Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀՄԸՄ) մուտք գործեց Արցախի Հանրապետութիւն՝ նպաստելով ազգային ու երիտասարդական արժէքների տարածմանն ու ամրապնդման։ Ժամանակի ընթացքին միութեան աշխատանքները կարճ ժամանակով դադարեցան, սակայն 2019 թուականին պաշտօնական ՀՄԸՄ-ն նոր թափով վերադարձրեց իր ներկայութիւնը՝ Արցախում։
Նոր իրողութիւնների պայմաններուն մէջ՝ ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի Վարչութիւնը վերսկսած է իր գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ նպատակ ունենալով համախմբել Հայաստանի տարբեր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ բնակող արցախցի պատանիներն ու երիտասարդները։ Կազմակերպութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկն է ձեւաւորել միասնական գաղափարական հիմք՝ հիմնուած հայրենաճանաչութեան, պայքարի ոգւոյ պահպանման, արցախեան բարբառի եւ մշակոյթի առանձնայատկութիւններու փոխանցման վրայ։ Այս ամենին առանցքին կը շարունակէ մնալ կարեւորագոյն նպատակը՝ վերադարձը Արցախ։
Վերջերս ՀՄԸՄ Արցախը մեծ առաջդիմութիւն գրանցեց՝ պաշտօնապէս գրանցուելով իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն՝ Հայաստանի մէջ։ Այս քայլը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ կառոյցի զարգացման եւ գործունէութեան ընդլայնման համար։
Գրանցման շնորհիւ, արդէն իբրեւ Արցախի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն ՀԿ-ն կրնայ աւելի հաստատուն հիմքով գործել Հայաստանի մէջ, ընդլայնել իր ծրագիրներն ու համագործակցութիւնները՝ յատկապէս ՀՄԸՄ Հայաստանի Կեդրոնական Վարչութեան (ՀԱՍԿ) հետ։
ՀՄԸՄ Արցախի Վարչութեան աշխատանքային ծրագրին առաջնահերթութիւնն է տեղահանուած արցախցի պատանիներու հետ աշխատիլը, ինչպէս նաեւ պատրաստել աշխատասէր, արի, ազգասէր եւ հայրենասէր, օրէնապահ սերունդ։
ՀՄԸՄ Արցախի Վարչութիւն