքին կատարած յայտարարութիւնները յստակացուցին, որ այս վարչակազմը յանձնառու է խաղաղութեան», եզրափակած է ան:

Share