Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ. 35 նորագիր Հ. Յ. Դ. շարքերուն

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ. 35 նորագիր Հ. Յ. Դ. շարքերուն

Ընկեր Հրայր Շէրիքեան

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան աւանդած վեհութեամբ, Մայիս 28-ի անմոռանալի թուականով, Դաշնակցական կամաւորներու եւ ֆետայիներու անզիջողական զոհողութիւններով, Մանուկեաններու եւ Վրացեաններու շունչով, Գարեգին Նժդեհի ազգայնութեամբ ու ապա Հ.Ե.Դ.-ի նոր սերունդներով ու այսօրուան անդամներով, եւ Սասունէն ծլարձակուած արմատներով կնքահայրութեամբ, Արեւմտեան Ամերիկայի Օրէնճ Քաունթիի մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ.Դ. շարքերու մուտքի 2025-ի երդման արարողութիւնը:

            Հայոց պատմութեան մէջ 1918 Մայիս 28-ը եղաւ եւ կը շարունակէ մնալ մեր պետականութեան հիմքը եւ անով կը սնանի Հայ ժողովուրդը:

Հ. Յ. Դ. շարքերուն միացող եւ երդում տուող 35 նորագիրները Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով եկան համոզումով միանալու 135-ամեայ քաղաքական կուսակցութեան, եւ անոր գաղափարական յստակ ուղղութեամբ ու զինեալ պայքարի հաւատացող պատմութեամբ,  ուխտեցին ծառայել Հայաստանին ու Հայութեան դատին, դաշնակցականօրէն եւ Դաշնակցութեան միջոցաւ:

Ընկեր Սթիվ Տէտէեան, նորագիրներու յանձնախումբին անունով իր խօսքին մէջ, ընդգծեց, որ 12 շաբաթներու ընթացքին, նորագիրները ստացած են Դաշնակցութեան մասին հիմնական ծանօթութիւններ: Ապա յիշեցուց. «Նայելով Դաշնակցութեան պատմութեան, Դաշնակցութիւնը չ’ապրիր միայն անցեալով ու անցեալի մէջ: Մենք ապագայի հեռանկարով գործող կազմակերպութիւն ենք: Մենք այժմէական կազմակերպութիւն ենք, մեր պայքարը ժամանակակից է՝ փրկելու եւ պահպանելու մեր Հայրենիքը: Դաշնակցութիւնը միշտ նոր սերունդներ ներգրաւած է իր շարքերուն մէջ, որովհետեւ նորերը ո՛չ միայն յոյս կը ներշնչեն, այլ նաեւ երանդ կը բերեն այս վհատած աշխարհին…»:  Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Հայ գաղութը կազմակերպչական, բարոյական եւ մասնաւորապէս նիւթական  մասնակցութիւնը բերած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործին, անոր ստեղծումէն անմիջապէս ետք,  անոր ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն իրականացման ճամբով, ըլլան անոնք մայր հայրենիքէն ներս կամ այլուր»: Աւարտին, ան բարի գալուստ մաղթեց նոր ընկերներուն մաղթելով «բեղուն կեանք մը ազգային ծառայութեան մէջ»:

Ապա խօսք առաւ յանձնախումբին ատենապետը՝ ընկեր Յովիկ Սալիպա, ներկայացնելով օրուան կնքահայրը՝ ընկեր Դաւիթ Երէցեանը:

Ընկեր Դաւիթ Երէցեան հպարտ թոռն է Սասնոյ Բսանայ գաւառի ուսուցիչ, ռազմիկ, դաշնակցական գործիչ Դաւիթ Երէցեանի, որ 1915-ին Բսանայ գաւառի պաշտպանութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելով, պատճառ եղած է 15 հազար հայերու փրկութեան, զանոնք ուղղելով դէպի Տալւորիկ:

Ընկեր Դաւիթ իր մեծ հօր անուան արժանի անձնաւորութիւն է: Ծնած է Սասնոյ  Շատերք գիւղը, 1940 թուականին: 1945-ին, իր մօր մահէն ետք, հօրը հետ հաստատուած է Սուրիոյ Գամիշլի շրջանը: 1968-ին, ամուսնանալէ ետք, անցած է Լիբանան, իսկ 1985-ին ընտանեօք փոխադրուած է Արեւմտեան Ամերիկա, Քալիֆորնիա:

1973-ին, Լիբանան մէջ միացած է Հ. Յ. Դ. շարքերուն, կնքահայրութեամբ ֆետայապետ ու ազգային գործիչ ընկեր Կարօ Սասունիի: Ընկեր Երէցեան, 52 տարիներու կուսակցական գործունէութեան ընթացքին, իր ազնիւ, անձնուէր, խոհեմ, հայրենասէր ու անշահախնդիր բնաւորութեամբ եղած է իսկական բարոյական տիպար մը: Աւելին, ան տուած է ո՛չ միայն իր կուսակցութեան, այլ նաեւ իր համայնքին, առանց ոեւէ ակնկալութեան: 

Ընկեր Դաւիթ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Լոս Անճելըսի ու մասնաւորաբար Հոլիվուտ շրջանի հայութեան կազմակերպական աշխատանքներուն: Ան վերջին տարիներուն քանի մը անգամ այցելած է Սասուն, գտած է իր ծննդավայրը եւ իր պապենական տունը:

Ընկեր Դաւիթ Երէցեան առաջնորդեց երդման արարողութիւնը եւ նորագիրները հրաւիրեց, երդման բանաձեւին հետւողութեամբ՝ «միշտ հաւատարիմ մնալու Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ծրագրին, Կանոնագրին ու որոշումներուն, եւ բոլոր ուժերով — իսկ եթէ հարկ ըլլայ՝ նաեւ կեանքի գնով — ծառայել Հայաստանի եւ Հայութեան Ազատագրութեան դատին»: Ընկերը իր շնորհաւորանքի խօսքը փոխանցեց երդուեալներուն՝ ըսելով. «Միշտ կանաչ ճամբայ թող ըլլայ ձեր առջեւ, հաւատարիմ մնաք ձեր ազգին»:

Երդման արարողութեան աւարտին, եւ ըստ Դաշնակցութեան աւանդութիւններուն, կատարուեցաւ դրուեալներու սերունդին անուանակոչումը: Հանդիսավարը՝ ընկեր Հրայր Շէրիքեանը յայտարարեց, որ երդուեալներու խումբը պիտի կոչուի  «Արցախի սերունդ»: Ապա հրաւիրեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի «Կարս» շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Կարօ Մատենլեանը, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը:

Ընկեր Կարօն նորագիր ընկերներուն շեշտեց ծառայութեան ու զոհաբերութեան կարեւորութիւնը, շնորհաւորեց Դաշնակցութեան շարքերուն միացող խումբը եւ վեր առաւ անոր անուանակոչման իմաստը, մաղթեց յաջողութիւն իրենց ազգօգուտ եւ հայրենանուէր գործին մէջ:

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ ընկեր Տարօն Տէր Խաչատուրեան փոխանցեց իր պատգամը: Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ «Դաշնակցական ըլլալ՝ կը նշանակէ ամէն օր ապրիլ ու ծառայել Հայ ժողովուրդի արդար իղձերու իրականացման համար: Կը նշանակէ կիրարկել եւ տարածել դաշնակցական գործն ու խօսքը հանրութեան մէջ:  Դաշնակցական մարդ ըլլալը կ’ենթադրէ՝ ձեր նուիրումին մէջ ըլլալ անսահման, կամքին մէջ աննկուն, ըլլալ անխոնջ ձեր աշխատանքին մէջ, եւ ձեր գործունէութեան մէջ պարկեշտ, ընկերասիրութեան մէջ օրինակելի»: (Խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել այս համարին մէջ):

Արարողութեան աւարտին, 35 երդուեալները, միանալով աւելի քան 150 շարքային ընկերներուն, որոնք ներկայ էին,  «Մշակ Բանուոր» քայլերգով փակեցին երեկոն:

Share