Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս Արեւմտեան Թեմ պիտի այցելէ յառաջիկայ հոկտեմբերին

Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս Արեւմտեան Թեմ պիտի այցելէ յառաջիկայ հոկտեմբերին

Ուրբաթ, 20 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն վերադարձին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, առ ի գիտութիւն իր հօտին, Ազգ. Առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժնի պատասխանատուներուն հետ ունեցաւ կարճատեւ հանդիպում, որուն ընթացքին տեղեկացուց, որ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս անցնող օրերուն տեղի ունեցած աշխատանքային ժողովներու աւարտին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազնագոյն Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հետ ունեցած է յատուկ հանդիպում, որուն ընթացքին միատեղ քննարկած՝ Արեւմտեան Թեմին կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ՝ Վեհափառ Հայրապետի շրջան այցելութեան առնչուող ծրագրային մանրամասնութիւններ:  

Հանդիպման ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոս լուսարձակի տակ առնելով Արեւմտեան Թեմի ժրաջանութիւնը՝ կարեւորութեամբ շեշտած է, որ Թեմը իր գործունէութեամբ ընդգծելի դեր ունեցած է եւ ունի՛ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան համակարգէն ներս եւ այս իմաստով գնահատանքի արժանացուցած է շրջանի մարդկային ներուժի աշխոյժ մասնակցութիւնը Գալիֆորնիոյ նահանգի հայ գաղութային կեանքի հոգեւոր եւ ազգային գործունէութեան:

Հանդիպման աւարտին, Արամ Ա. իր հայրապետական ողջոյններն ու օրհնութիւնները յղած է Թեմի բոլոր զաւակներուն՝ մաղթելով ուժ եւ կորով իրենց աշխատանքներուն եւ ընտանեկան, ազգային ու եկեղեցաշէն կեանքի մէջ, յանուն Թեմի առաւել հզօրացման եւ բարգաւաճման:

Յիշեցնենք, որ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս Արեւմտեան Թեմ պիտի այցելէ ընթացիկ տարուան յառաջիկայ Հոկտեմբերին: Ծրագրի մանրամասնութեանց կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ: 

Ազգային Առաջնորդարանի Տեղեկատու

Share