Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի այցելութիւնները Արեւմտեան թեմէն ներս

Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի այցելութիւնները Արեւմտեան թեմէն ներս

ՆԱՏ. ՍԱՀԱԿ Բ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

ՕՐՀՆԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

ԺԱՄԱՆԵՑ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Երկուշաբթի 16 Յունիսի յետմիջօրէին, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք՝ Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, հրաւէրով ԱՄՆ-ի Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի օրհնաբեր այցելութեամբ ժամանեց Լոս Անճելըսի միջազգային օդակայան։ Պատրիարք Հայրը, որուն որպէս գաւազանակիր կ՚ընկերանայ Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, դիմաւորուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ, որու կ՛ընկերանային Սրբոց Ղեւոնդեան Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանն ու  Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած կարգադիր յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Սարօ Մարուքեանը։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելէ ետք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ հիւրանոց, ուր Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան եւ կարգադիր յանձնախումբի անդամներ բարի գալուստ մաղթեցին Ամենապատիւ Պատրիարք Հօր։ Նոյն օրը երեկոյեան Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ընթրիքի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ Կարգադիր Յանձնախումբի անդամներուն հետ եւ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ծանօթացուց սեղանակիցները, ներկայացնելով իւրաքանչիւրի համայնքային կեանքէն ներս ունեցած հանգամանքները։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու սեղանակիցները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին եւ օրհնաբեր այցելութիւն ու բարի կեցութիւն մաղթեցին Պատրիարք Հօր, որ իր կարգին  շնորհակալութիւն յայտնեց դիմաւորութեան եւ կազմակերպչական լուրջ աշխատութեան համար։ Ընթրիքի ընթացքին ներկաներուն Պոլսահայ ազգային եկեղեցական կեանքի մասին տեղեկութիւններ փոխանցուեցան։

Դիւան Առաջնորդարանի

16 Յունիս, 2025

ՆԱՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԵՒ

ՍԱՀԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ԱՄԵՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

Արեւմտեան Թեմ կատարած իր  օրհնաբեր այցելութեան ծիրէն ներս, Երեքշաբթի 17 Յունիսի առաւօտուն, Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի յաջորդաբար այցելեց Յովսէփեան եւ Սահակ Մեսրոպ հայկական ամենօրեայ վարժարաններ։ Պատուրիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայ Թաշճեանն ու Արժ․ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Մովսէսեանը։

Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մուտքին Պատրիարք Հայրը նախ դիմաւորուեցաւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանի, ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ Յովսէփեան Վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ եւ «Հրաշափառ» երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները կոկիկ գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուցին փունջ մը եկեղեցական ու ժողովրդական երգեր։ Յանուն Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին ողջոյնի խօսք արտասանեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Աւագ Քահանայ Պետոյեանը, որ համայնքի հակիրճ պատմականը կատարելէ ետք, լուսարձակի տակ առաւ  ծուխին եկեղեցական, կրթական եւ մշակութային բազմածաւալ առաքելութիւնը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան ողջոյնի ու բարի գալստեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի կեանքէն ներս Պատրիարք Հօր այցելութեան պատմական նշանակութեան։ Ապա, Վարժարանի տնօրէն Տիար Շահէ Մանկըրեան յանուն Յովսէփեան վարժարանի կրթական մշակներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ յիշատակի նուէր մը յանձնեց։

Մօտէն ծանօթանալէ ետք Յովսէփեան ամենօրեայ վարժարանի ուսումնական կեանքին ու առաքելութեան, Պատրիարք Հայրը  գնահատեց կրթական մշակներու  նուիրական աշխատանքը եւ փայլուն ապագայ մաղթեց աշակերտութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը հակիրճ ձեւով նաեւ անդրադարձաւ Պոլսահայ կրթական կեանքին ու առաքելութեան։ 

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնելէ ետք բոլորը  եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ եկեղեցւոյ ու վարժարանի պատասխանատուներուն հետ։ ։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ այցելութենէն ետք Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան այցելեց  Փասատինայի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան համալիրը, ուր Յունուարի հրդեհներուն պատճառով Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի հրկիզումէն ետք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ ու կազմակերպութեան ողջունելի ընդառաջումով  կը հիւրընկալուին հրկիզուած Սուրբ Սահակ Մեսրոպ ամենօրեայ վարժարանի աշակերտները։

Սահակ Մեսրոպ վարժարանի պատասխանատուները բարի գալուստ մաղթելէ ետք Պատրիարք Հօր եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, հակիրճ կերպով ներկայացուցին վարժարանին պատմականը։ Ապա, Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան աշակերտներուն ծանօթացուց Պատրիարք Հայրը, յայտնելով, թէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հեռաւոր Ստանպուլ քաղաքէն ժամանած է Լոս Անճէլըս եւ իր պատմական այցելութեամբ կը ծանօթանայ Արեւմտեան Թեմի զանազան հաստատութիւններուն, իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելով բոլորին։

Իր պատգամին մէջ Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ համայնքային կեանքէն ներս կրթական առաքելութեան ու հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ կարեւորեց այն հանգամանքը, որ հեռաւոր Ամերիկայի Միացեալ Նահանցներէն ներս օրհնութիւն է տեսնել նորահաս սերունդին մօտ մայրենի լեզուին, ազգային-եկեղեցական կեանքին ու մեր աւանդութեանց պահպանութիւնը։ Պատրիարք Հայրը ցաւով անդրադարձաւ Լոս Անճելըսի Յունուարի հրդեհներուն պատճառած վնասներուն եւ գոհունակութեամբ վեր առաւ համահայկական համագործակցութեան ոգին, որուն շօշափելի արտայայտութիւնն է վարժարանի աշակերտութեան փոխադրութիւնը Հ․Բ․Ը․ Միութեան համալիր, մաղթելով ապագային կառուցուած տեսնել Սահակ Մեսրոպ նոր վարժարանը, ուր աշակերտները պիտի շարունակեն իրենց ուսումնական կեանքը։ Այցելութեան ներկայ գտնուեցան Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝ Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց դասէն Արժ․ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեան։

Հանդիպման աւարտին Պատրիարք Հայրը օրհնեց վարժարանի պատասխանատուները, ուսուցչական կազմի անդամները, աշակերտներն ու ծնողները։

Դիւան Առաջնորդարանի

17 Յունիս 2025

ՆԱՏ ՍԱՀԱԿ Բ ՄԱՇԱԼԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՐԱՐԱՏ ՏՈՒՆ»

Հինգշաբթի 19 Յունիսի առաւօտուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ուղեկցութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լոս Անճելըսի «Արարատ Տուն»։  Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր՝  Հոգշ. Տէր Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը։

«Արարատ Տան» մատրան մուտքին Նորին Ամենապատուութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան հոգեւոր պատասխանատու՝ Արժ. Տէր Երեմիա Քհնյ. Խաչատուրեանին, Խնամակալութեան Ատենապետ՝ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեանին, վարչական պատասխանատու՝ Տիար Տէրիք Ղուկասեանին եւ խնամակալութեան անդամներուն կողմէ։ «Հրաշափառ» արարողութենէն ետք մատրան Սուրբ Խորանին առջեւ Պատրիարք Հայրը մասնաւոր աղօթքը արտասանեց համախմբուած ուխտաւորներուն համար, որոնք եկած էին դիմաւորելու Նորին Ամենապատուութիւնը եւ արժանանալու անոր շնորհառատ օրհնութեանց։ Մատրան մէջ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր եւ իր խնդակցութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ուխտաւորներու ներկայութեան կապակցաբար, որոնք եկած էին դիմաւորելու եւ աղօթակից ըլլալու Նորին Ամենապատուութեան։

Իր արտասանած պատգամին մէջ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Հոգեւոր Պետը անդրադարձաւ հաւատքի կեանքի կարեւորութեան եւ մէջբերումներ կատարեց  Սուրբ  Յովհաննէս Կարապետի ապրած սրբակենցաղ կեանքէն։ Ան ներկաները յորդորեց նմանիլ Սուրբ Յովհաննէսին եւ ապրուած հաւատքի  կեանքով Տիրոջ ճանապարհը հարթել ու շատերը հրաւիրել  ուխտաւորաբար քալելու դէպի Աստուած առաջնորդող կեանքի ու անմահութեան ճանապարհէն։ Ապա ներկաները հարցումներ ուղղեցին Պատրիարք Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին հոգեթով պատգամին համար։

Այնուհետեւ, Պատրիարք Հայրը այցելեց Արարատ Տան համալիրին մէջ հաստատուած «Արարատ Էսքիճեան Թանգարան»,  որու մասին  համապարփակ տեղեկութիւններ ստացաւ պատասխանատուներէն։ Լուտէր Էսքիճեանի բարերարութեամբ հաստատուած թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին պատմագիտական ու ազգագրական գոյքեր, որոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, արուեստն ու հանճարը։ Թանգարան կատարած այցելութենէն ետք Նորին Ամենապտութիւնը առաջնորդուեցաւ Արարատ Տան առաջին մասնաշէնքը, ուր սեղանատան մէջ համախմբուած էին առողջապական դարմանումի կարօտ տարեցները։ Յանուն հոգաբարձութեան Պատրիարք Հօր բարի գալուստ մաղթեց Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան։ Ապա Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան քրիստոնաէական սիրով ու վառ ապրումներով Արեւմտեան Թեմ օրհնաբեր ու պատմական այցելութեան առթիւ բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։

Ներկաներուն իր պատգամը փոխանցելով Պատրիարք Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր սիրալիր ու ջերմ դիմաւորութեան համար, ապա լուսարձակի տակ առաւ Արարատ Տան հաստատութեան մարդասիրական արժէքը։ «Հեռաւոր Լոս Անճելըսի մէջ իրապէս գանձ մըն է նման հաստատութիւն մը, որ իր շուրջ կը համախմբէ տարեց հայրերն ու մայրերը»  ըսաւ Նորին Ամենապատութիւնը, իր գոհունակութիւնը յայտնելով հաստատութեան պատասխանատուներուն  տարեցներուն համար ստեղծած  այն գեղեցիկ միջավայրին համար, ուր անոնք ընկերային ու հաւաքական ամենօրեայ կեանքով կը կազմեն  մեծ ընտանիք մը։ Ապա հանդիսապետելով Տնօրհնէքի արարողութեան, Նորին Ամենապտուութիւնը օրհնեց հացը, ջուրը եւ աղը, ինչպէս նաեւ հաստատութեան բնակիչները, պատասխանատուներն ու պաշտօնեաները։ Հանդիպումին Պատրիարք Հօր գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վրդ․ Տամատեան մեներգով   ոգեւորեց ներկաները։

«Արարատ Տուն» կատարած պատմական այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը պահ մը կանգ առաւ տնօրէնութեան գրասենեակ, ուր տեղեկութիւն ստանալէ ետք հաստատութեան առաքելութեան եւ ծրագիրներուն մասին, օրհնեց ու գնահատեց բոլորի նուիրումն ու ծառայութիւնը՝ ի խնդիր հայ տարեցի քաջառողջութեան ու արժանավայել կեանքին։ Հաստատութեան ատենապետ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան յանուն Արարատ Տան մեծ ընտանիքին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Ամենապատութեան եւ այս առթիւ  Պատրիարք Հօր յանձնեց Արարատ Տան կրծքանշանը, որպէս  պատուոյ անդամ Արարատ Տան։ Աւարտին, ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ընդունելութիւն մը, ուր ներկաները պատեհ առիթը ունեցան մօտէն զրուցելու Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Նուիրապետական Աթոռի Գահակալին հետ։ Պատրիարք Հայրը հաստատութեան պատուոյ տոմարին մէջ արձանագրեց իր տպաւորութիւնները, մաղթելով, որ հաստատութիւնը առաւել եւս ամուր քայլերով շարունակէ իր վսեմ առաքելութիւնը։ Նախքան բաժանումը, Պատրիարք Հայրը որպէս սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն յուշանուէր մը յանձնեց հաստատութեան։

«Արարարտ Տուն» այցելութենէն ետք Պատրիարք Հայրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շքախումբին հետ միասին այցելեց  «Կէթթի» թանգարան, ուր  պահպանուած են մեր բազմադարեան ձեռագիրներէն նմուշներ։ Անոնցմէ յատկապէս ուշադրութեան արժանի են 13րդ դարու Հայ Կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլինի ձեռագործ աշխատութիւնները։

Դիւան Առաջնորդարանի

20 Յունիս 2025

ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՆ ՏԻԷԿՈՅԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ


Ուրբաթ 20 Յունիս առաւօտուն, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ուղեկցութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, այցելեց  Սան Տիէկոյի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցի։ Պատրիարք Հօր  կ՛ընկերանար գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մուտքին դիմաւորուեցաւ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշնորհ Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի, խորհուրդի անդամներուն եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ու Պատրիարք Հօր ուխտի աղօթքէն ետք  ողջոյնի խօսք արտասանեց Տէր Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր ու Առաջնորդ Սրբազանին։ Շրջան կատարած օրհնաբեր այցելութեան առթիւ յանուն ծխական խորհուրդին ու ժողովուրդին Հայր Սուրբը յուշանուէր մը նուիրեց Կոստանդնոըպոլսոյ Հայոց Գահակալին։

Իր արտասանած պատգամին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը նախ շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը  յայտնեց ջերմ դիմաւորութեան համար եւ իր տպաւորութիւնները փոխանցեց նորահաստատ ծուխին աշխուժ ու արդիւնաւոր գործունէութեան կապակցաբար։  Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ ծուխի հաւատացեալներու դրսեւորած կամքը ըլլայ շարունակական եւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցին իր ժողովրդանուէր ծառայութեամբ ճառագայթող ներկայութիւն դառնայ եւ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ բոլորը ներգրաւէ եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան առաքելութեան մէջ։
Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը Պատրիարք Հօր բարեբաստիկ այցելութեան առթիւ ինքզինք երջանիկ կը զգայ, նորահաստատ ծուխին համար պատմական ու հրաշալի առիթ համարելով Պատրիարք Հօր օրհնաբեր այցելութիւնը, միաժամանակ նոր մղում ու քաջալերանք հանդիսանալով համայնքային ուժեղ ու ծաղկուն առաքելութեան։

Ապա շքախումբը ուղղեցաւ դէպի Արազ Էտուարտ – Աննա Ատուրեան ընտանիքի բնակարանը, ուր ճաշկերոյթով մեծարուեցաւ Պատրիարք Հայրը։ Տնօրհնէքի եւ սեղանի օրհնութենէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Ատենապետ Տիար Արազ Ատուրեան։ Ան յայտնեց, որ Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ Ատուրեան ընտանիքը պատուուած կը զգայ Պոլսոյ Պատրիարքին ծուխին եւ ընտանքին շնորհած այցելութեամբ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին Աննա Ատուրեան Գրիգորեան եւ Անթոնի Կիւրիւնեան դաշնակի նուագով, Արփի Ատուրեան ասմունքով եւ Հայր Յարութիւն Վրդ. Տամատեան մեներգով խանդավառեցին մթնոլորտը եւ արժանացան  բոլորի գնահատանքին ։

Ճաշի աւարտին Ն․Ա․Տ․ Սահակ Բ․ Պատրիարք  գնահատեց Տիար Արազ Էտուարտ Ատուրեանի ընդհանրապէս Արեւմտեան Թեմէն ու մասնաւորաբար Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիէն ներս մատուցած ծառայական ներդրումը եւ քաջառողջութիւն մաղթեց ընտանեաց բոլոր անդամներուն։ Նորին Ամենապատուութիւնը առիթը պատեհ համարելով մեծ գոհունակութեամբ ու դրուատիքով  անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր ծառայական վաստակին եւ  գնահատեց  շրջանի  Հոգեւոր Հովիւ Տէր Բագրատ Ծ. Վարդապետի, ծխական խորհուրդի ատենապետի ու անդամներու, տիկնանց միութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին։

Դիւան Առաջնորդարանի

21 Յունիս 2025

ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ» ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ  ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՔՈՍՏԱ ՄԵՍԱՅԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ կատարած օրհնաբեր այցելութեան կարեւոր հանգրուաններէն էր Շաբաթ 21 Յունիս 2025-ի երեկոյեան Քոստա Մեսայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ ժողովրդային դիմաւորութիւնը: Արդարեւ, Պատրիարք Հայրը, ուղեկցութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, ամպհովանիի ներքոյ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր հաւատացեալներու հոծ  բազմութիւն մը կը սպասէր Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Գահակալին:  Պատրիարք Հօր ամպհովանին կրեցին Տիարք Սարօ Մարուքեան, Արա Քարաքէշիշօղլու, Կարօ Քուրեան եւ Մարտօ Այվազեան։ Եկեղեցական երգեցողութիւնը  կատարեցին եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամները։ 

Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին աղ ու հացի օրհնութիւնը կատարելէ ետք  «Հրաշափառ»ի հանդիսաւոր երգեցողութեամբ մուտք գործեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան, եկեղեցւոյ ծխական եւ յարակից կառոյցներու անդամներ, պաշտօնական հրաւիրեալներ եւ հաւատացելոց խուռներամ  բազմութիւն մը: 

Պատրիարք Հօր ուխտի աղօթքէն ետք յանուն Արեւմտեան Թեմին, հոգեւորականաց դասին, Թեմական Խորհուրդին եւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց Ամենապատիւ Հօր, որ գոհունակութեամբ անդրադառնալէ ետք   ցարդ կատարուած այցելութիւններուն ու անոնց թողած ոգեւորիչ արձագանգներուն, շնորհաբաշխ ու պատմական այցելութիւնը  համարեց օրհնաբեր հանգրուան մը Արեւմտեան Թեմի թեմական կեանքէն ներս։ Վերյիշելով  անցեալին Արեւմտեան Թեմ կատարած Պոլսոյ երանաշնորհ պատրիարքներու այցելութեանց , Սրբազան Հայրը կարեւորելով Պատրիարք Հօր Ամերիկայ կատարած անդրանիկ այցելութիւնը  զայն նոր օղակ մը համարեց նախկին գահակալներու այցելութեանց ցանկին, որոնք իրենց հետ դարաւոր ու պատմական Աթոռի օրհնութիւններն ու հայկական Պոլսոյ շունչն ու ոգին  էին հաղորդած։

Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը փոխանցելով  իր պատգամը յայտնեց, որ շրջապատուած Առաջնորդ Սրբազանով, Թեմական պատկառելի պատասխանատուներով ու հաւատացեալներով  ինքզինք իրապէս ու վաւերականօրէն հարազատ ընտանիքի մթնոլորտին մէջ կը զգայ։ Պատրիարք Հայրը ապրուած ու արտայայտած իր յոյզերուն պատճառը  տեսաւ հայու համահայկական եկեղեցասէր եւ ազգասէր արմատներուն մէջ, արժէքներ, որոնք  աշխարհի չորս ծագերուն հայութիւնը իրարու կը շաղկապեն եւ մէկ ընտանիքի կը վերածեն։ Պատրիարք Հայրը շարունակելով իր պատգամը ներկաներուն վստահեցուց, որ նոյն ապրումները իրենք եւս պիտի ունենան երբ Պոլիս այցելեն, ուր իրենք զիրենք հարազատ մթնոլորտի մէջ կը զգաք եւ նոյն իր ապրած յոյզերն ու հոգեխարն տպաւորութիւնները ապրին:  Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով ու կարգադրիչ յանձնախումբի կազմակերպութեաբ կատարուած ընդունելութիւնները, հանդիպումներն ու այցելութիւնները, որոնց մէջ տեսաւ  ու առաջին իսկ օրէն շօշափելի կերպով զգաց  Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ու անոր Գահակալին նկատմամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տածած եղբայրական սէրն ու բոլորի որդիական ակնածանքն ու ջերմեռանդ ոգին: Այս առթիւ Նորին Ամենապատութիւնը շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Արեւմտեան Թեմի  Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք.ի ժրաջան ու աշխտունակ ոգիին  եւ թեմական կեանքէ ներս ունեցած բարձրորակ առաջնորդութեան։ «Այցելութեան ընթացքին, ամէն մէկ պահուն յայտնի կը դառնար, թէ Սրբազանը ինչպէս ներդրում բերած է ԱՄՆ-ու հեռաւոր այս ափերուն հաստատուած ժողովուրդի ազգային-եկեղեցական կեանքին:  Մենք Պոլսոյ մէջ կը ջանանք մեզի հասածը պահել ու պահպանել, ապրելով մեր առօրեան։ Իսկ այստեղ դուք ի հիմանէ կը հաստատէք եկեղեցի, վարժարան, մշակութային հաստատութիւն եւ այս մէկը առաւել եւս դժուար է» հաստատեց Նորին Ամենապատուութիւնը: Իր խօսքի աւարտին մաղթեց, որ թեմական կեանքը նոյն ձեւով ծաղկեալ մնայ եւ Աստուծոյ պահպանութեան արժանանան բոլոր  հաւատացեալներ, որոնք կը փափաքին իրենց կարելին ի գործ դնել վասն պանծացման Հայ ժողովուրդին։ Պատրիարք Հայրը օրհնեց բոլոր ներկաները եւ շարականներու երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ նորահաստատ «Ստանպուլեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ համայնքային ընդունելութիւն, որու ընթացքին արտասանուեցան բարի գալստեան խօսքեր եւ ի գործ դրուեցաւ մշակութային յայտագիր մը, որու աւարտին յանուն Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Պատրիարք Հօր յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Պատրիարք Հայրը անգամ մը եւս իր խոր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնելով ջերմ դիմաւորութեան համար, Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ  նուիրեց Պատրիարքարանի նկարով արծաթեայ յիշատակի  շրջանակ մը: Նորին Ամենապատուութեան Քոստա Մեսա կատարած այցելութիւնը  առիթ մը հանդիսացաւ մօտէն զրուցելու Պատրիարք Սրբազան Հօր հետ եւ ներկաներուն հետ  Պոլսահայ  աւանդական, ազգային ու եկեղեցական կեանքի մասին կենդանի ապրումներ կիսելու։ Պատրիարք Հօր ու Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով  եզրափակուեցաւ երեկոն։

Յայտնենք, որ Նորին Ամենապատուութիւն Սահակ Բ. Պատրիարքն ու Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ընկերակցութեամբ գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին Քոստա Մեսա ժամանեցին Ուրբաթ 20 Յունիսի երեկոյեան, ուր ի պատիւ Պատրիարք Հօր ընթրիք մը սարքուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին՝ ատենապետութեամբ Տիար Արա Քարաքէշիշօղլուի եւ կարգադիր յանձնախուբի  անդամներու կողմէ։ Իսկ Շաբաթ 20 Յունիսի առաւօտուն, Պատրիարք Հայրը դիմաւորուեցաւ համայնքային շրջանակներու կողմէ եւ արժանացաւ հոգեւորականներու, յարակից մարմիններու ու ժողովուրդի սիրալիր ընդունելութեան։

Դիւան Առաջնորդարանի

22 Յունիս 2025 

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ ՈՒ

ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՄԲ

ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԷՆ ՆԵՐՍ

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Գահակալ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք, Կիրակի 22 Յունիս 2025-ի առաւօտուն, Սուրբ Էջմիածնի Տօնին, հիւրընկալութեամբ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպս. Տէրտէրեանի, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճաին մէջ  մատոյց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Մայր Տաճարի զանգերու բերկրալի ղօղանջներուն ներքոյ պատրիարքական շքեղ թափօրը առընթերակայութեամբ գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տէր Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, Մայր Տաճարի Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանի եւ  Օգնական Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանի եւ առաջնորդութեամբ հոգեւորականաց դասուն, սարկաւագաց ու դպրաց  ուղղուեցաւ  Մայր Տաճար կեդրենական Սուր Խորան։ Պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանին, համատեղութեամբ՝ Մայր Տաճարի «Խաչատուրեան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ․Գոզումեանին։  

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տէր Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի ներկայացուցիչ՝ Արհիապատիւ Տէր Բարսեղ Եպս. Պաղտասարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութեան Հովիւ՝ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Կլէնտըլի քաղաքապետ՝ Տիար Արա Նաճարեան, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տէր եւ Տիկին Տէրիք Ղուկասեան, Թեմի հոգեւորականաց դասէն ու Թեմական Խորհուրդէն անդամներ, այլ յարանուանութիւններէ ներկայացուցիչներ, Ծխական Խորհուրդի անդամներ, Մայր Տաճարի պատկառելի կնքահայրեր, Պատրիարք Հօր այցելութեան Արեւմտեան Թեմի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Տէր եւ Տիկին Սարօ Մարուքեան եւ յանձնախումբի միւս անդամներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը: 

Նախքան Տէրունական աղօթքը, Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Գերշ․ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեանի եւ Գերշ․ Տէր Մուշեղ Արք․ Մարտիրոսեանի կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք վասն անսասանութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի։ Ապա, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Պատրիարք Հօր։ Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ զաւակաց համար յատուկ կարեւորութիւն ունի Սուրբ Էջմիածնի Տօնը եւ թէ յիշարժան առիթը  Արեւտեան Թեմէն ներս առաւել եւս կ՛՚իմաստաւորուի Պատրիարք Հօր պատմական այցելութեամբ եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։ Բարձրաշնորհ Սրբազանը աւելցուց, որ շաբաթ մը տեւողութեան ընթացքին Պատրիարք Հայրը առիթը ունեցած էր թեմական տարբեր կառոյցներ այցելելու, Թեմի հոգեւորականաց դասին, ժողովականներուն ու ժողովուրդին հետ համախմբուելու եւ իր պատգամներն ու Պոլսոյ Պատրիարքութեան ու ժողովուրդի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու բոլորին։ Սրբազան Հայրը նշել տուաւ, որ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով իր գագաթնակէտին կը հասնէր պատմական այցելութիւնը, ապա  հրաւիրեց Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ Արեւմտեան Թեմէն ներս կազմուած հիւրընկալութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Սարօ Մարուքեանը, որ յանուն Արեւմտեան Թեմին Պատրիարք Հօր նուիրեց Մարուքեանի ձեռագործներէն եպիսկոպոսական լանջախաչ մը։ Առ այդ, Սրբազան Հայրը նաեւ փոքր լանջախաչ մըն նուիրեց Պատրիարք Հօր ընկերացող գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանին։

Նուիրաբաշխումէ ետք Պատրիարք Հայրը հետեւեալ բնաբանը ընտրելով իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն ․- «Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ, թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ. թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի» (Սղմ 137.1)։ Պատրիարք Հայրը Սաղմոսի իմաստը բացատրելէ ետք, զայն հետեւեալ նախադասութեամբ պատշաճեցուց եւ կապեց Սուրբ Էջմիածնի տօնին ու խորհուրդին հետ.- «Սուրբ Էջմիածին, եթէ քեզ մոռնամ, թող իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի»։ Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ հաւաքական կեանքին մէջ դարեր շարունակ եղած է միացնող զօրութիւն մը, որ եղած է նաեւ բարոյական զօրութիւն մը եւ Աստուծոյ մխիթարական շնորհները Հայ ժողովուրդին փոխանցող օրրանը։ Պատրիարք Սրբազանը աւելցուց, որ  Սուրբ Էջմիածինը եղած է Հայոց քրիստոնէացման այն կոթողը, որու հեթանոսական հիմերուն վրայ Աստուածային նախախնամութեամբ կառուցուած է Հայ ժողովուրդի յաւերժութիւնը խորհրդանշող, Հայոց փրկութեան ու միութեան խորհրդանիշ հանդիսացող Միածնաէջ Մայր Տաճարը։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիրաքը շեշտեց, որ Սուրբ Էջմիածինը  որպէս խորհուրդ  ու լուսաշող փարոս դէպի յոյս, առաւել կեանք ու անմահութիւն է առաջնորդած Հայ ժողովուրդը։

Ապա Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խնդիրներուն։ Ան օրինակով մը խօսեցաւ եւ յաջորդիւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը յատկապէս վերջին տարիներուն ապրեցաւ մեծ փորձութիւններ, որոնք սովորականէ դուրս ազդեցութիւններ ունեցան մեր ժողովուրդին վրայ։ Աւելի պարզ եթէ բացատրենք, այս բոլորը դարձան մշուշ մը, որուն մէջ կարելի չէ ճշգրիտ ձեւով զանազանել եղբայրն ու թշնամին։ Մշուշը այնպիսի բնոյթ մը ստացաւ, որ ո՛չ ոք կրնայ տեսնել իր շուրջը կանգնած եղբայրը, որ իր կարգին պատճառ կը դառնայ բախումներու գոյացման։ Մեր պատմական փորձառութիւնը մեզի հարցնել կ՚ուտայ հետեւեալը. «Միթէ կարելի՞ է որ Հայոց Եկեղեցին եւ Հայոց պետականութիւնը իրարու թշնամի ըլլան»։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ Սուրբ  Էջմիածնի Տօնին մշուշը վերանայ Հայոց երկնակամարէն եւ եղբայրներ կրկին անգամ միանան ի սէր հայ ժողովուրդին բարւօք եւ խաղաղ ապագային։

Պատրիարք Հայրը իր քարոզի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, որ շաբթուայ մը տեւողութեամբ ամէն փուլի իրեն ուղեկցած էր, եւ որու գլխաւորութեամբ ու Թեմական Խորհուրդի հրաւէրով ու կարգադիր յանձնախումբի ու շատերու  ներդրումով ամենայն բծախնդրութեամբ մշակուած եւ ի գործ դրուած էր օրհնաբեր այցելութեան ժամանակացոյցը։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ այցելութիւնները առիթ դարձած էին մօտէն իրազեկ եւ վկան դառնալու Արեմտեան Թեմէն ներս Սրբազան Հօր կատարած հսկայ գործունէութեան, Թեմի յարատեւ ծաղկումին, եկեղեցիներու ու դպրոցներու շինութեան, յարակից կառոյցներու հաստատման եւ ազգօգուտ նոր ծրագիրներու մշակման։ Այս առթիւ յաջողութիւն մաղթեց  Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին եւ իրեն նուիրեց ադամանդակուռ ձեռաց խաչ մը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Պոլսոյ Երանաշնոր Տ. Գարեգին Խաչատուրեան, Տ. Շնորհք Գալուստեան, Տ. Գարեգին Գազանճեան եւ Տ. Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքներու յաւիտենական հանգիստի, ինչպէս նաեւ նորոգ հանգուցեալ Պոլսահայ բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ Էսաեան Վարժարանի տնօրինուհիներէն Աննա Քավաֆեանի հոգիներու խաղաղութեան համար։

Եկեղեցական արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ, որմէ ետք ի պատիւ Նորին Ամենաբատութեան Առաջնորդարանի Գալայճեան սրահի մէջ տեղի ուենացաւ աշտօնական ընդունելութիւն, ուր մեծ թիւով հրաւիրեալ իրենց խորին երխտագիութիւնն ու քաջառողջութեան լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին  Կոստանդնուպոլսոոյ նուիրապետական Աթոռին Գահակալին, միաբանութեան ու բարեպաշտ ժողովուրդին։

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմ կատարած պատմական այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ, Կիրակի 22 Յունիս 2025-ին, յետ Սուրբ Պատարագի կազմակերպուած համայնքային ընդունելութեամբ։ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, Թեմական բոլոր կառոյցներն ու երեք հարիւր հրաիւրեալներ մեծարեցին Պատրիարք Հայրը եւ իրենց ջերմ զգացումները ու ակնածանքը յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Առաջորդարանի Նազարէթ-Սիմա Քալայճեան սրահին մէջ իրականացած հանդիսութեան գլխաւորեց Պատրիարք Հայրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեանը եւ հիւրընկալութեան յանձնախումբի Ատենապետ Տիար Սարօ Մարուքեանը յաջորդաբար ողջունեցին բոլոր ներկաները։ Հիւրերու շարքին էին Կիլիկեան միաբանութեան անդամներէն  Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպս. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արքեպս. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան հովիւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեան, Գերշ. Տ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան, բարերարներ, Խաչատուրեան եւ Շնորհալի երգչախումբերու անդամներ եւ հրաւիրեալներ։ Հանդիսավարն էր կարգադիր յանձնախումբի անդամներէն Այլին Քէօսէեան։ Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցան երաժշտական եւ պարային ներկայացումներ։

Յանուն Թեմական Խորհուրդին արտայայտուեցաւ Ատենապետ Տիար Տէրիք Ղուկասեան։ Ան յայտնեց, որ Պատրիարք Հօր այցելութիւնը անմոռանալի պիտի մնայ թեմական կեանքէն ներս, եւ թէ՝ պատմական անդրանիկ այցելութիւնը արդէն իսկ դրական ազդեցութիւն ունեցած է եւ առիթը հանդիսացած մօտէն ծանօթանալու Ն․Ա․Տէր Սահակ Պատրիարքին եւ լսելու անոր պատգամները։

Շնորհաւորական խօսք արտասանեց նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ յայտնեց, թէ շաբաթ մը տեւողութեան ընթացքին Արեւմտեան Թեմի զաւակները ըմբոշխնեցին Պատրիարք Հօր հոգեշունչ պատգամները եւ Քրիստոնէական բարոյականութեամբ լի ուսուցողական խօսքերը։ Հետեւաբար, այցելութիւնը որ իր աւարտին կը հասնի, թեմական կեանքէն ներս կը մնայ յիշարժան իրողութիւն մը։ Այլապէս Արեւմտեան Թեմը իր ամբողջ վարչական կազմով, հոգեւորականաց դասով եւ ողջ հաւատացեալ ժողովուրդով ցտեսութիւն կ՚ըսէ Պատրիարք Հօր, շնորհակալութիւն յայտնելով օրհնաբեր այցելութեան  համար։

Հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ այս պատմական այցելութեան իրականացման համար իրենց կարելին ի գործ դրած էին։ Այս այցելութիւնը առիթ եղած էր որ ինք մեծապէս ներշնչուի եւ իր տեսածներով առաւել եւս յոյսով լեցուի որպէս Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւորական։ Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց, որ Պոլսահայութիւնը ունի պապենական ժառանգ զոր կը փորձէ պահել ու զարգացնել։ Իսկ ԱՄՆ-ու մէջ, շատ մը կառոյցներ այստեղ սկիզբէն կը հիմնադրուին եւ այս մէկը ինքնին դժուարին գործընթաց մըն է։ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ տեսլական ունենալ, համախմբուիլ, նիւթական եւ մարդուժի զօրութիւնը միացնել պէտք է եւ ինչ որ տեսնուեցաւ շաբթուան մը ընթացքին, ԱՄՆ-ու Արեւմտեան Թեմի մէջ լաւագոյնս իրականացած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, որ իւրաքանչիւր առաջորդ իր տարբեր յատկութիւններով ներդրում բերած է եկեղեցական կեանքին, սակայն ներկային անուրանալի տեսողութիւն է Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոսի աշխատասիրութեամբ եւ փորձառութեամբ կատարուած մեծածաւալ գործերը։ Ան ներկաները հրաւիրեց, որ միշտ զօրաւիգ կանգնին Սրբազանին եւ իրենց ազգային եկեղեցական կեանքը մնայ փառքի վրայ։

Պատրիարք Հայրը այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնեց Թեմական Խորհուրդին, Ծխական Խորհուրդին, Կարգադիր Յանձնախումբին, Խաչատուրեան Երգչախումբին եւ Շնորհալի Երգչախումբին։ Իսկ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին յանձնեց պատմական նուէր մը՝ ԱՄՆ առաջին հոգեւորականի նշանակման կոնդակի օրինակը, որ հրապարակուած է 19րդ դարու վերջերը Երանաշնորհ Խորէն Պատրիարք Աշըքեանի կողմէ։ Այս մէկը նշանակալից դարձաւ, քանի տակաւին ԱՄՆ-ու թեմը չհիմնուած առաջին հոգեւորականը ուղարկուած է Պոլսոյ Պատրիարքութենէն, օրուան պատրիարքին օրհնութեամբ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած աղօթքով եւ բարի մաղթանքներով։


Դիւան Առաջնորդարանի

24 Յունիս 2025

Share